Բարեկենդան Ս. Աստուածածնի (Մրկ. 2, 13 – 17 ) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ եւ համաձայն մեր Հայկական Տօնացոյցին, այսօր Եկեղեցին կը նշէ Բարեկենդան Ս. Աստուածածնի եւ կամ պատրաստութիւն՝ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին։
Այստեղ հարց տալով պիտի ըսէք. «լաւ վարդապետ, այս պատրաստութեան իւրայատուկ շաբաթը եւ որպէս մէկական քրիստոնեայ հաւատացեալներ , մեզմէ ի՞նչ խնդրուած է»։
Առնենք մր այսօրուան Աւետարանի հատուածին առաջին բաժինը, եւ տեսնենք թէ մեր Երկնաւոր Հայրը ինչ նամակ ունի մեզի փոխանցելիք։
Աւետարանի հատուածը կ՛ըսէ. «Յիսուս կրկին Գալիլեայի լիճին եզերքը գնաց։ Ամբողջ ժողովուրդը Իրեն կու գար եւ Ինք անոնց կ՛ուսուցանէր։ Մինչ կ՛երթար, տեսաւ Ալփէօսի որդին՝ Ղեւին, որ մաքս գանձելու նստած էր, եւ ըսաւ անոր. ՀԵՏԵՒԷ ԻՆԾԻ. Ղեւի ելաւ եւ Անոր հետեւեցաւ։ Ապա Յիսուս ճաշի նստաւ անոր տան մէջ, ուր շատ մը մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ ալ կային, որոնք Յիսուսի եւ Իր աշակերտներուն հետ բազմած էին, որովհետեւ շատեր անոր կը հետեւէին» (Մրկ. 2, 13 – 15)։
ի՞նչ կրնանք հասկնալ սիրելիներ այս հատուածէն.
1. Մենք բոլորս եւ որպէս մէկական մարդ արարածներ, միշտ կը փորձուինք դառնալ մէկական հետեւորդներ՝ շատ մը բաներու եւ կամ անձերու. բայց Քրիստոս այսօր մեզմէ կը պահանջէ հետեւիլ միայն ու միայն Աստուծոյ։
2. Ինչո՞ւ. որովհետեւ երբ կը հետեւիմ Քրիստոսի՝ կը դառնամ Անոր ոչ թէ միայն հետեւորդ, այլ նաեւ առաքեալ…այսինքն աշակերտ՝ ՃՇՄԱՐԻՏԻՆ եւ ՃՇՄԱՐԻՏ ԽՕՍՔԻՆ։
3. Այսօր Յիսուս ինծի կ՛ըսէ. ՀԵՏԵՒԷ ԻՆԾԻ։ Այսօր սիրելիներ, բոլորս կանչուած ենք հետեւելու Քրիստոսի (ոչ նիւթականին եւ ոչ ալ այն բոլոր բաներուն՝ որոնք մեզ կը խլեն Քրիստոսէ...ոչ եւ բնաւ երբեք)։
4. Երբ կ՛ըսեմ «հետեւիլ», չի նշանակեր հետեւիլ միայն ու միայն լեզուով՝ այլ գործով, ինչպէս որ ըրաւ Ղեւի երբ ամէն ինչ ձգելով՝ հետեւեցաւ Քրիստոսի։
Ահաւասիկ սիրելիներ թէ այսօր մեզմէ ինչ խնդրուած է. հետեւիլ միայն ու միայն Քրիստոսի, ոչ թէ միայն խօսքով եւ կամ լեզուով՝ այլ նաեւ գործով, որովհետեւ յիշենք թէ Հաւատքը հաւատք չէ եթէ անոր չէ ընկերացած գործը. Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ