«Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ահաւասիկ սիրելիներ, այսօր կը հասնինք Վերափոխման տօնին Ը- րդ օրը։ Անցեալ Կիրակի օր բոլորս միասին եւ մեծ ջերմեռանդութեամբ նշեցինք Աստուածամօր Վերափոխման տօնը՝ որ է տարուան մէջ գտնուող հինգ Տաղաւարներէն մին, իսկ այսօր տակաւին կը գտնուինք նոյն ծիսական ժամանակաշրջանին մէջ որ է՝ աղօթել եւ հաստատ կապ հաստատել մեր երկնաւոր Մօր հետ։
Այստեղ սիրելիներ հարց տալով պիտի ըսէք. «վարդապետ, ինչպէ՞ս կրնանք այս շրջանին լաւ կապ հաստատել մեր երկնաւոր Մօր հետ»։
Մեկնելով մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածէն, կարող ենք քաղել երեք կարեւոր նախադասութիւններ որոնք մեզ օգտակար պիտի դառնան մօտենալու մեր Երկնաւոր Մօր։
• «Ուրախացիր, շնորհալի կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է» (Ղուկ. 1, 28)։
Հակառակ մեր բոլոր դժուարութիւններուն, նեղութիւններուն եւ երբեմն անհանդուրժելի վիճակին, մեզմէ խնդրուած է ըլլալ ուրախ՝ նման Աստուածամօր։ Այստեղ պիտի ըսէք. «վարդապետ, ինչպէ՞ ս…դժուար է»։ Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, Աստուած մեզի ստեղծեց որպէսզի մեզ տեսնէ միշտ ուրախ, եւ բնաւ երբեք դժուար չէ ուրախ ըլլալ՝ որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է…Աստուած մեզի հետ է…Աստուած մեզի հետ է։
• «Մի վախնար Մարիամ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար» (Ղուկ. 1, 30)։
Ոչ թէ միայն մեզմէ խնդրուած է ուրախ ըլլալ, այլ նաեւ ըլլալ անվախ։ Սիրելիներ, չարին բոլոր մղած պայքարին նպատակը մեր հանդէպ հետեւեալն է. մարդուս վախի մատնել (վախնալ մեր անցեալէն, մեր ներկայէն եւ մեր ապագայէն), սակայն ցորքան որ կը գտնուինք Աստուծոյ շնորհքին եւ հովանիին տակ, մեզմէ խնդրուած է ըլլալ անվախ եւ միշտ վստահող՝ Աստուծոյ Խօսքին եւ Գործին։
• «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղուկ. 1, 38)։
Երբ ունիմ իմ մէջս Քրիստոսը, շատ բնական է որ իմ ուրախութիւնս անպակաս պիտի ըլլայ։ Ոչ թէ միայն ուրախութիւնս, այլ նաեւ Աստուծոյ շնորհքով՝ լեցուն պիտի ըլլամ քաջութեամբ...բայց այս բոլորը բաւարար չեն եթէ անձս չեմ յանձնած Քրիստոսի։
Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, այս աշխարհի մէջ ամէն ինչ ժամանակաւոր է եթէ արմատներս չեն միացած Երկնքի, ՝քրիստոսի...կ՛ուզե՞մ ուրախ եւ քաջ ըլլալ. ես ալ Աստուածամօր նման ըսեմ. Ես Աստուծոյ աղախինը/ծառան եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ ինծի. Ամէն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ