Որոնել

2024.08.23 Ordinazione Sacerdotale Padre Haig Chahinian Chiesa Armena Cattolica di Toronto

Քահանայական ձեռնադրութիւն Տէր Հայկ Սարկաւագ Շահինեանի

Կիրակի, 18 Օգոստոս, 2024-ի, յընթացս Աստուածածնայ Վերափոխման Տաղաւար Տօնի Ս. եւ Անմահ Պատարագի՝ Տէր Հայկ Սրկ. Շահինեանի Քահանայական Ձեռնադրութեամբ, գրուեցաւ եւս մի էջ Հայ Եկեղեցիին եւ համայն Թորոնթոհայութեան պատմագրութեան մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 18 Օգոստոս, 2024-ի, յընթացս Աստուածածնայ Վերափոխման Տաղաւար Տօնի Ս. եւ Անմահ Պատարագի՝ Թորոնթոյի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին ապրեցաւ ուրախալի պահ մը որուն առիթով Քահանայական ձեռնադրութեան արժանի դարձաւ Տէր Հայկ Սրկ. Շահինեան։

Թորոնթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան՝ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ.Վ. Քիրէջեանի հովուական ջանքերով, աւելի քան 50 տարի առաջ։

Այն հասարակութիւնը որ ժամանակին կը պարունակէր շուրջ 10 ընտանիք 1970 տասնեակին, ծաղկեցաւ եւ կը շարունակուի ամէն տարի բազմանալու։

1993-ին ձեռամբ՝ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Կաթողիկոս Պատրիարքի, նորակառոյց եկեղեցին օծուեցաւ, եւ Թորոնթոյի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունեցաւ իր սեփական ապաւէնը, յանուն Լուսաւորչի Հայաստանեայց աշխարհի, ի փառս Աստուծոյ։

Շաբաթ 17 Օգոստոս 2024ին, թիւ Ս. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Քահանայական Ձեռնադրութեան անդրանիկ «Կոչման Կարգի» բաժինը, ուր խարտաւիլակ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ.Վ. Քիրէջեանը ներկայացուց քահանայութեան թեկնածուն։ Յետ Գերապայծառ Տիրոջ փակման աղօթքը, Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմի փոխ-առաջնորդ եւ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութեան Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Զարէհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան իր, եւ իր հետ ընկերակցող Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութեան Հայց. Առաքելական Օգնական Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Հայարի Քահանայ Թանաշեան անունով՝ սրտի խօսքն, օրհնանքն ու կանխաւ շնորհաւորանքը փոխանցեց Առաջնորդ Եպիսկոպոսին, Ներկայ թեմական կղերին, եւ ձեռնադրեալին։

Քահանայական ձեռնադրութիւն Տէր Հայկ Սարկաւագ Շահինեանի
Քահանայական ձեռնադրութիւն Տէր Հայկ Սարկաւագ Շահինեանի

Երկրորդ օրը Կիրակի, 18 Օգոստոս, 2024-ի, յընթացս Աստուածածնայ Վերափոխման Տաղաւար Տօնի Ս. եւ Անմահ Պատարագի՝ Տէր Հայկ Սրկ. Շահինեանի Քահանայական Ձեռնադրութեամբ, գրուեցաւ եւս մի էջ Հայ Եկեղեցիին եւ համայն Թորոնթոհայութեան պատմագրութեան մէջ։

Սրբարար արարողութիւնները կատարուեցան ձեռամբ՝ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի, Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի «Տիրամայր Նարեկի» Կաթողիկէ Հայոց թեմին, խարտաւիլակութեամբ՝ Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ.Վ. Քիրէջեանի, առընթերակայութեամբ՝ Լոս Անճելեսի Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյարգելի Հայր Արմենակ Ծ.Վ. Պետրոսեանի, եւ Նիւ Ճերսիի Սիրտ Սուրբ Յիսուսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ՝ Արժանապատիւ Տէր Ռիջարտ Քհն. Շաքիլլի։

Սուրբ Զոհը ընթացք առաւ «Հրաշափառ» թափօրով, ուր հոգեւոր դասը ուղղուեցաւ քահանայատունէն դէպի եկեղեցւոյ մայր մուտք, ի Ս. Խորան։

Ս. Գրոց ընթերցումներէն առաջ, խարտաւիլակ Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետը իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց ներկայ պատուական հիւրերուն եւ հոծ բազմութեամբ համախմբուած հաւատացեալներուն։ Ապա, ձեռնադրեալին խորան բարձրացնելով ձեռնադրութեան կարգին առաջին բաժինը կատարուեցաւ, ուր Սուրբ Սեղանի կղերը միասնաբար իրենց աջը թեկնածուին ուսի վրայ դնելով «Աստուածային եւ Երկնաւոր Շնորհ» շարականով զինք քահանայութեան կարգին կոչեցին, որմէ ետք Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոսպը Հայկ Սարկաւագին քահանայ ձեռնադրեց։

Քահանայական ձեռնադրութիւն Տէր Հայկ Սարկաւագ Շահինեանի
Քահանայական ձեռնադրութիւն Տէր Հայկ Սարկաւագ Շահինեանի

Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ Պատարագիչ Եպիսկոսպոսի ձեռաց լուացում։ Ապա, տեղի ունեցաւ զգեստաւորում, օծում, եւ Ս. Խորհուրդներու մատակարարելու իշխանութեան տուչութիւն։ Այդ պահուն, Հայկ Քահանայի կողակից՝ Մարինէ Շահինեան, ծնողներ Տէր եւ Տիկին Կիրակոս եւ Մարիամ, քոյրն ու եղբայրները իրենց կողակիցերով խորան ընծայեցին քահանայական զգեստն ու բոլոր սարքերը։ Ետքը, Սրբալոյս Միւռոնը խնկարկութեամբ թափորով խորան բերաւ առընթերակայ Արմենակ Ծայրագոյն Վարդապետը, որուն հետ Գերապայծառ Առաջնորդը օրհնեց հաւատացեալներուն, իսկ օծեց եւ սրբեց Տէր Հայկ Քահանայի աջն ու ճակատը։ Նորօծ քահանան իր անդրանիկ օրհնութիւնը բաշխելէն ետք, խորան բարձրացաւ Եպիսկոպոսին եւ ներկայ կղերի հետ Ս. Զոհը մատուցանելու։

Օրուայ իր պատգամին մէջ, Գերապայծառ Միքայէլ Եպիսկոպոսը շնորհաւորեց Հայկ Քահանային ու Երէցկին Մարինէին, իր ծնողներուն ու ընտանեկան բոլոր պարագաներուն, համայն Թորոնթոյի Հայ հասարակութեան, այս պատմական եւ հրաշափառ օրուայ ի փառս Աստուծոյ եւ պայծառացման Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Յատկապէս, շնորհաւորեց Գերյարգելի Հայր Եղիա Ծ.Վ. Քիրէջեանին ըսելով, «իր տարիներ շարունակ բարի հովիւի վարքով ու օրինակով՝ Քրիստոսի սէրը սերմանելով, այսօր հասաւ օրը մշակելու եւ քաղելու այն պտուղն ու հոգեւոր հունձքը»։

Քահանայական ձեռնադրութիւն Տէր Հայկ Սարկաւագ Շահինեանի
Քահանայական ձեռնադրութիւն Տէր Հայկ Սարկաւագ Շահինեանի

Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց նորօծ քահանային բեղուն առաքելութիւն ի սպաս Ամենակալ Աստուծոյ, հիմնուած աստուածային սիրոյ վրայ, շեշտելով երջանկութիւն, զօրութիւն եւ իմաստութիւն գտնելու անխախտ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի մէջ, որ մնայ հաւատարիմ Սուրբ Պետրոս Առաքեալի Կաթողիկեաց Առաջին Նամակի իր ընտրած քահանայական բնաբանին «Պատրաստ եղէք պատասխանելու անոր՝ որ պատճառը կը խնդրէ ձեր մէջ եղող յոյսին»։ (3։15)

Յետ Սուրբ Հաղորդութեան, մեկնուած Յովհաննու 20։22 համարէն, Արհիապատիւ Եպիսկոսպը փչելով նորօծ քահանային ճակատի վրայ հռչակեց «Առ Սուրբ Հոգին։ Որոնց մեղքերը արձակես՝ արձակուած ըլլան» տալով ձեռնադրուած քահանային իշխանութիւնը աստուածային շնորհիւ քաւելու եւ թողելու հաւատացեալներու մեղքերը։ Ձեռնադրութեան կարգէն ետք, յառիթ տօնս Վերափոխման Սրբոյ Կուսի Մարիամու, Գերապայծառ Միքայէլ Եպիսկոպոսը օրհնեալ ջուրով եւ խունկով Հայ Եկեղեցւոյ աւանդական Խաղողօրհնէքը կատարեց։

Սրբարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան՝ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Ծ.Վ. Թաշճեան եւ իր ընկերակցող սարկաւագները, Նիւ Եօրքի Լատին Կաթողիկէ թեմական Վարդապետ Գերյարգելի Թոմաս Քրէն, Միսիսոկայի Ս. Վարդան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ՝ Պատուելի Արա Պալըքճեան, Թորոնթոյի եւ Գանատայի զանազան հայկական կազմակերպութիւններ՝ Հայ Եկեղեցիներու Միջ Յարանուանական Մարմին, Հայաստան Համահայկական Հիմնարկ, Հայ Օգնութեան Միութեան «Ռուբինա» Մասնաճիւղ, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Նոր Հայ Հորիզոն, Թորոնոթոյհայ Թերթ, եւ Գանատայի զանազան քաղաքներէ ժամանած Հայ Կաթողիկէ, Հայ Առաքելական, եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հաւատացեալներ։

Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները մօտեցան նորօծ քահանային իրենց օրհնութիւնը ստանալու, ապա ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ «Քէօրողլեան» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ տօնակատարական հիւրասիրութիւն։

Տէր Հայկ Սրկ. Շահինեան։
Տէր Հայկ Սրկ. Շահինեան։

Հայկ Քահանայ Շահինեանը ծնած է 23 Յունուար 1995-ին, Թորոնթօ, Գանատա։ Ան բարեպաշտ ընտանիքի անդրանիկ զաւակն է՝ Կիրակոս եւ Մարիամ Շահինեանի։ Ունի մէկ քոյր՝ Գարուն, եւ երկու եղբայր՝ Գաբրիէլ եւ Ռաֆայէլ։

Նախական կրթութիւնը ստացած է Տիրամայր Խաղաղութեան (Our Lady of Peace) Ֆրանսախօս Լատին Կաթողիկէ կրթարան, իսկ երկրորդական ուսմունքը՝ Պասիլեան Վարդապետներու Միաբանութեան Թորոնթոյի Սուրբ Միքայէլ վարժարանին մէջ։

2018-ի Յունիսին, Թորոնթոյի «Trinity College» Համալսարանէն ներս կ՚աւարտէ Միջազգային Յարաբերութեանց, Տնտեսագիտութեանց եւ Ֆրանսերէն Լեզուի մասնաճիւղերը։

2018-ի Օգոստոսին, կը մեկնի Հռոմ Քայանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարան, ուր հինգ տարիներ շարունակ կը յաճախէ Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան Համալսարանը գերազանց աւարտելով իմաստասիրութեան եւ աստուածաբանութեան մասնագիտութիւնը, իտալերէն լեզուով։

2023-ի Յունիսին, կը ներկայացնէ իր աւարտաճառը «Սուրբ Ճօն Հենրի Նիումանի Օգսֆորտ Համալսարնի Քարոզներու Հիմնական Աստուածաբանութիւնը, Յայտնուած Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի Հաւատով Խոստովանիմի մէջ»։

2023-ի Սեպտեմբերին, կը վերադառնայ Թորոնթօ եւ ամուսնութեան Սուրբ Պսակի խորհուրդին կ՚արժանանայ իր կողակից՝ Մարինէ (աւազան Գրիգորեան)-ի հետ։

2023-ի Սեպտեմբերին, Յիսուսեան Միաբանութեան Թորոնթոյի «Regis College» համալսարան մէկ տարի կը յաճախէ, գերազանց աւարտելով հոգեւորաբանութեան եւ հոգեբանութեան մագիստրոս մասնագիտութիւնը։

2023-ի Նոյեմբերի, Կիսասարկաւագութեան կղերիկոսական աստիճանը կը ստանայ, ձեռամբ՝ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի, Թորոնոթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

2024-ի Յունիսին, կը ձեռնադրուի Սարկաւագ, ձեռամբ՝ Արհիապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանի, Կլենտէյլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Մայր Տաճարին մէջ։

Ձեռնադրեալին խարտաւիլակն է Թորոնոթոյի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Քիրէջեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2024, 07:55