Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Notturno n. 2 in Mi bemolle Maggiore
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.05.03 Visita del Patriarca Minassian al leader del partito Forze Libanesi

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ Լիբանանեան բանակին տօնը

«Զինուորական ծառայութիւնը մեծագոյն պատիւն է ամէն քաղաքացիի համար: Բանակին անսահման զոհողութիւններն ու մնայուն ջանքերը ցոյց կու տան անոր բացարձակ եւ հզօր հաւատարմութիւնը: Ձեր ամուր կեցուածքով ու երիտասարդ բազուկներով կը պաշտպանէք հայրենիքին արժանապատուութիւնն եւ ազատութիւնը»:
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Լիբանանեան Բանակին տօնին առիթով: Նամակին մէջ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անունով, կը փոխանցէ իր ջերմ շնորհաւորութիւններն ու մեծ յարգանքը բանակին հրամանատարութեան ու բոլոր անդամներուն՝ բարձր գնահատելով անոնց հերոսական դերակատարութիւնը ի նպաստ Լիբանան հայրենիքին պաշտպանութեան: Ան կը յայտնէ, թէ այս նշանակալից տօնը ազգային իսկական ոգիին եւ անսահման զոհաբերութեան ողջ մարմնացումն է:

Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը կ'աւելցնէ.«Զինուորական ծառայութիւնը մեծագոյն պատիւն է ամէն քաղաքացիի համար: Բանակին անսահման զոհողութիւններն ու մնայուն ջանքերը ցոյց կու տան անոր բացարձակ եւ հզօր հաւատարմութիւնը: Ձեր ամուր կեցուածքով ու երիտասարդ բազուկներով կը պաշտպանէք հայրենիքին արժանապատուութիւնն եւ ազատութիւնը»:

Հոգեւոր Տէրը կը շեշտէ, որ ազգային բանակը միայն զինուորական ոյժ մը չի ներկայացներ, այլ նաեւ ազգային միասնականութեան ու հաստատակամութեան անխախտ խորհրդանիշն է, ինչպէս նաեւ անոր տարած զոհողութիւնները՝ հպարտութիւն ու պարծանք են բոլոր քաղաքացիներուն համար:

Նամակի աւարտին՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, որ պահէ ու պահպանէ բանակը եւ զայն միշտ ուղղէ ի սպաս հայրենիքին ծառայութեան ու պաշտպանութեան:

 

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/08/2024, 07:26
Prev
February 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728 
Next
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031