Որոնել

Երուսաղեմի Լացինաց Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա Երուսաղեմի Լացինաց Պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա  (ANSA)

Կարդինալ Փիցապալլա. Մեզի կը մնայ միայն աղօթել, այսքան ատելութեան դիմաց խաղաղութեան խօսքեր պէտք են

Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը Աստուածամօր վերափոխման տօնին ուղերձին մէջ կը խօսի Միջին արեւելքի պատերազմի մասին, որ կը շարունակէ անհանգստութիւն եւ տառապանք պատճառել. «Ատելութիւնը, վրդովմունքը եւ արհամարհանքը միայն կ՝աճեցնեն բռնութիւնը եւ կը հեռացնեն լուծումներ գտնելու հնարաւորութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ատելութիւնը, վրդովմունք եւ արհամարհանքը միայն կ՝աճեցնեն բռնութիւնը եւ կը հեռացնեն լուծումներ գտնելու հնարաւորութիւնը։ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը, Աստուածամօր Վերափոխման տօնին կապակցութեամբ Սուրբ Երկրի քրիստոնեաներուն ուղերձ կը յղէ որուն մէջ ցաւ կը յայտնէ «սարսափելի պատերազմին» համար, որ չնայած անցած երկար ամիսներուն պատերազմը, բռնութիւնները տակաւին կը շարունակուին ու անփոփոխ կը մնան։

Ուղերձին մէջ կարդինալը կը նշէ, թէ բազմաթիւ օրեր անցան այդ ահռելի պատերազմէն ու կացութիւնը տակաւին անփոփոխ է եւ կը թուի թէ բռնութիւնները, հակամարտութիւնը շարունակաբար կը սնուին ատելութեամբ, վրդովմունքով, արհամարհանքով ու կը հեռացնեն լուծումներ գտնելու հնարաւորութիւնը։

«Միշտ շատ դժուար է պատկերացնել այս պատերազմի աւարտը, որուն հետեւանքը շատ բարձր է անձերուն, ժողովուրդներուն վրայ ու միշտ ցաւալի է», գրեց Երուսաղեմի պատրիարքը աւելցնելով որ «միշտ շատ դժուար է գտնել անձեր եւ հաստատութիւններ, որոնց հետ կարելի է երկխօսել խաղաղ ապագայի մասին։

«Մենք կարծես թէ ջախջախուած ենք բռնութեամբ լեցուն ներկայէն, ինչպէս նաեւ զայրոյթէն։ Այս օրերը կարծես թէ կարեւոր են, որպէսզի կարենանք յեղաշրջել հակամարտութիւնը, յատուկէն 15 օգոստոսը, որ մեզի համար Աստուածամօր վերափոխման հանդիսաւոր օրն է», նշեց Սուրբ Երկրի Պատրիարքը։

Կարդինալ Փիցապալլա ուղերձին մէջ կը հրաւիրէ ժողովրդապետութիւնները, կրօնական համայնքները, ուխտաւորները միանալու եւ աղօթելու եւ Տիրամօր բարեխօսութիւն հայցելու աշխարհի խաղաղութեան համար։

«Յաճախ արտասանուած ատելութեան բազմաթիւ խօսքերուն դիմաց, մենք կ՝ուզենք մեր աղօթքը բերել որ կազմուած է հաշտութեան եւ խաղաղութեան խօսքերէ։ Աղօթենք որպէսզի Տիրամօր բարեխօսութեամբ բոլորիս եւ ողջ աշխարհի առջեւ լոյս բացուի», գրած է Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2024, 12:42