Որոնել

2024.05.01 Card. Pierbattista Pizzaballa - presa di possesso del Titolo di Sant'Onofrio

Խաղաղութիւն խնդրեցէք Երուսաղէմի համար. Կարդինալ Փիցցապալլայի ուխտագնացութիւնը Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայր

«Փրկութիւնը զէնքերէն յառաջ չի գար եւ ոչ ալ յաղթանակներէն, այլ այն կարողութենէն եւ քաջութենէն միւսը ճանչնալու, որպէս Նախախնամութեան պարգեւ»։

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա ուրբաթ 23 օգոստոսին ուխտագնացութիւն կատարեց Փոմփէյի Վարդարանի Տիրամօր սրբավայր ընկերակցութեամբ Սուրբ երկրի Պահակ Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնի եւ ժամը 11ին սրբավայրի եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ պատարագ, որպէս կարգախօս ունենալով «խաղաղութիւն խնդրեցէք Երուսաղէմի համար»։

Ուխտաւոր Պատրիարքը այս առիթով իր արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական հատուածին վրայ, որ քաղուած էր Մատթէոս Աւետարանիչէն (Գլ 22, 34-40 ) ուր Օրէնքի վարդապետ մը Յիսուսին հարց կու տայ թէ ո՞րն է ամենամեծ պատուիրանը եւ Յիսուս անոր կը պատասխանէ «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ» ապա կ՜աւելցնէ «Սիրէ քու ընկերդ քու անձիդ պէս»։

Մարդուս կոչումը սիրել է

«Մարդուս կոչումը սիրել է» հաստատեց ի միջի այլոց քարոզին մէջ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը, եւ ասոր համար է, որ Յիսուս կարեւորեց ոչ միայն Տիրոջ նկատմամբ սէրը այլ նաեւ սէրը հանդէպ ընկերը, որովհետեւ «սէրը եթէ իսկապէս սէր է, չէ կարող բացառել ոչ մէկը, այլ կ՜ողջագուրէ բոլորը, այլապէս միայն դիմակաւորուած  ինքնասիրութիւն է» ըսաւ Կարդինալ Փիցցապալլա աւելցնելով` «Միակ օրէնքը ուրեմն սէրն է»։

Ան ապա նկատել տուաւ, որ ընկերոջ սէրը կը չափուի անձին վերապահուած սիրոյ չափանիշով եւ այս մէկը կը մղէ տապալելու բոլոր պատերը ու «միւսներուն նայելու այն նոյն հայեացքով որով ես ինծի կը նայիմ»։

«Առաջինը` որ այս մէկը կատարեց նոյնինքն Յիսուսն է» ըսաւ հուսկ Պատրիարքը աւելցնելով որ, «Անոր մէջ է, որ երկու սէրերը` սէրը հանդէպ Տիրոջ եւ սէրը մերձաւորի նկատմամբ, իրարու կը հանդիպին եւ կը դառնան միակ սիրոյ խորհուրդ մը»։

Կարելի չէ սիրել Աստուած ու չսիրել մերձաւորը

«Աւետարանական այս հատուածը վճռական է ընդհանրապէս քրիստոնէական կեանքին ու նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար եւ է նաեւ ցուցանիշ` Սուրբ Երկիրն մէջ մեր ապրած ողբերգութեան համար» յարեց ապա Կարդինալ Փիցցապալլա հաստատելով, որ «կարելի չէ սիրել Աստուած ու չսիրել մերձաւորը» թէեւ, աւելցուց Ան, «այսօր կը տեսնենք, որ Աստուծոյ նկատմամբ սէրը կ՛արդարացուի մերժելու համար մերձաւորը»։

Մատնանշելով հուսկ Սուրբ Երկրին մէջ միջկրօնական երկխօսութեան տագնապին, Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը ընդգծեց, որ «փրկութիւնը զէնքերէն յառաջ չի գար եւ ոչ ալ յաղթանակներէն, այլ այն կարողութենէն եւ քաջութենէն միւսը ճանչնալու, որպէս Նախախնամութեան պարգեւ»։

Ստեղծել միասնութիւն սիրելով Աստուած և մերձաւորը

Ասկէ մեկնելով ան նշեց, որ «Սուրբ Երկրին մէջ Եկեղեցին այսօրուընէ սկսեալ ունի նոր կոչում մը` այն է դառնալ հոգեւոր եւ ընկերային խոկումներու հանդիպման կէտ, վկայութեամբ խրախուսել կրօնական ներկայութեան տարբեր ոճ մը, որ կարող ըլլայ առաջարկելու նոր ուղիներ, կառուցելու համար հիւրընկալութեան, անկեղծ բարեկամութեան եւ ներումի արահետներ»։

«Թող` որ Սուրբ Կոյս Աստուածածինը շարունակէ բարեխօսել, որպէսզի մարդոց սրտերուն մէջ, յատկապէս անոնց, որոնք ունին որոշումներ կայացնելու մեծ պատասխանատուութիւնը, գերակայէ բարիի ցանկութիւնը բոլորի համար և որպէսզի բոլորը գիտնան, ինչպէս ստեղծել միասնութիւն Աստուած և մերձաւորը սիրելով» եղան Կարդինալ Փիցցապալլայի քարոզին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2024, 15:09