Որոնել

Յիսուս, սրբանկար Յիսուս, սրբանկար 

«Բարեկամանանք Յիսուսի» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Երբ Յիսուս սկսաւ իր առաքելութիւնը, ուզեց իր շուրջը բարեկամներ եւ օգնականներ հաւաքել եւ զիրենք կոչեց նոր առաքեալներ: Յիսուս անոնց չխօսեցաւ Հօրը մասին, այլ իրենց յայտնեց Հայրը. իրենց սորվեցուց Հօր սէրը, որով մեզ ստեղծեց եւ նաեւ տուաւ իր Միածին Որդին որպէսզի զիրենք փրկէ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

« Յիսուս շուտ մը իր ձեռքը երկնցուց, բռնեց զանիկա ու ըսաւ. «Թերա՛հաւատ, ինչո՞ւ երկմտեցար»։ Երբ նաւը ելան, հովը դադարեցաւ։ 33Անոնք որ նաւուն մէջ էին, եկան երկրպագութիւն ըրին անոր ու ըսին. «Իրաւցնէ Աստուծոյ Որդին ես դուն» (Մտթ. 14:31-33):

Երբ Յիսուս սկսաւ իր առաքելութիւնը, ուզեց իր շուրջը բարեկամներ եւ օգնականներ հաւաքել եւ զիրենք կոչեց նոր առաքեալներ: Յիսուս անոնց չխօսեցաւ Հօրը մասին, այլ իրենց յայտնեց Հայրը. իրենց սորվեցուց Հօր սէրը, որով մեզ ստեղծեց եւ նաեւ տուաւ իր Միածին Որդին որպէսզի զիրենք փրկէ:

Իրենց սրտին մէջ բարեկամութեան իմաստը եւ ուժը դրաւ իրենց ըսելով՝ Յիսուս քեզ կը սիրէ եւ ձեր սրտին մէջ է:
Աստուծոյ Արքայութիւնը նմանցուց այն գանձին, որ միշտ պահուըտած կը մնայ այգիին մէջ, որպէս գանձ մը. այսինքն իրենց գանձերը իրենց սրտին մէջ պահուած են:

Յիսուս իր աշակերտներուն սորվեցուց, թէ իր պատուիրանները լաւ մտիկ ընեն եւ իրենց սրտին մէջ պահեն: Յիսուսի դպրոցին մէջ ամենակարեւոր դասը այն է՝ որ Ան իր բարեկամներուն տուաւ ներումի եւ ողորմութեան դասը: Հոն կը գտնենք Յիսուսի խորունկ սէրը, թէ ինչպէս մեղաւոր բարեկամին կրնայ ներել, որովհետեւ ինք նոյնինքն «ՍԷՐ»ն է: Եթէ կը զգանք, որ Յիսուսի բարեկամներ ենք, չենք կրնար ընդունիլ թէ մեր բարեկամը կամ ընկերը աւելի ստորադաս ըլլայ, այլ բոլորս հաւասարապէս հաւաքուած ենք Իր սիրոյն, ներումին եւ ողորմութեան մէջ: Ատոր համար Յիսուս իր բարեկամներուն յոյս եւ լաւատեսութիւն կը շնորհէ:

Այս յոյսի մնայուն է, որովհետեւ Յիսուսի բարեկամներ դարձանք: Այսօրուընէ սկսինք աւելի մօտենալ Յիսուսի. զինքը հետապնդենք՝ թէ ինչպէս ինքը մեզի կը մօտենայ եւ կը սիրէ. ինչպէս կը մտածէ եւ կը վարուի եւ ուր կը դնէ իր ուշադրութիւնը: Լաւ կարդանք իր Աւետարանը, իր խօսքերը պահելով. եւ պիտի նշմարենք իր բարեկամութիւնը: Ան մեզ պիտի քննէ եւ օգնէ, ինչ որ մեզ պիտի զօրացնէ եւ սորվեցնէ ուրիշներուն բարեկամ դառնալ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2024, 07:00