Որոնել

Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորի Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորի  (s. Amata J. Nowaszewska CSFN)

Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորիի ծիսական տօնը

«Ան եղաւ իր ժամանակուայ ընկերութեան վերջիններուն փաստաբանը, պաշտպանելով բոլորին իրաւունքները ու մասնաւորէս իրաւունքներն անոնց, որոնք աղքատ ու լքուած են»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Լատին Եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորիի ծիսական տօնը։ Ան` Նափոլիի ազնուական ընտանիքի մը զաւակ, 16 տարեկանին դարձած է վաղաժամ իրաւաբան եւ 30 տարեկանին լքելով ամէն ինչ որոշած է դառնալ Քահանայ։ 1732 թուականին հիմնած է Ամենասուրբ Քավիչի միաբանութիւնը և հետագային 1762ին ընտրուած է Sant’Agata dei Goti թեմին եպիսկոպոս։ Պաշտօն որմէ կը հրաժարի 15 տարիներ ետք առողջապահական հարցերու բերումով որ զինք կը տանին մինչեւ մահ 1787 թուականին. Ան Սուրբերու շարքին կը դասուի 1839 թուականին եւ 1871ին Պիոս Թ Քահանայապետի օրով կը հռչակուի Եկեղեցւոյ վարդապետ իսկ 1950 թուականին Պիոս ԺԲ Պապը անոր կը շնորհէ «բոլոր խոստովանողներու և բարոյախօսներու երկնային հովանաւորի» տիտղոսը

23 մարտ 2021-ին «Սուրբ Ալֆոնսօ Մարիա Տէ Լիկուորին Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին 150 ամեակին» աօիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը հրատարակած էր պատգամ մը, որուն մէջ մատնանշած էր, թէ «Սուրբը տիպար էր դէպի դուրս միսիոներական Եկեղեցւոյ մը, որ ցոյց կու տայ մայր ճանապարհը խիղճերը մօտեցնելու Հօր հիւրընկալող դէմքին», անդրադառնալով Սուրբին փորձառութեան ու անոր «հեռուներու» որոնումի աշխատանքին, ըլլայ որպէս Քահանայ, ըլլայ որպէս Եպիսկոպոս, ըլլայ որպէս Ամենասուրբ Փրկիչ միաբանութեան հիմնադիր, դառնալով «ողորմութեան հայր ու վարդապետ»։

«Ան եղաւ իր ժամանակուայ ընկերութեան վերջիններուն փաստաբանը, պաշտպանելով բոլորին իրաւունքները ու մասնաւորէս իրաւունքներն անոնց, որոնք աղքատ ու լքուած են» նշած էր այդ առիթով Սրբազան Պապը պատգամին մէջ դիտել տալով, որ Սուրբ Ալֆոնսոն «իրապաշտ է քրիստոնէական իսկական իմաստով, որովհետեւ հասկցաւ, որ Աւետարանին նոյնինք սրտին մէջ են  հասարակաց կեանքը եւ միւսներու հետ յանձնառումը»,

«Իւրաքանչիւր հովուական գործունէութիւն իր արմատը կը գտնէ կեանքի Աստուծոյ փրկարար հանդիպումին մէջ եւ ծնունդ կ՛առնէ կեանքի ունկնդրութենէն ու կը սնանի աստուածաբանական խորհրդածութենէ մը, որ գիտէ իր վրայ վերցնել մարդոց հարցադրանքները ցոյց տալու համար կարելի ճանապարհները» գրեց միշտ Քահանայապետը հրաւէր ուղղելով բոլոր բարոյական աստուածաբաններուն, միսիոնարներուն եւ խոստովանահայրերուն, Սուրբ Ալֆոնսի նման կենսունակ յարաբերութեան մէջ մտնելու Աստուծոյ ժողովրդին հետ ու կեանքը դիտելու անոնց տեսանկիւնէն, հասկնալու համար իրական դժուարութիւնները, որոնց կը հանդիպին, օգնելով զանոնք դարմանելու վէրքերը, որովհետեւ միայն իսկական եղբայրութիւնն է, որ գիտէ նայիլ մերձաւորի Սուրբ Մեծութեան, գիտէ վերագտնել Աստուած ամէն մէկ մարդ արարածի մէջ, գիտէ Աստուծոյ սիրոյն կառչելով դիմանալ համատեղ կեանքի ոտնձգութիւններուն եւ գիտէ սիրտը բանալ Աստուածային սիրոյ առջև ՝ փնտռելու համար ուրիշներու երջանկութիւնը, ինչպէս զայն կը փնտռէ անոնց բարի Հայրը»:

Պատգամին մէջ Քահանայապետը նշեց նաեւ թէ Սուրբ Ալֆոնսը գիտցաւ իր ժամանակուայ ընկերութեան մարտահրաւէրներուն տալ կառուցողական պատասխաններ, ժողովրդային աւետարանութեան մը միջոցաւ, ցոյց տալով բարոյական աստուածաբանութեան մը ոճը, որ կարող է միասին պահել Աւետարանին պահանջները եւ մարդկային դիւրաբեկութիւնները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2024, 08:49