Որոնել

2024.09.27 Suor Eudossia Keshishian

Հոգին աւանդեց առ Հայր Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան` վաստակաւոր Մեծաւոր Մայր Անարատ Յղութեան Միաբանութեան

Ռատիօ Վատիկան Վատիկան Նիուզ-ի անձնակազմը ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալի միաբանակից քոյրերուն ու հարազատներուն աղօթքներ ապահովեցնելով անոր հոգւոյն հանգստեան համար որպէսզի Ամեանողորմ Աստուած իր ազգին ու եկեղեցւոյն կեանքը նուիրած այս աղախինը ընկալէ իր Արքայութեան մէջ

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«Ուրբաթ` 27 սեպտեմբեր 2024ին յետ երկարաժամկէտ հիւանդութեան Լիբանանի մէջ իր հոգին աւանդեց առ Հայր` Մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան` վաստակաւոր Մեծաւոր Մայր Անարատ Յղութեան Միաբանութեան» լուրը կը հաղորդեն Անարատ Յղութեան Միաբանութեան մեծաւոր Մայր` մայր Արուսեակ Սաճոնեան ու միաբանակից քոյրերը ինչպէս նաեւ Քէշիշեան ընտանիքը ու հանգուցեալին հարազատ ընտանեկան պարագաները։

Յուղարկաւորութիւնը նախատեսուած է 27 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը երեքին Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան Զմմառու «Նախախնամութեան Տան» վանքի մատրան մէջ որմէ ետքը հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի Միաբանութեան գերեզմանատան մէջ։

Կենսագրութիւն

Մայր Եւտոքսիա (Պեռնարթին) Քէշիշեան ծնած է 18 Դեկտեմբեր 1935-ին Իսքէնտէրուն, մարաշցի ծնողներէ Յովհաննէս ու Թրուանտա, որոնք գաղթի հետեւանքով այդ շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած էին։ Բազմանդամ ընտանիքի զաւակ էր, ունէր 5 եղբայրներ՝ Մանուէլ, Խաչեր, Աւետիս, Յարութիւն եւ Վարուժան։

Իր հօրեղբայրը` Զմմառու միաբան Գերյարգելի հայր Սահակ Քէշիշեան, 13 տարեկան աղջնակը կ՚ուղարկէ Հռոմի Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու մայր տուն, որպէսզի ուսում ստանայ եւ ի յարկին մայրապետ դառնայ։ 1953-ին կը կատարէ միաբանական մշտնջենաւոր ուխտերը։ Ապա զինք կ՚ուղարկեն Հալէպ, ուր երկար ժամանակ կը պաշտօնավարէ, որմէ ետք կը դառնայ Այնճարի Աղաճանեան սանուց տան պատասխանատու, ուրկէ կը տեղափոխուի Զահլէ որպէս վերակացու մայրապետցու ընծայուհիներուն։ Մեծաւորուհիները զինք կը տեղափոխէն Ճիւնի՝ Հռիփսիմեանց վարժարան, ապա Պարսկաստան։ 1994-1998 թուականներուն կը մեկնի Ջաւախք այնտեղ շարունակելու իր առաքելութիւնը, ուր նոյն ժամանակաշրջանին կը հասնին նաեւ քոյրեր՝ Արշակուհի Մալճեան, Արուսեակ Սաճոնեան եւ Յակինթա Մուրատեան։ Կարճ ժամանակ մը Աշրաֆիէի Սրբուհի Շուշան վարժարանին մէջ պաշտօնավարելէ ետք կը մեկնի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաք։

2006-2016 տարիներուն կը դառնայ Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորուհի մայր։ Յետ հիւանդութեան կը հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կրկին անգամ կը հաստատուի Սրբուհի Շուշան վարժարանէն ներս։ Առողջական վիճակի վատթարացման հետեւանքով կը բարձրանայ Զմմառու նախախնամութեան տուն եւ կը շարունակէ իր աղօթական հոգեւոր կեանքը։

Այսօր՝ 27 Սեպտեմբեր, 2024-ին իր աչքերը առյաւէտ փակեց այս աշխարհին մէջ եւ ի Տէր հոգին աւանդեց։ Ան տիրապետած էր զանազան լեզուներու, ինչպէս՝ հայերէն, գրաբար, ֆրանսերէն, իտալերէն, լատիներէն, թրքերէն, յունարէն եւ արաբերէն։

Հմուտ էր տարբեր գիտութիւններու, դասաւանդած է հայագիտական նիւթեր։

Թող անոր հոգին հանգիստ գտնէ երկնքի արքայութեան մէջ ու վայելէ Տիրոջ ու Տիրամօր ներկայութիւնը։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

 

“Ռատիօ Վատիկան Վատիկան Նիուզ-ի անձնակազմը ցաւակցութիւններ կը յայտնէ հանգուցեալի միաբանակից քոյրերուն ու հարազատներուն աղօթքներ ապահովեցնելով անոր հոգւոյն հանգստեան համար որպէսզի Ամեանողորմ Աստուած իր ազգին ու եկեղեցւոյն կեանքը նուիրած այս աղախինը ընկալէ իր Արքայութեան մէջ”

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2024, 11:49