Յայտարարութիւն. Զմմառու մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոս
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը կը գումարուի 2024-ի Սեպտեմբեր 09-12, ի Պատրիարքական աթոռ՝ Զմմառ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց եւ մասնակցութեամբ Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսներուն եւ Եպիսկոպոսներուն՝ Պէյրութի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի, եւ Միացեալ Նահանգներու ու Գանատայի:
Սիւնհոդոսին աշխատանքները կը սկսին Երկուշաբթի 09 Սեպտեմբերին Սուրբ եւ Անմահ պատարագով, առաւօտեան ժամը 07:30-ին, նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ, Զմմառու մայրավանքի Եկեղեցւոյ մէջ:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայնքին վերաբերեալ եկեղեցական, հովուական, կանոնական եւ ընկերային հարցերը քննելէ ետք, Սիւնհոդոսական հայրերը ընտրութիւն պիտի կատարեն թափուր մնացած աթոռները օժտելու նոր առաջնորդ եպիսկոպոսներով:
Եպիսկոպոսական Հայրերը նոյնպէս պիտի տեղեկանան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատքի եւ զոհաբերութեան խորհրդանիշ համարուող Երանելի Տէր Կոմիտաս Քէօմիւրճեանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման գործընթացին առընչուող վերջին զարգացումներուն:
Սիւնհոդոսական Հայրերը բերկրանքն պիտի ունենան Հինգշաբթի օրը, մասնակցելու Աստուծոյ Ծառայ՝ Գրիգոր Պետրոս ժե. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքի մարմնին պաշտօնական ընդունելութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի «Նահատակաց Հրապարակին» վրայ:
Թող Ամենաբարին Աստուած իր հայրական հայեացքը դարձնէ իր ձեռակերտ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փոքր մասնիկին՝ Հայ Կաթողիկէ հօտին, եւ անոր եպիսկոպոսաց Ժողովին վրայ, որպէսզի Ս. Սիւնհոդոսին ժողովները յաջողութեամբ պսակուին, ի սպաս Հայ Եկեղեցւոյ բարօրութեան եւ վերելքին համար:
Դիւան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ