Որոնել

2024.08.18 Arrivo della salma del cardinal Agagianian a Beirut

Կարդինալ Աղաճանեանի աճիւններուն Պէյրութ փոխադրման արարողութեան առիթով պաշտօնական ելոյթներ

Իրենց սրտին խօսքերը փոխանցեցին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Մարոնիթ Եկեղեցիին Պատրիարքը՝ Ն.Վ. Պշարա Ալ-Րաի կարդինալը, Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, իսկ շնորհակալական խօսքով՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին օգնական եպիսկոպոսը՝ Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ:

Աստուծոյ Ծառայ երջանկայիշատակ կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին մարմինը, 53 տարի Հռոմ մնալէ յետոյ, անցեալ Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2024-ին, յետմիջօրէին, MEA օդանաւով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ քանի մը հոգեւորականներու ուղեկցութեամբ ժամանեց Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի» միջազգային օդակայանը, ուր երանաշնորհ Կաթողիկոս-Պատրիարքին անփուտ մարմինն ընդունեցան հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներ, վարդապետներ, քահանաներ, պետական, երեսփոխանական եւ համայնքային անձնաւորութիւններ, ինչպէս ալ օդակայանի անվտանգութեան ու ներքին ապահովական ուժերուն հրամանատար զօրավարներ եւ բարձրաստիճան սպաներ։

Ընդունելութիւն օդակայանին մէջ
Ընդունելութիւն օդակայանին մէջ

Ապա ժամը 7-ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կազմակերպութեամբ, Պէյրութի նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական, համալիբանանեան եւ համազգային հանդիսութիւն՝ նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին եւ ներկայութեամբ քրիստոնեայ բոլոր համայնքներէն ծիրանաւոր, ամենապատիւ, արհիապատիւ, սրբազան, գերապայծառ, գերյարգելի ու մեծաւոր հոգեւոր հայրերու եւ իսլամ կրօնապետերու, կրօնաւորներու ու մայրապետներու, ինչպէս ալ պետական, քաղաքական, դիւանագիտական, հասարակական, մշակութային ու կուսակցական անձնաւորութիւններու, ապահովական եւ դատական ղեկավարներու, բանակային ու լիբանանեան տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու, զորոնք գլխաւորեց Ն.Վ. Նեժիպ Միքաթի՝ պաշտօնակատար վարչապետը:

Ժամանում Նահատակաց հրապարակ
Ժամանում Նահատակաց հրապարակ

Լիբանանեան բանակին նուագախումբը հնչեցուց հայերէն եւ արաբերէն հոգեւոր տաղեր, ինչպէս ալ հայահունչ եղանակներ: Նոյն լեզուներով քանի մը երգերով շատ յաջող ելոյթ ունեցաւ Լայալ Նաամէ-Մաթար շնորհալի երգչուհին: Այսպէս, գեղարուեստական ներկայացումներու ընդմիջումներով եւ հանրածանօթ խօսնակ Մաժետ Պու-Հետիրի փայլուն հանդիսավարութեամբ՝ յայտագիրը տեւեց մէկ ժամ:

Իրենց սրտին խօսքերը փոխանցեցին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Մարոնիթ Եկեղեցիին Պատրիարքը՝ Ն.Վ. Պշարա Ալ-Րաի կարդինալը, Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, իսկ շնորհակալական խօսքով՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին օգնական եպիսկոպոսը՝ Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ:

Ռաֆայել Պետրոսի ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ- Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը իր խօսքը սկսաւ երջանկայիշատակ կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի վերջին բառերով.«Ծարաւի եմ, ծարաւի եմ ձեր սրբութեան, սիրելիներս»:

«Այո՛, ասոնք էին մեզի ուղղուած անոր վերջին խօսքերն ու մաղթանքները, այս աշխարհէն անոր մեկնումէն 53 տարիներ առաջ, եւ ասոր համար ալ բոլորս ձգտելու ենք այս սրբութեան:

Այս դժուար օրերուն ու մեր սիրելի հայրենիքը՝ Լիբանանը շրջապատող վտանգներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր կողմերուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիմաց՝ Մենք ստանձնեցինք այս ծանր պատասխանատուութիւնը եւ Լիբանան բերինք Աստուծոյ Ծառային՝ կարդինալ Աղաճանեանի մարմինը։ Զինքը հոս բերինք վեհ նպատակի մը համար. հայ ըլլալով հանդերձ՝ ան լիբանանցի է եւ Լիբանանի յառաջատար անձնաւորութիւններէն մին, որ կրած է անոր դիւանագիտական ​​անցագրին բացառիկ աստիճանը 1943 թուականէն՝ անկախութեան տարիէն, եւ ոչ միայն անցագիր մը, այլ նաեւ ան կրեց արժանացած «Մայրի» շքանշանը, որ ստացած է վսեմաշուք նախագահ Շարլ Հըլուէն: Զինքը բերինք Լիբանան, բոլոր աշխարհին ցոյց տալու համար մեր համերաշխութիւնը, համամիութիւնն ու փոխադարձ սէրը համայնքներուն եւ բոլոր կողմերուն միջեւ: Ահաւասիկ այս համայնապատկերը, որ կը ներկայացնէ լիբանանեան ընտանիքը ներկայացնող բոլոր համայնքները, որոնք հիմա կը կրեն անոր մարմնին արկղը:

Ուստի, այսօր, իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ մեր մեծ հայրենիքին՝ սիրոյ ու նուիրուածութեան հայրենիքին, հոգեւոր ու ընկերային խորհրդանիշներու հայրենիքին, սուրբերու օրրանին եւ համակեցութեան երկրին։ Ես աւելի քան երբեք պարտքը կը զգամ իմ մեծ շնորհակալութիւնս յայտնելու այս երկրին ժողովուրդին, իմ հայրենիքին՝ Լիբանանին, գլխաւորութեամբ այսօրուան պետական իշխանութիւններուն ու ներկայ պաշտօնեաներուն, որոնք ամէն ջանք կը թափեն անոր ապահովութեան, անվտանգութեան ու բարգաւաճումին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր պատկան ու տեսչական մարմիններուն, որոնք ամէն առիթ օգտագործեցին, որպէսզի միասնաբար մեծարենք Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Աղաճանեանը՝ պատմական Դերակատարը արդարութեան ու խաղաղութեան, որոնց շնորհքներուն ալ ծարաւն ունինք այսօր:

Ոչ միայն շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ մեր հայրենիքին եւ պատասխանատուներուն, այլ նաեւ երախտագիտութեան զգացումէն աւելի իմ մեծագոյն սէրս կ’աըտայայտեմ ձեզի, որ ձեր մասնակցութեամբ կը դրսեւորէք ձեր գնահատանքն ու մեծարանքը ոչ միայն Աստուծոյ Ծառային, այլ նաեւ անոր Ս. Եկեղեցիին զաւակներուն, որոնք դարերէ ի վեր արմատացած են Լիբանանի մէջ:

Շնորհակալ եմ բոլորիդ եւ Տիրոջմէս ու Աստուծոյ Ծառայէն՝ Կարդինալ Պատրիարք Աղաճանեանէն կը խնդրեմ, որ ձեր վրայ հսկէ այնպէս, ինչպէս որ այս հաւատարիմ Ծառան մեզի խոստացաւ երկնային երանութեան շնորհքները, յատկապէս այս դժուար օրերուն եւ վճռական ժամանակներուն, որոնք կը յատկանշուին արդարութեան ու խաղաղութեան բուռն պահանջքներով՝ անոր այս սրբազան երկրին մէջ: Ասիկա էր սկզբունքը մեր սիրելի Հայրապետին, զոր այսօր մեր առջեւ կը տեսնենք՝ փակ աչքերով, բայց ինչպէս որ ըսաւ ու գրեց իր կտակին մէջ, «ես հիմա կոյր եմ, ոչինչ կը տեսնեմ, բայց երբ աչքերս փակեմ առ յաւէտ, այն ատեն կրնամ օգնել ձեզի»:

Այո՛, ես կը հաւատամ Աստուծոյ Ծառային այս խօսքերուն, քանի ուրոյն փորձառութիւնն ունեցայ իմ անձնական կեանքիս մէջ, երբ անոր մահէն ետք, անկէ յատուկ եւ անգնահատելի օրհնութիւնը ստացայ. Ես, որ կ’ուզէի հեռանալ իմ յատուկ կոչումէս ու զբաղիլ աշխարհիկ կեանքով: Ան ինծի տուաւ քահանայութեան կոչումը, որուն հաւատարիմ կը մնամ:

Այո՛, կը հաւատամ Աստուծոյ Ծառային խոստումին, երբ ըսաւ, որ ձեզի պիտի օգնեմ յաւերժութենէն, հետեւաբար, այս ազնիւ, անկեղծ ու հաւատարիմ Մարդուն խօսքերէն մեկնելով՝ ես վստահ եմ, վստահ եմ, թէ ան ճիշդ խաղաղութիւնը պիտի միջնորդէ այս սիրելի հայրենիքին համար, ինչպէս որ իր կեանքին ընթացքին զայն բերաւ Լիբանանին:

‘Այո՛, Լիբանանին ապահովեց անոր բռնագրաւուած իրաւունքները եւ զայն պաշտպանեց՝ խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը բերելով իր զաւակներուն միջեւ։ Այսօր, հոս մեր բոլոր համայնքներուն միասնական ներկայութիւնը այդ իրականութեան վառ ապացոյցն է։ Այն խաղաղութեան ապացոյցը, որուն համար կը գործենք քաղաքական հաշտութեան, համակեցութեան ու համերաշխութեան ի նպաստ:

Այսօր, Աստուծոյ Ծառային՝ կարդինալ Կաթողիկոս Աղաճանեանի հայրենիք վերադարձով եւ այստեղ ձեր առջեւ անոր մեծարումով՝ անկէ կը խնդրեմ իմ անունովս եւ ձեր անունով, որ մեզի արդար ու ցանկալի խաղաղութիւնը շնորհէ, մեզի տայ այս շնորհքը, ինչպէս որ խոստացաւ:

Բայց ես շատ աւելին կը ցանկամ, մինչ կը կանգնիմ անոր մաքրամաքուր մարմնին առջեւ, եւ կ’ուզեմ ուղղակիօրէն անոր դիմել իմ անունովս եւ ձեր անունով՝ անոր հարցնելով, «թէ արդեօ՞ք դուն կը տեսնես այս մեծ բազմութիւնը, որ եկած է քու հանդիսական ու պաշտօնական ընդունելութեանդ համար, ո՜վ սիրեցեալ Հայրապետս: Կը զգա՞ս, ի՛նչ սէր ու մեծարանք ունին քեզի հանդէպ: Ո՜վ սիրեցեալ Հայրապետ, նայէ՛ մեզի, թէ ինչպէս բոլորս՝ իսլամներս եւ քրիստոնեաներս կողք կողքի կանգնած ու սրտանց համախմբուած ենք՝ ձգտելով խաղաղութեան եւ բարեկեցիկ կեանքին, ինչպէս նաեւ կառչած մնալով համամարդկային, բարոյական, ընկերային ու հոգեւոր արժէքներուն:

Նայէ՛ մեզի եւ մեզ օրհնէ՛ Տիրոջ անունով, որպէսզի անոր շնորհքով վերադառնանք մեր խղճերուն եւ նուիրուինք մեր հոգեւոր, աշխարհական ու ազգային պարտականութիւններուն՝ ի նպաստ արժանապատիւ եւ ազատ Լիբանանին՝ համերաշխութեան ու առաքելութեան մեր երկրին ու հայրենիքին:

Այո՛, ո՜վ Հայրապետ, դուն կու գաս ‘Յաւիտենական Քաղաք’-էն, որպէսզի մեր հետ բաժնես այս տագնապը, մեզ մխիթարես եւ աջակցիս այս հանգրուանին, ինչպէս ալ քու յաւերժական աչքերովդ նայիս մեր մարդկային տկարութիւններուն՝ ամրապնդելու համար մեր կամքը, լուսաւորելու համար մեր ուղին եւ մեր կարիքներուն ընդառաջելու համար մեր Տիրոջ շնորհքով:

Մենք ալ, մեր կարգին, նախաձեռնութիւնը կ’առնենք, մեր անձին, եղբայրներուն եւ ընկերութեան հետ հաշտութիւնը կնքելու համար: Նախաձեռնութիւնը կ’առնենք ի նպաստ ազգային ու քաղաքական հաշտութեան, որպէսզի մեր հայրենիքը՝ Լիբանան վերագտնէ իր գեղեցկութիւնն ու մակարդակը՝ վերադառնալով իր սահմանադրական կարգավիճակին եւ հանրապետութեան նախագահ, պետութիւն ու արդարադատութիւն ունենալով, որոնց սկզբունքն ըլլալու է մասնակցութեամբ եւ հաւասարութեամբ ծառայել ազգային ամբողջականութեան ու պահպանել միասնականութիւնը»:

Իսկ այժմ, ձեզի կը դառնամ, ո՜վ սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, եւ իմ շատ սիրելի քաղաքական գործիչներ ու մեր սիրելի հայրենիքին՝ Լիբանանի ներկայացուցիչներ, դո՛ւք ալ նայեցէ՛ք ձեր դիմաց բազմած այս լուռ մարմնին, որ երկինքէն մեզի կը նայի ու կ’ըսէ, որ չվախնա՛նք, որովհետեւ ան մեր հետն է, պիտի օգնէ մեզի, ինչպէս որ խոստացաւ, ուստի, կանգնեցէ՛ք ու կատարեցէ՛ք այն, ինչ որ ձեզմէ կը խնդրէ եւ Տիրոջ օրհնութիւնը ձեր հետ ըլլա՛յ:

Վերջապէս, իմ խորին շնորհակալութիւնս, երախտագիտութիւնս ու սէրս կը յայտնեմ ձեզի, Աստուծոյ Ծառային` Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի բարեխօսութեամբ, որ մեզ սիրեց ու կը շարունակէ սիրել այն եղբայրական ոգիով, զոր միասնաբար ապրելու ենք: Հետեւաբար, ես վստահ եմ, թէ այս հանդիսութիւնը երբեք անպտուղ պիտի չի մնայ:

Եղբայրներ ու քոյրեր, մէկ անգամ եւս ընդունեցէ՛ք իմ խորին շնորհակալութիւնս. ամենայն յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը խոնարհիմ ձեր առջեւ՝ ձեր մասնակցութեան համար այս հանդիսական արարողութեան, որ նախասկիզբն է Աստուծոյ առատաձեռն Ծառային՝ կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին սրբադասումին համար»:

Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին աճիւննները պարունակող  արկղը
Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին աճիւննները պարունակող արկղը

Մար Պշարա-Պութրոս Ռայի կարդինալին խօսքը

Մարոնիթ Պատրիարքը՝ Ն.Վ. Մար Պշարա-Պութրոս Րաի կարդինալը, իր կարգին, խօսք առնելով փոխանցեց իր անձնական վկայութիւնն Աղաճանեան Ծիրանաւորին մասին եւ անոր ազդեցութիւնը իր կեանքին վրայ: Ան վկայեց որ կարդինալին առաջին անգամ ծանօթացած է 1953-1954-ին, երբ ինք տակաւին ուսանող էր Մարեմեան մայր վանքի՝ Սէյյիտէթ Լուէյզի վանքին մէջ, ուր նաեւ կը ծառայէր խորանին: Այստեղ է, որ Աղաճանեան՝ Երանելի Եաագուպ Հատտատ Քապպուշիի հրաւէրով, Յիսուս Փրկիչի տօնին առթիւ Պատարագ մատուցանած էր։ Ապա, Պատրիարք Րաի 1962-ին դարձեալ հանդիպած էր Ծիրանաւոր կարդինալին՝ Վատիկանին մէջ, ուր խոր ակնածանքով նայած էր Անոր, վստահութիւն յայտնելով որ Ան պիտի հանդիսանայ հրաշալի երանելի մը եւ սուրբ մը նոր սերունդներուն համար:

Վարչապետի պաշտօնակատարը Նեժիպ Միքաթի խօսքը

Լիբանանի գործող վարչապետ Միքաթի խօսք առնելով՝ անդրադարձաւ կարդինալ Աղաճանեանի բացառիկ անձնաւորութեան, ինչպէս նաեւ նշեց անոր լիբանանեան ու համամարդկային յատուկ դերակատարութիւնը, յատկապէս մեր երկրին դժնդակ ու տառապալից օրերուն: Ան շատ կարեւոր նկատեց մեր Հայրապետին վերադարձը դէպի մեր հայրենիքը, յատկապէս այս դժնդակ օրերուն, երբ խիստ կարիքը կը զգացուի անոր հայրենանուէր, անձնուրաց ու հաշտարար շունչին եւ օրինակելի տիպարին:

Վարչապետի պաշտօնակատարը իր ելոյթի ընթացքին մատնանշեց, որ Կարդինալին անձին մէջ միատեղուած էին զանազան ինքնութիւններ, լիբանանեան հայրենիքի նմանողութեամբ. «Ան եղած էր հայ-վրացի-լիբանանցի, արեւելեան-հռոմէական քրիստոնեայ կարդինալը, որ միշտ բաց էր ուրիշներուն՝ սիրով եւ հաւատքով, պահպանողն էր Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցիին քահանայութեան առաքելութեան եւ հաստատուն պահապանը Լիբանանի ազգային պատկանելիութեան, երկրի մը, որ կը յորդի հաւատքով, ամէն անգամ, որ դժուարութիւններ կը կուտակուին»:

«Ես այսօր պիտի չխօսիմ Կարդինալ-Պատրիարք Գրիգոր Աղաճանեանի կեանքին ու քահանայութեան, ոչ ալ նոյնիսկ անոր ազգային դերին մասին Լիբանանի թէ՛ բարգաւաճումին ու զարգացումին, թէ՛ ներքին պառակտումներու ու յեղափոխութիւններու ժամանակներուն մասին։ Անոր սխրագործութիւնները ամենապերճախօս վկայութիւններն են։ Այն, ինչի մասին այսօր կ՚ուզեմ խօսիլ, ‘Լիբանան պատգամն‘ է, մանաւանդ որ այս պատգամին հրաշալի օրինակն է Կաթողիկոս-Պատրիարք Աղաճանեան կարդինալը, որուն մարմինը կը դիմաւորենք այսօր:

Արդարեւ, լիբանանցի ժողովուրդը, որ այսօր կ՚ապրի այլազանութեան հարստութիւնը կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ, կոչուած է ապրելու միասնականութեան եւ համերաշխութեան հարստութիւնը իր բաղադրիչներու եւ տարրերուն միջեւ: Եւ ա՛յս էր նաեւ Անոր առաքելութիւնն ու դերը ներքին գետնի վրայ, Միջին Արեւելեան տարածաշրջանին եւ համայն աշխարհին մէջ օրինակ հանդիսանալ ողջ մարդկութեան, որ տարբերութիւնն ու բազմազանութիւնը չեն նշանակեր վէճեր, պատերազմներ և միւսի վերացում, այլ՝ կը հանդիսանան որպէս մերձեցումի լաւագոյն միջոցը, որ կ՚ուղղորդէ դէպի կեանքին կառուցումը»:

Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին աճիւննները
Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին աճիւննները

«Կարդինալ Պատրիարք Աղաճանեան ապրեցաւ այս եզակի փորձառութիւնը իր էութեան մէջ, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ու ազգային մակարդակներու վրայ իր պաշտօններուն ընդմէջէն՝ հանդիսանալով մերձեցումի օրհնութեան լաւագոյն արտայայտիչը, մարդկային այն վսեմ արժէքը, զոր պէտք է մարմնաւորեն բոլոր լիբանանցիները իրենց համատեղ կեանքին մէջ:

Բայց մերձեցումի օրհնութիւնը կարելի է ձեռք բերել միայն երկխօսութեան միջոցով, որ ոչ միայն գաղափարներու, համոզումներու եւ կողմնորոշումներու շուրջ երկխօսութիւնն է, այլ նաեւ, առաջին հերթին, առօրեայ կեանքին երկխօսութիւնը, որուն միջոցով կ՚ապահովուի բոլորին մասնակցութիւնը ազգային միասնական ճակատագրին որոշումին: Այս երկխօսութիւնը հասարակութեան պատասխանատուութիւնն է՝ իր կենդանի ոյժերով, եւ, ի հարկէ, նաեւ պետութեան պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ անիկա այն բնական գիրկն է, որուն կ՚ապաւինին բոլոր համայնքները, ուստի, պետութիւնը իր սահմանադրական հիմնարկներով պէտք է աջակցի մտքի երկխօսութեան ու կեանքի երկխօսութեան զուգահեռաբար՝ հեռու մնալով խոչընդոտելու և խափանելու բոլոր պատրուակներէն: Պետութիւնը ստեղծուած է աշխատելու, արտադրելու ու կառուցելու համար, ոչ թէ կանգ առնելու եւ անգործութեան մատնուելու համար»։

Միքաթի մատնանշեց նաեւ, որ «ի դէպ, կենդրոնական Պէյրութի այս տարածքին վրայ, ուր մենք հիմա կանգնած ենք, չարաբաստիկ պատերազմի օրերուն, բացի սեւ ծուխէն ոչինչ կը բարձրանար, իսկ այսօր, բոլոր լիբանանցիները լաւատես են կարդինալ Գրիգոր Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին մարմնին ժամանումով, եւ անոնք մեծ յոյսեր կը կապեն, որ այս անգամ այս տարածքէն կը բարձրանայ սպիտակ ծուխը՝ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան բարի լուրը՝ ի պատիւ Նորին Ամենապատիւ Սրբութեան, որ մասնակցեցաւ Հռոմի Սուրբ Աթոռին քանի մը Պապերու ընտրութեան»:

Միքաթի իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով.«Կարդինալ Աղաճանեան՝ մարդերու ու յատկապէս կարիքաւորներու, աղքատներու, հիւանդներու և անօթեւաններու հանդէպ սիրով լի խոնարհ Հայրապետը, որ աշխատած էր դպրոցներ, միութիւններ և որբանոցներ հիմնելու համար, սիրեց Լիբանանը, ինչպէս որդին կը սիրէ իր ընտանիքը, և սիրեց լիբանանցին, ինչպէս հայրը կը սիրէ իր երեխաները: Եւ ահաւասիկ, ան այսօր իր երկրին մէջ և իր ընտանիքին մէջ է, իր մահէն աւելի քան կէս դար անց՝ մերժելով, որ մահը նոյնիսկ զինքը բաժնէ իր հայրենիքէն»:

Իր խօսքի աւարտին՝ Միքաթի յարգանքի տուրք մատուցանեց նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին, որ «լուռ ու հետեւողական կերպովն կ՚աշխատի Լիբանանի հոգեւոր տարբեր ընտանիքները մերձեցնելու ուղղութեամբ, և այսօրուան ազգային զօրաշարժը լաւագոյն վկայութիւնն է անոր տարած այս աշխատանքին»:

Ընդունելութիւն օդակայանին մէջ
Ընդունելութիւն օդակայանին մէջ

Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի շնորհակալութեան խօսքը

Հանդիսութեան վերջաւորութեան՝ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին օգնական եպիսկոպոս Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ անոնց, որոնք իրենց գործօն մասնակցութիւն ը բերին այս տօնահանդէսին յաջողութեան համար:

Նշելու ենք, որ յայտագրին յաջողութեան եւ հեզասահ ընթացքին համար իրենց մասնակցեցա Սուրբ Մեսրոպի Արիները, Հ.Կ.Մ.-ի Զալքայի մասնաճիւղին անդամներն ու Լիբանանի Սկաուտական Խումբը Scout Du Liban-ի, որուն շարքերուն մէջ կը գործէ նաեւ այսօր մասնակցող Հ.Բ.Ը.Մ.-ը:

Մուտքերուն՝ չորս հազարէ աւելի եկողներուն բաժնուեցան «Աստուծոյ Ծառայ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան. Եկեղեցին … իմ Մայրս» վերտարեալ հայերէն եւ արաբերերէն գունաւոր ու պատկերազարդ գրքոյկը, ինչպէս ալ չորս էջնոց թռուցիկ մը, որ կը բովանդակէ լուսանկարը, «Համառօտ կենսագրական», «Ակնարկներ երանացման եւ սրբադասման գործընթացի շուրջ» եւ «Աղօթ վասն երանացման Աստուծոյ Ծառային՝ երջանկայիշատակ կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին» մասերը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ, երբ սրբալոյս կարդինալին մարմինն ամփոփող արկղը ժողովրդային թափօրով դուրս եկաւ հրապարակէն եւ ուղղուեցաւ դէպի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցին, հանգչելու համար իր նորակառոյց շիրիմին մէջ:

Տաճարին մէջ, հայ կաթողիկէ հոգեւորական դասը «Ուրախ լեր» շարականով, խորանին վրայ զետեղեց իր սրբաշունչ Կաթողիկոս-Պատրիարքին ապակեայ տապանը: Ապա, առիթ տրուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն, որ իրենց յարգանքին տուրքը մատուցանեն լիբանանեան հայրենիքին նորագոյն Սուրբին, որմէ շնորհք ստանալու համար փութացած էին Լիբանանի զանազան շրջաններէն եւ արտասահմանէն, «Նահատակաց Հրապարակ»-ը, եւ այն՝ տարբեր կրօններու, յարանուանութիւններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ ու պատկանող լիբանանցիներ, ինչպէս ալ հայեր ու հիւրեր՝ սփիւռքէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2024, 09:46