Որոնել

2021.04.08 padre nostro

ՀԱՅՐ ՄԵՐ

Մի՛ ըսեր «մեզ փրկէ չարէն» եթէ չարին չընդդիմանաս։ Եւ, մի՛ ըսեր «Ամէն» եթէ լուրջի չես առած այս Տէրունական աղօթքին խօսքերը։

Մի՛ ըսեր «Հա՜յր»,

եթէ ամէն օր դուն քեզ իբր որդի չես նկատեր եւ ըստ այնմ չես վարուիր։

Մի՛ ըսեր «մեր»

Եթէ քու եսիդ մէջ կղզիացած կ՚ապրիս։

Մի՛ ըսեր «որ երկինքն ես»

եթէ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը մտածես։

Մի՛ ըսեր «սուրբ ըլլա՛յ Քու անունդ»,

եթէ զայն [անունը] չես պատուեր։

Մի՛ ըսեր «թող գայ թագաւորութիւնդ»

Եթէ զայն նիւթական յաջողութեան հետ կը շփոթես։

Մի՛ ըսեր «թող կամքդ ըլլայ»

եթէ զայն չես ընդունիր երբ վիշտ պատճառէ քեզի։

Մի՛ ըսեր «Մեր ամէնօրեայ հացը տուր մեզի»

եթէ չես կերակրեր ու խնամեր անօթի անձերը։

Մի՛ ըսեր «ներէ՛ մեզի մեր յանցանքները»

Եթէ եղբօրդ հանդէպ ոխ կը պահես։

Մի՛ ըսեր «մեզ Փորձութեան մի՛ տանիր»

Եթէ մեղքի առիթներէն չես փախչիր եւ կը մտադրես դարձեալ մեղանչել։

Մի՛ ըսեր «մեզ փրկէ չարէն»

Եթէ չարին չընդդիմանաս։

Եւ հուսկ, մի՛ ըսեր «Ամէն»

եթէ լուրջի չես առած այս Տէրունական աղօթքին խօսքերը։

 

ԱՆԱՆՈՒՆ ՀԵՂԻՆԱԿ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 12:00