Որոնել

2024.07.04 preghiera, crocifissione, croce

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ Դ. Շաբաթ Վերափոխումէն ետք (8_15 Սեպտեմբեր 2024)

Հայ Եկեղեցին Խաչվերացը կը տօնէ Սեպտեմբերի 11-17 ժամանակահատուածին հանդիպող Կիրակի օրը, իսկ տօնի յաջորդ օրը " Օր Մեռելոց" է:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի օրուայ աւետարանը կը խօսի Խուլ ու Համրին բուժման մասին։

Բոլոր շաբաթը, երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ, պատրաստողական պահք մըն է Սուրբ Խաչի տօնին առթիւ. Խաչվերացը, կամ Սուրբ Խաչի յաղթական վերադարձին տօնը, 5 տաղաւարներէն մին է հայկական տօնացոյցին. Այս պատճառաւ ալ կ՛ընդգրկէ պատրաստողական պահք եւ ապա` տօնէն ետք, նաեւ օր մեռելոց եւ տօնի շարունակութիւն, ամբողջ շաբաթ մը։

Շաբաթ օրը` Նաւակատիքն է Սուրբ Խաչին.  Նաւակատիքը շաբաթապահքի մը աւարտին` պահքի մեղմացումն է. Այն օրը կարելի է զոր օրինակ ձկնեղէն ու կաթնեղէն ուտել։ 

Սակայն Նաւակատիք կը կոչուի նաեւ եկեղեցւոյ մը շինութեան աւրտին կատարուած հանդէսը. 

Ամէն տարի, նոյն եկեղեցւոյ կառուցման տարեդարձի օրը կը կոչենք մեր ծէսին մէջ Նաւակատիք։

Շաբաթապահքը եւ Նաւակատիքը նիւթական ու մարմնական պատրաստութիւններ են Սուրբ Խաչի մեծ տօնին, որուն պէտք է նաեւ պատրաստուիլ հոգեպէս, աղօթքով ու ապաշխարութեամբ։

ԽԱՉՎԵՐԱՑը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն վերջինն է: 

Ան  ամենակարևորն է Խաչին նուիրուած տօներուն մէջ, որովհետև նուիրուած է խաչին գերութիւնէն վերադարձին, անոր բարձրացման և փառաբանութեան պատմական յիշատակին: 

Հայ Եկեղեցին Խաչվերացը կը տօնէ Սեպտեմբերի 11-17 ժամանակահատուածին հանդիպող Կիրակի օրը, իսկ տօնի յաջորդ օրը " Օր Մեռելոց" է:

610 թ. պարսից Խոսրով արքան մեծաքանակ զօրքով կը յարձակի Բիւզանդական կայսրութեան վրայ: Սկզբնական յաջողութիւններէն ոգևորուած՝ պարսկական զօրքերը 614 թ. կը մտնեն Երուսաղէմ: Շատերուն կը սպաննեն եւ շատերն ալ գերի կը վերցնեն: Վերջիններու մէջ էր նաև Երուսաղեմի Զաքարիա հայրապետը: Բայց պարսիկներն այսքանով չեն բաւարարուիր. կը մտնեն Ս. Յարութեան տաճար և գերի կը վերցնեն այնտեղ պահուող Աստուածընկալ Ս. Խաչը, որը Դ.  դարու սկզբին Կոստանդիանոս կայսեր մօր Հեղինէի ձեռքով գտնուած և պաշտամունքի առարկայ  դարձած էր բոլոր քրիստոնեաներու համար:

628 թ. Բիւզանդական զօրքերը Հերակլ կայսեր գլխաւորութեամբ խաչափայտը վերադարձնելու համար կը պատերազմին պարսիկներու դէմ: Բիւզանդական զօրքին կ’օժանդակէ նաև հայկական զօրախումբը Մժեժ Գնունիի գլխաւորութեամբ: Տիրոջ օգնութեամբ բիւզանդացիները յաղթանակ կը տանին: 

Ս. Խաչը հանդիսաւոր թափօրով կը տեղափոխուի հայոց Կարին քաղաքը: 

Իսկ Կարինէն զայն կը տեղափոխեն Կ. Պոլիս, ապա Երուսաղէմ: 

Գերեդարձի ճանապարհին, Տիրոջ խաչափայտը կը բարձրացուէր և ցնծութեան առիթ կ’ըլլար ժողովուրդին համար: 

Խաչը քրիստոնեաներու համար Աստուծոյ զօրութիւն է ու պարծանքներու պարծանքը, որուն վրայ իր անմեղ արիւնը թափեց Քրիստոս՝ տալով մեզ յաղթութեան զէնքը՝ ընդդէմ սատանային ու անոր խաբկանքներուն: 

Յիսուս խաչին վրայ ցոյց տուաւ իր անհուն սէրը մարդկութեան հանդէպ, և խաչը դարձաւ մեզի համար յոյսի, սիրոյ և փրկութեան երաշխիք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2024, 08:00