Երբ Աւետարանի արժէքները կը նահանջեն…Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն
Անիմանալի մատեան մըն է Աւետարանը, որ բացած է իմաստութեան այնպիսի ուղիներ, որոնք տակաւին այսօր ոչ փոշի եւ ոչ ալ խաւար կը ճանչնան:
Յառաջանալով այդ ուղիներէն կը գիտակցինք, թէ ի'նչպէս աստուածային վարդապետը՝ Քրիստոս, բազմակի առիթներով եւ խօսքերով արտայայտած էր Իր ընդդիմադիրներուն՝ Փարիսեցիներուն, Իր ատելութիւնը նկատմամբ անոնց կեղծաւորութեան: Եւ երբ Քրիստոս Ինքն է, որ կը դատապարտէ կեղծաւորութիւնը, կը նշանակէ, թէ կարելի չէ շրջանցել Իր խօսքը, եւ ոչ ալ սակարկել:
Յիսուս ամենեւին չի վարանիր նմանցնելու այդ կեղծաւորները «ճերմկցուած գերեզմաններու, որոնք դուրսէն գեղեցիկ կ'երեւին, իսկ ներսը ամէն տեսակ պղծութեամբ լեցուն են» (Մատթէոս 23, 27):
Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ դրուագ մը, որուն դերակատարը փարիսեցի մըն է (Ղուկաս 11, 37-41):
Ան կ'աղաչէ, որ Յիսուս իրեն ճաշի երթայ:
Յիսուս չի' մերժեր հրաւէրը. կը մտնէ ու կը բազմի. բայց...չի լուացուիր ճաշէն առաջ:
Այս «բայց»-ն է, որ ամբողջ թնճուկը կը կազմէ սոյն դրուագին:
Յիսուս դէմ առ դէմ կը գտնուի արտաքինը յարգող ու ներքինը անտեսող կրօնական գաղափարախօսութեան մը հետ:
Աստուածային վարդապետը, նոյնհետայն, կը փութայ ապացուցանել զուտ արտաքինին կարեւորութիւն տուող կրօնքի մը ապիկարութիւնն ու կեղծիքը:
Արդարեւ, կրօնք մը, որ մարդուն սրտի մաքրազտումը կ'անտեսէ եւ արտաքինին կարեւորութիւն կ'ընծայէ, չի' կրնար Աստուծոյ հետ սիրոյ յարաբերութեան արտայայտութիւն մը ըլլալ:
Աւետարանին վերոյիշեալ դրուագին մէջ, Յիսուս բաւական անդրդուելի վերաբերում մը ցոյց կու տայ զԻնք հրաւիրող փարիսեցիին նկատմամբ, որովհետեւ Ինք, որ սրտերուն խորութիւնը կը չափէ, քաջ գիտէ՝ թէ ի'նչ չարամիտ դիտաւորութեամբ եւ յետին նպատակով այդ փարիսեցին զԻնք կ'ուզէ հիւրասիրել:
Այնուհանդերձ, մեր Տէրը չ'ուզեր խզել սկսող բարեկամական յարաբերութիւնը զԻնք հիւրասիրող կեղծաւոր Փարիսեցիին հետ, որ շահագրգռուած չէ Յիսուսի անձով, այլ՝ առիթ կը փնտռէ Վարդապետին ըրածներուն մէջ սխալ մը կամ օրինազանցութիւն մը գտնել: Փարիսեցիին սիրտը տրամադրուած չէ իր հիւրը պատուելու. Հետեւաբար որոգայթաւոր հրաւէր մըն է Յիսուսը մօտէն դիտելու, Իրեն ծուղակ լարելու, ապա՝ դատելու ու դատապարտելու համար:
Այս թշնամանքի եւ սրտի կեղծաւորութեան դիմաց, Յիսուս նկատելով փարիսեցիին ողորմելիութիւնը՝ կը հակազդէ բուռն խօսքերով. «Դուք՝ Փարիսեցիներդ, կը մաքրէք պնակին եւ բաժակին արտաքինը, իսկ ձեր ներքինը լի է յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ» (Անդ, Ղուկաս 11, 39): Մեր Տէրը կ'ուզէ մատնանշել այդ կեղծաւորին սխալը ու զինք հրաւիրել՝ իր սիրտն ու էութիւնը ամբողջութեամբ մաքրազտելու:
Այս մաքրազտումը կը կայանայ՝ Քրիստոսի անձին մէջ ճանչնալու Աստուծոյ Սուրբը, միակ մաքուր Մարդը, քանի որ ան Աստուած է միանգամայն:
Ուշագրաւ է, որ չորս աւետարաններուն մէջ, Աստուածային Վարդապետին գործած բուժումներն ու կատարած արտաքին ու ներքին մաքրութիւնները տեղի ունեցած են ճիշդ ա'յն պահուն՝ երբ բուժուելու համար Իրեն դիմող հիւանդները ճանչցած էին զԻնք որպէս Աստուծոյ Սուրբը, կամ՝ խոստացեալ փրկարար Մեսիան:
Իրօք, Աստուած է, որ կը բժշկէ ու կը մաքրէ եւ ոչ թէ լոկ մեր բարի գործերը. ասոր համար, Յիսուսի սրբութիւնը ճանչնալ եւ Իրմէ բժշկութիւն հայցել՝ միակ ճամբան է մաքրազտումի եւ փրկութեան:
Կարծելով, թէ կրնայ մաքրուիլ կամ փրկուիլ՝ ապաւինելով միայն իր արտաքին գործերուն, այս փարիսեցին բոլորովին անմաքուր կը մնայ, քանի որ ինքզինք կը խզէ ու կը կտրէ կեանքի ու շնորհքի ակնաղբիւրէն. միակը, որ ի վիճակի է մարդը փոխելու եւ մաքուր դարձնելու Աստուծոյ աչքին:
Վերջապէս, այս փարիսեցին կը նախընտրէ լաւ երեւիլ մարդոց, քան՝ Աստուծոյ առջեւ եւ իր ցուցաբերած կեցուածքը իսկական նախատինք մըն է Ստեղծողին նկատմամբ, որովհետեւ ուրիշ բան չի փնտռեր՝ եթէ ոչ մարդկային գնահատանքն ու փառքը:
Աղօթենք.
Տէր իմ եւ Աստուած իմ, այս փարիսեցիին նման երբեմն ես ալ հակամէտ եմ դատելու ու դատապարտելու:
Քեզ ալ կ'անարգեմ՝ փնտռելով ոչ Քեզ, այլ՝ ուրիշներուն լոկ հաճելի դառնալ:
Քեզմէ ներում կը խնդրեմ: Ինծի օգնէ, որպէսզի քու վրադ միայն դնեմ վստահութիւնս, հաւատքս եւ միայն Քեզ սիրեմ: Ամէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ