Որոնել

2024.06.22 Gesù calma la tempesta

«Վարդապետ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք» (Մրկ. 4, 38) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

Անցեալ կիրակի եւ մեկնելով Աւետարանի հատուածէն, բոլորս տեսանք թէ ինչպէս կարող ենք հաստատ կապեր ստեղծել մեր Երկնաւոր Մօր հետ. իսկ այսօր մեր Աւետարանի հատուածը մեր առջեւ կը դնէ հետեւեալ հարցումը. «ի՞նչ պէտք է ընել որպէսզի աւելի լաւ ճանչնանք զՔրիստոս»։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ, այսօր կը սկսինք Աստուածամօր Վերափոխման տօնէն ետք երրորդ կիրակին։

Անցեալ կիրակի եւ մեկնելով Աւետարանի հատուածէն, բոլորս տեսանք թէ ինչպէս կարող ենք հաստատ կապեր ստեղծել մեր Երկնաւոր Մօր հետ. իսկ այսօր մեր Աւետարանի հատուածը մեր առջեւ կը դնէ հետեւեալ հարցումը. «ի՞նչ պէտք է ընել որպէսզի աւելի լաւ ճանչնանք զՔրիստոս»։

• «Նոյն օրը երեկոյեան, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. Եկէք լիճին միւս կողմը անցնինք» (Մրկ. 4, 35)։

Սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, Քրիստոս ամէն օր եւ ամէն վայրկեան մեր հետ կը խօսի որպէսզի մեզ՝ դէպի զԻնք ուղղէ, եւ մենք դառնանք Անոր արիւնով քննուած մէկական զաւակները. սակայն միշտ ու միշտ վերջնական եւ վճռական պատասխանը մեզմէ պահանջուած է. «կ՛ուզե՞մ Յիսուս իմ կեանքիս մէջ թէ ոչ»։ Շատ բնական է որ բոլորս «Այո» պիտի ըսենք որքան ալ նեղուած ըլլանք Անկէ, եւ այդ պատճառով է որ այսօր իսկ մեզմէ խնդրուած է ելլել մեր տեղերէն եւ անցնիլ լիճին միւս կողմը։ Երբ կ՛ըսեմ լիճին միւս կողմը կը նշանակէ մոռնալ մեր անցեալը եւ սկսիլ նոր կեանք՝ նուազ մեղքերով եւ լեցուն Աստուծոյ Շնորհքով եւ կամքով։ Սիրելիներ, բաւարար չէ այս պարագային միայն «Այո» ըսել, այլ նաեւ պէտք է ի գործ դնել մեր տուած «Այո»ն՝ աշխատանք թափելով մենք մեր անձերուն եւ հոգիներուն վրայ՝անդադար եւ առանց յոգնելու։

• «Յանկարծ զօրաւոր հով մը փոթորկեց լիճը։ Ալիքները նաւակին զարնուելով՝ ներս կը թափէին, զայն լեցնելու աստիճան...» (Մրկ. 4, 37) ։

Սիրելիներ, երբ որոշենք փոփոխութիւններ կատարել մեր կեանքէն ներս, եւ այդ փոփոխութիւնները օգտակար են մեր հոգիներուն համար, հարցերը եւ դժուարութիւնները պիտի կրկնապատկուին ու զօրանան առաւել եւս. ինչո՞ւ, որովհետեւ երբ ես կը որոշեմ ապրիլ համաձայն Աստուծոյ խօսքին եւ կամքին, շատ բնական է որ չարը եւ կամ սատանան պիտի չհանդուրժէ այս յայտարարուած պատերազմը իր դէմ, եւ անոր ամբողջ պայքարը պիտի ըլլայ մեզ զինաթափ ընել, որպէսզի դառնանք եւ մնանք միայն ու միայն անոր ձեռքին եւ գերութեանը տակ։ Հետեւաբար սիրելի քոյրս եւ եղբայրս, երբ կը զգաս որ Քրիստոսի մօտենալովդ դժուարութիւնները վերջ չունին, կը նշանակէ թէ քեզ կը սպասէ երկնքի պսակը եւ անվերջ շնորհքներ…չյուսահատիս։

• «Վարդապետ, հոգդ չէ՞ որ մենք կը կորսուինք» (Մրկ. 4, 38)։

Զգոյշ ըլլանք սիրելիներ երբ կը գտնուինք դժուարութեանց մէջ։ Չարը իր բոլոր ջանքը պիտի թափէ, որպէսզի այս բոլոր նեղութիւնները վերագրենք Աստուծոյ, եւ զԻնք այպանենք ըսելով թէ՝ ոչ մարդասէր Աստուած մըն է...յիշենք որ մեր բոլոր դժուարութիւնները եւ նեղութիւնները չարէն են եւ ոչ Աստուծմէ, որովհետեւ Երկինքէն եկածը միայն ու միայն բարին է ու լաւը...զգոյշ։

• «Ինչո՞ւ այդպէս վախկոտ էք. տակաւի՞ն հաւատք չունիք» (Մրկ. 4, 40)։

Որպէս մէկական մարդ արարածներ, չարը դիւրաւ մեզ կրնայ խափել, եւ առաւել եւս մեզ վախի եւ կասկածի մէջ մտցնել, որպէսզի մեր մէջէն վերցնէ խաղաղութիւնը եւ վստահութիւնը՝ Աստուծոյ եւ իր սուրբերուն հանդէպ։ Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, որպէսզի չարին կարողանանք յաղթել, մեզմէ պահանջուած է ՀԱՒԱՏԱԼ եւ կամ ՀԱՒԱՏՔ։ Երբ հաւատքի հատիկը որ կը գտնուի մէջս, կը կարողանամ աճեցնել, պիտի դառնայ պտղատու ծառ մը որ ոչ ոք պիտի կարողանայ զայն մօտենալ ու վնաս հասցնել՝ անշուշտ մեր Երկնաւոր Հօր նախախնամութեամբ եւ պաշտպանութեամբ...հետեւաբար սիրելիներ, կարելի եղածին չափ աշխատինք մենք մեր հոգիներուն վրայ, որպէսզի մեր մէջ հաւատքը զօրացնելով, զօրացնենք նաեւ վստահութիւնը եւ սէրը Աստուծոյ հանդէպ. Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2024, 08:00