Որոնել

2024.09.22 Ordinazione Episcopale di Mons Giorgio Noradounghian, Primate della chiesa armeno cattolica dell'Armenia

Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը Հռոմի մէջ

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ձեռամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն, կղերական դասին ու Վատիկանեան վերին իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Շաբաթ` 21 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան Հռոմի Թոլենթինացի Սուրբ Նիկողայոսի անուամբ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ Առաջնորդ` Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերուն, կղերական դասին ու Վատիկանեան վերին իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն` որոնց շարքին Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, որ արարողութեան ընթացքին ընթերցեց եպիսկոպոսական տիտղոսի տուչութեան Քահանայապետական կոնդակը, եւ վաստակաւոր Վերատեսուչ` Կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Վերատեսչութեան Քարտուղար` Գերապայծառ Ֆլավիօ Փաչէ։

Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին Քահանայապետական կոնդակը ձեռքին
Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին Քահանայապետական կոնդակը ձեռքին

Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու կղերական դասի անդամներ նորօծ ձեռնադրեալ Արքեպիսկոպոսի ծնողները, հարազատներն ու բարեկամները եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Պորիս Սահակեան եւ դեսպանատան աշխատակազմի անդամները։

Սրբազան արարողութեան ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանելով ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս,

Ինծի համար անհուն ուրախութիւն եւ երջանկութիւն է հաւաքուիլ այսօր քահանայութիւնս կիսող եղբայրներուս հետ Քրիստոսի Սուրբ Խորանին շուրջ՝ ուր մեր Փրկիչը կը զոհաբերէ Իր անձը մեզի համար դառնալով բոլորիս «ծառան»:

«Եպիսկոպոսութեան» հարազատ իմաստը որ այսօր կը փոխանցենք մեր սիրելի որդի Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանին, «Քահանայութեան Լրումն» է՝ ըմբռնուած սակայն որպէս «Զոհաբերումի Կատարելութիւն»...

Սրտի մաղթանքս է որ հետեւելով բոլորիս «Բարի Հովիւ Յիսուսի»՝ նայիս շուրջի հաւատացեալներուդ եւ առաջնորդես զանոնք հարազատ սիրով ուսերուդ վրայ տանելով Քրիստոսի Խաչը «Սիրոյ Լռութեամբ»...

Որպէս անսակարկելի «Սպասաւոր Աստուծոյ Խօսքին» եւ անոր տարածումին, Քրիստոսի հարազատ Աշակերտը՝ անշահախնդիր, անդադար եւ առանց նիւթական արժէքներու կապուածութեան, մինչեւ իսկ «Սիրոյ զօդով կապուած Աղքատութեան» Աստուածային առաքինութեան՝ պէտք է Աստուածային եւ երկնային գանձերը փոխանցէ բոլոր կարօտեալներուն, իր կոչման փառքն ու պատիւը համարելով ոչ թէ «առնելը՝ այլ տալը», ինչպէս կը սորվեցնէ մեզի «Ազգերու Առաքեալ»՝ Սուրբ Պօղոս (հմմտ. Գործք Առաքելոց 20, 35):

Պատասխանատուութիւնը որ կը տրուի Քեզի «Առաքելական յաջորդականութեամբ», Մարգարէին իսկ խօսքերով մնայուն կերպով կը զգուշացնէ քեզի ըլլալու «Աստուծոյ Մարդը հոգիներու յաւիտենական փրկութեան համար», առանց ո՛րեւէ մարդկային ակնառութեան եւ հաշիւի, այլ աչքիդ առջեւ ունենալով միայն Աստուծոյ խօսքին սուր պատգամը թէ՝ քեզի յանձնուած հոգիներու փրկութեան հաշիւը պիտի պահանջուի քեզմէ եթէ Աւետարանական հոգիով չկատարես Քու պարտականութիւնդ (տե՛ս Եզեկիել 33, 7-9)...

Շնորհքի եւ մարդկային ամէն տեսակի բարիքի պաշարը պէտք է «հաղորդական անօթներու» նման Հայրութիւնդ արդար եւ մարդասէր հոգիով բաժնէ ամէն մէկուն՝ իր կարիքներուն եւ պահանջքներուն համաձայն եւ ոչ թէ մղուելով անհատական կողմնակցութենէ...

Այսօրուան ստացած «Քահանայութեան Կատարելութեան» շնորհքդ սկիզբը թող նկատուի եւ հանդիսանայ Դէտի մը կոչումին եւ գործունէութեան մաս կազմող առաքինութիւններու խճանկարին որ օրէ օր խորանալով, աճելով եւ զարգանալով՝ հասցնէ Քեզ Քրիստոսի Պատկերին Քահանայապետական կատարելութեան:

Յարուցեալ Քրիստոսի նման կը յանձնարարեմ որ բանաս փակ դռները «Խաղաղութեան Բանալիով» եւ Քու կեանքի ճանապարհորդութեանդ խոցերու եւ ցաւերու փորձառութեամբ՝ միայն քաղցրութիւն եւ ներողամտութիւն բուրես շրջապատիդ, փոխանցելով վհատած եւ յուսահատած սրտերուն՝ լոյս եւ քաջալերանք, առատօրէն նուիրելով Քու կարգիդ Աստուածային շնորհքները Սուրբ Հոգիին՝ ճոխացնելու համար Քրիստոսի իսկ «Խորհրդաւոր Մարմինը» որ է Եկեղեցին եւ այս բոլորը կատարելով, միշտ յիշելով Տէրունական խօսքը, յորդորն ու հրահանգը թէ՝ «Ձրի ստացաք եւ ձրիաբար բաշխեցէ՛ք» (հմմտ. Մատթէոս 10, 8)...

Խնդակցութիւնս կը յայտնեմ եւ երախտագիտութիւնս, նախ եւ առաջ Աստուծոյ՝ այսօրուայ մեծ շնորհքին համար. ապա՝ Եկեղեցւոյ պատկան իշխանութիւններուն, յատկապէս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, ինչպէս նաեւ Պետ Քարտուղար Փիեթրոյ Արքեպիսկոպոս Փարոլին Ծիրանաւորին որ այսօր զինք այստեղ կը ներկայացնէ Գերյարգելի Փավել Օպիեցինսկի. Արեւելեան Եկեղեցիներու Գրասենեակի նախկին եւ այժմու Նախագահ Ծիրանաւորները, յանձինս Լենոնարտոյ Արքեպիսկոպոս Սանտրիի եւ Կլաուտիոյ Արքեպիսկոպոս Կուճերոթիի. Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Հաստատութեան որու Մայրավանքին Մեծաւորը եւ Մեր Փոխանորդն էր մինչեւ իր այս նշանակումը՝ նորօծ Արքեպիսկոպոսը:

Հուսկ, շնորհաւորութիւններս կ’ուղղուին մեր համայն Հայ կաթողիկէ Նուիրապետութեան եւ անոր Հաստատութիւններուն ու Թեմերուն, Գէորգ Արքեպիսկոպոս Նորատունկեանին եւ մասնաւորապէս իր ստանձնելիք Առաջնորդութեան որ արդէն իսկ մեծ սիրով եւ սպասումով կ’ողջունէ իր մօտալուտ ժամանումը դէպի Հայաստան՝ ուր տեղի պիտի ունենայ ամսոյս 26-ին նաեւ իր Գահակալութիւնը:

Յիրաւի, կրկնակի շնորհք մըն է մեր Հայրապետական պաշտօնէն ետք որ ինք գայ եւ յանձն առնէ սոյն կենսական առաքելութիւնը՝ ի նպաստ եւ ի սպաս մեր Հայ ժողովուրդին ու Պետութեան, մասնաւորապէս այս օրուան ուրախալի տօնին առիթով, այսինքն է՝ Հայաստանի Անկախութեան:

Մեր աղօթքը, երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը չենք կրնար զլանալ նաեւ իր Ընտանիքի հարազատ անդամներուն, յատկապէս Տիրամայր Ժորժէթին որ սիրայոժար եւ վեհանձնօրէն իր երկու զաւակները նուիրած է Աստուծոյ Խորանին եւ ծառայութեան:

Մեր այսօրուայ խորհրդածութիւնը կը փափաքիմ կնքել մեր Սուրբ Հայրերու Շարականի մէկ տունով, նուիրուած Սուրբ Խաչին որ կ’երգէ ըսելով՝ «Նշոյլք կենսատու Սուրբ Խաչին. արեգակնակերպ փայլմամբն  թափանցիկ լուսովն ի յարեւելից յայտնեալ. ժողովուրդք բարեբանելով զՔրիստոս տօնեցէք ուրախութեամբ». Ամէն: (Շարական, Համբարձի ԳԿ, կանոն Տօն Խաչի):

 

Նորօծ Առաջնորդ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեան
Նորօծ Առաջնորդ Արհ. Տ. Գէորգ Արքեպս. Նորատունկեան

Գրեթէ երեք ժամ տեւած հոգեպարար արարողութեան աւարտին  Նորօծ Աջանորդը արտասանեց հետեւեալ խօսքը

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք,

Վսեմաշուք Ծիրանաւորներ,

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տիարք,

Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ Հայրեր,

Առաքինազարդ Քոյրեր,

Յարգարժան Դեսպաններ եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ,

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ,

Այս մեծ շնորհքի օրուան ընթացքին, գոհութեան ու երախտագիտական զգացումներս կը յայտնեմ՝

• Ամենակալ Աստուծոյ, որ հաճեցաւ հայիլ իր ծառային համեստութեան,

• Սրբազան Քահանայապետին, իմ սահմանափակ ու վիրաւոր անձիս հանդէպ ցուցաբերած վստահութեան,

• Նորին Ամենապատուութեան եւ Գերերջանկութեան,

• Երեք դարեան իմ պանծալի Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեանս,

• Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերուն, որոնք ժամանակէ մը ի վեր մտաբերեցին ու ներկայացուցին իմ խոնարհ անձս, որպէս թեկնածու այս նոր առաքելութեան: Սիրելի եղբայրներ, պատիւն ունիմ մաս կազմելու ձեր Ս. Ժողովին,

• Գերապատիւ Հայր Միքայէլ Վրդ. Պասալէին, Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի առաջնորդութեան վաստակաւոր առաքելական կառավարիչին: Շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ սիրեցեալ եղբօր, անոր երկու տարուայ տարած նուիրական, կազմակերպչական հոգիին եւ իր իրագործած լուրջ պաշտօնավարութեան, որոնք նպաստեցին Մայր Հայրենիքի մէջ առաքելական հաւաքական խճապատկերի ամբողջացումին:

Այս շնորհալի ու պատուաւոր պահը կը նուիրեմ՝

• Իմ ընտանիքիս, անոնց ջամբած Քրիստոնէական դաստիարակութեան ու եկեղեցասիրութեան համար,

• Իմ մեծաւորներուս եւ ուսուցիչներուս, Ս. Թովմաս Ագիւնացիի, Գրիգորեան ու Սալեզեան համալսարաններուն եւ իտալական սկաուտական շարժումին եւ սկաուտներուն,

• Աշխարհական իմ համագործակիցներուս, որոնք հաւատացին իմ կարողութիւններուս եւ հանդուրժեցին իմ սահմանափակումներս,

• Տարբեր առաքելութիւններուս ընթացքին կողքիս հանդիսացած բարերարներուն, որոնք քահանայական ձեռնադրութեանս առաջին օրէն մինչեւ Լիոնի առաքելութեանս սատար հանդիսացան հոգեւոր բարեզարդման իմ ծրագիրներուս:

Տիրոջ օգնութեամբ եւ ձեր ջերմ աղօթքներու ընկերակցութեամբ կը մեկնիմ դէպի նոր առաքելութեանս վայրը հոգեկան պատրաստակամութեամբ:

Իմ առաջնորդութեանս նշանաբան ընտրեցի հետեւեալ խօսքը. «Ճշմարտութեամբ եւ Սիրով»:

Երկու հրամայականներ ունենալով՝ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ ու Արեւելեան Եւրոպայի աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային շրջանակներէն ներս:

Կը մեկնիմ ձեռքերս պարզած՝

• Առաքելական եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու եղբայրակիցներուս նկատմամբ,

• Հայրենիքիս քաղաքական իշխանութիւններուն եւ իմ առաջնորդութեանս սահմաններուն մէջ գտնուող պետութիւններուն նկատմամբ,

• Քահանաներուն եւ ներկայի ու ապագայի իմ համագործակիցներուս նկատմամբ:

Իմ միակ եւ անկեղծ դիտաւորութիւնս է, եւ Տիրոջմէ կը խնդրեմ, որ օգնէ ինծի որպէսի ըլլամ՝

• Իսկական հովիւ, հաճելի դառնալով անոր, որ զիս վստահեցաւ այն հոտին,

• Հայր եւ եղբայր Առաջնորդութեան կղերական դասին,

• Եւ կազմաւորիչ ապագայի թեկնածու հոգեւորականներուն։

Որպէսզի առաջնորդութիւնս իր ամբողջական իմաստով գործէ՝ անհրաժեշտ է ունենալ բարի կամքով դրսեւորուած արհեստավարժ այր եւ կանայք:

Մինչ, առաքելութիւնս Տիրոջ առաջնորդութեան եւ Մարիամ Աստուածածնի մայրական խնամքին կը վստահիմ: Նաեւ երկինքի մէջ հանգչող նախորդ առաջնորդ արքեպիսկոպոսներէն՝ Ներսէս Տէր Ներսէսեանի եւ Նշան Գարաքեհէեանի բարեխօսութիւնները կը հայցեմ, խնդրելով անոնց աղօթքները, որպէսզի Տէրը չթոյլատրէ խոչընդոտներն ու խաչաձեւումները առաքելական ճանապարհիս ընթացքին եւ յապաղի իմ ազնիւ ընթացքս բծախնդրութեամբ միաւորել ուղղամիտ մարդոց քայլերուն, որոնք պատրաստ են աջակցելու հոգիներու փրկութեան, Եկեղեցիի բարօրութեան եւ Աստուծոյ փառքը փնտռելու ծառայութեան ծիրէն ներս:

Խմբանկար
Խմբանկար

“Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզ հայկական բաժանմունքի անձնակազմը շնորհաւորութիւններ կը փոխանցէ նորօծ առաջնորդին ապահովեցնելով աղօթք եւ բարի ու պտղաբեր առաքելութեան մաղթանքներ”

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/09/2024, 07:57