Որոնել

Կարդինալ Փիցապալլա կ՝այեցելէ Ժենին քաղաքը Կարդինալ Փիցապալլա կ՝այեցելէ Ժենին քաղաքը  (Latin Patriarchate of Jerusalem)

Պատրիարք Փիցապալլա Ժենինի պաղեստինցիներուն. Դուք մինակ չէք, շէնքերը կը վերակառուցուին

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը այցելեց Այսրյորդանան ժողովրդապետութիւնը, որ 10 օրերէ ի վեր թիրախ է Իսրայէլի հակաահաբկեչական գործութիւններուն։ Եղէ՛ք միասնական եւ տոկուն, յուսահատութիւնը ընտրանք չէ»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարք, կարդինալ Փիցապալլա, երեքշաբթի, 11 սեպտեմբերին ժամանեց Այսրյորդանանի հիւսիսը գտնուող՝ Ժենին քաղաքը, ուր տասը օրէ ի վեր թիրախ է Իսրայէլի կողմէ հակաահաբեկչական գործութիւններուն։

Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Կարդինալ Փիցապալլան այցելեց Լատինաց ժողովրդապետութիւնը ու «գնահատեց ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով պատճառուած վնասներ»։

Կարդինալն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին եկեղեցւոյ ժողովրդապետը, հայր Ամէր Ժուպրանը, մի քան քահանաներ, կրօնաւորներ ու հաւատացեալներ ու անոնք պատրիարքին տեղեկացուցին եկեղեցւոյ հասցուած մեծ վնասներուն, ինչպէս նաեւ հասարակութեան առկայ դժուարութիւններու մասին։

Կարդինալ Փիցապալլա հաւատացեալներուն փոխանցած խօսքին մէջ յարեց, թէ իրենք մինակ չեն, հակառակ դժուար ժամանակներուն եւ յուսահատութիւնը ընտրանք մը չէ։ Լատինաց Պատրիարքը ապահովուելով ապա, որ քանդուած բոլոր շէնքերը պիտի կառուցուին խրախուսեց միացած եւ տոկուն մնալ։

Կարդինալ Փիցապալլա ժողովրդապետութիւնը այցելելէ ետք, ինք ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը շրջեցան Ժենինի կարգ մը թաղամասերու մէջ, անձնապէս ստուգելու համար, ինչպէս նշուած է հաղորդարարութեան մէջ  «զինուորներու կողմէ հասցուած աւերածութիւններուն գործողութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2024, 11:56