Որոնել

Կարդինալ Փիցապալլա Կարդինալ Փիցապալլա  (ANSA)

Միջին Արեւելք՝ Կարդինալ Փիցապալլա. Զինադադարը հեռու է բայց խաղաղութիւնը հնարաւոր է

«հնարաւո՞ր է խաղաղութիւնը։ Միջին Արեւելքի ճգնաժամը» նիւթով կլոր սեղան՝ Հռոմի մէջ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի մէջ տեղի ունեցաւ «հնարաւո՞ր է խաղաղութիւնը։ Միջին Արեւելքի ճգնաժամը» նիւթով կլոր սեղան մը կազմակերպուած Սուրբ Պիոս Տա Փիեթրէլչինայ տօնի շրջանակէն ներս, Սան Սալվաթորէ Լաուրօ սրբավայրին մէջ։

«Վատիկան Նիւզ»ի խմբագրութեան ընդհանուր տնօրէն, տիար Թորնիելլի վարած կլոր սեղանին իրենց մասնակցութիւնը բերին քաղաքական եւ կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ ,որոնց շարքին սուրբ երկրի Լատինաց պատրիարք կարդինալ Փիերպաթիսթա Փիզապալլա։

Ելոյթին մէջ ծիրանաւորը անդրադառնալով Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ վերջերս արձանագրուած յարձակումներուն նկատել տուաւ որ « միշտ տաք եղած է Հիւսիսային ճակատը եւ ասիկա նորութիւն մը չէ, որովհետեւ կան լարուածութիւններ, սակայն ներկայ իրավիճակով կը վերադառնանք 2006 թուականին, երբ Իսրաէլի բանակը Լիբանան ներխուժեց ու այժմ հակամարտութեան բռնկումէն ետք, Հեզպալլան ուժեղացուց իր յարձակումները Իսրայէլի վրայ։

Երուսաղեմի Պատրիարքը նշեց ,որ ներկայ իրավիճակին մէջ «շատ դժուարէ հասկնալ մէկը միւսին մտադրութիւնները, կան մեղադրանքներուն փոխանակում, եւ դժուար է հասկնալ, թէ իսկապէս ինչպէս պատահած է։

Անդրադառնալով Այսյորդանանի իրավիճակին կարդինալ Փիցապալլա ըսաւ որ հոն բախումները կը շարունակուին բարձր լարուածութիւններուն պատճառով ու ատելութեան զգացումը՝ զոր առաջացաւ յարձակումներէն ետք, չ՝օգներ խաղաղութեան գործընթացքին, դարձնելով իրավիճակը աւելի վտանգաւոր ու պայթուն։

Երուսաղեմի Պատրիարքը ապա ակնարկեց Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Միացեալ նահանգներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններու մասին նշելով, որ հակամարտութեան լուծումը կարծես թէ շատ մօտիկ է սակայն խաղաղութեան տակաւին կարելի չէ հասնիլ։ «Հրամայական է շարունակել աշխատիլ ու ամէն ինչ որ կրնայ վստահութիւն բերել, մեծ բան մըն է »ըսաւ Ծիրանաւորը

Խաղաղութիւնը անկարելի չէ

«Խաղաղութիւնը միշտ հնարաւոր է», ըսաւ Կարդինալ Փիցապապալլա, «որովհետեւ դա ընտրանք մըն է ու չկայ երկու կողմերուն միջեւ քաղաքական խաղաղութիւնը՝ համաձայնութեան հասնելու համար ու այս պահուն պետական հիմնարկները կաթուածահար են եւ դիւանագիտութիւնը ի վիճակի չէ վճռական ազդեցութիւն ունենալու հակամարտութեան վրայ, ըսաւ Լատինաց Պատրիարքը հաստատելով որ ընկերութիւնը չէ կազմուած միայն հաստատութիւններէն այլ նաեւ այլ իրականութիւններէն։

«Այս տարի եթէ բան մը սորվեցայ ան ալ այն է, որ խաղաղութիւնը պէտք է պատրաստուի։ Խաղաղութիւնը մշակոյթի պտուղ է եւ պէտք է զայն պատրաստել դպրոցներուն մէջ՝ վարէն, ստեղծելով առիթներ, որոնք կարող են կամաց կամաց վերականգնել վստահութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2024, 11:27