Որոնել

Աղօթք, ծոմապահութիւն Աղօթք, ծոմապահութիւն 

«Աղօթք եւ Աղաչանք» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Մեր Տէրը Յիսուս շատ յաճախ երբ հիւանդի մը հանդիպէր, անոր կը հարցնէր՝ « ի՞նչ կ'ուզես որ ընեմ քեզի»: Յատկանշական է Տիրոջ այս հարցումը. արդեօք Ան չի գիտեր, թէ իր դիմաց կեցած անձը ինչ կ'ուզէ: Անշուշտ գիտէ: Սակայն երբ Յիսուս հարցնէ «ի՞նչ կ'ուզես», Իր նպատակն է, որ մարդը գիտնայ իր ուզածը:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Շատեր կը հարցնեն՝ « աղօթքի ժամանակ պէտք է Աստուծմէ բաներ խնդրել. ի վերջոյ Ան մեր բոլոր պէտքերն ու կարիքները գիտէ»: Այս հարցումին պատասխանելու համար առաջին հերթին պէտք է նշել, որ եկեղեցին աղօթք մատնանշող երկու տարբեր բառեր ունի: Առաջինը՝ ԱՂՕԹՔ (prière), որ կը նշանակէ պաշտամունք եւ զԱստուած մեծարել: Իսկ երկրորդը՝ ԽՆԴՐԱՆՔ (pétition), որ կը նշանակէ աղաչանք:

Եթէ Ս. Պատարագը նկատի առնենք, որպէս աղօթքի օրինակ, հոն կը տեսնենք որ արարողութեան կարեւոր մասը նուիրուած է զԱստուած փառաբանելու եւ պաշտելու. Այսուամենայնիւ հոն կայ նաեւ «Եւ Եւս»ները, որով եկեղեցին Աստուծոյ կը մօտենայ իր աղաչանքներով:

Մեր Տէրը Յիսուս շատ յաճախ երբ հիւանդի մը հանդիպէր, անոր կը հարցնէր՝ « ի՞նչ կ'ուզես որ ընեմ քեզի»: Յատկանշական է Տիրոջ այս հարցումը. արդեօք Ան չի գիտեր, թէ իր դիմաց կեցած անձը ինչ կ'ուզէ: Անշուշտ գիտէ: Սակայն երբ Յիսուս հարցնէ «ի՞նչ կ'ուզես», Իր նպատակն է, որ մարդը գիտնայ իր ուզածը:

Մեր կեանքերը շատ յաճախ այնքան իրարանցումով խճողուած է, որմէ դուրս ելլելու համար ամէն ջանք կը թափենք, առանց իսկապէս գիտնալու թէ ինչ կ'ուզենք: Բաւարար է, որ մեր իրականութենէ դուրս գանք, առանց անդրադառնալու թէ «դուրս» ըսելով ինչ բան կը խնդրենք: Եւ որովհետեւ մեր ջանքերը ոչ մէկ բան կը փոխէ մեր ցաւալի իրականութենէն, զԱստուած կ'այպանենք ըսելով՝ « Ի՞նչու Աստուած ինծի չօգներ. չի՞ գիտեր թէ ինչերէ կ'անցնիմ»: Անշուշտ թէ գիտէ. սակայն ան մեզ ստեղծեց ազատ կամքով, ըստ որուն Ան կը սպասէ մեր հրաւէրին: Աստուած կը փափաքի, որ մենք գիտակցինք մեր սխալին եւ ըստ այնմ խնդրենք պատշաճ օգնութիւն: Շատ յաճախ կը խնդրենք բաներ, որոնք մեզ մէկ սխալէ ուրիշ սխալի կը տանին:

Աղօթքի կեանքին մէջ հմտանալու համար նախ եւ առաջ պէտք է աղօթքի մարդ ըլլանք: Այսինքն՝ աղօթքը ըլլայ մեր կեանքի կարեւոր եւ անբաժանելի մէկ մասը: Շատ յաճախ կը լսենք մարդիկ, որոնք աղօթքի մասին օրէնքներ կը հիւսեն եւ խրատներ կու տան, առանց իրենք ըլլալու աղօթքի մարդ՝ այսինքն աղօթող: Երկրորդ կարեւոր կէտը որ կայ այն է, որ պէտք է մեր կեանքերը շաղախուած ըլլան Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդութեամբ: Այս մէկը կարեւոր է, որովհետեւ եթէ Աստուծմէ հեռու կեանք մը կ'ապրինք, նամանաւանդ իր պատուիրանները չկատարելու իմաստով, կարելի պիտի չըլլայ ճիշտ աղաչանքներ կատարել: Հոս կ'ուզեմ դարձեալ անդրադառնալ այն կէտին, որ աղօթքը առաջին հերթին Ս. Երրորդութեան նուիրուածպ աշտամունք է: Եթէ քրիստոնեայ մը պաշտամունքի կեանք չունի, կարելի չէ գիտնալ, թէ ի՞նչ կ'ուզէ իր կեանքին համար:

Սիրելիներ, ժամանակները օր ըստ օրէ կը վատթարանան: Գաղջ եւ կիսատ պռատ քրիստոնեան կարելի չէ յաղթել եւ յաղթական կեանք մը ունենալ: Աշխարհի հետ չենք կրնար մարտնչիլ աշխարհիկ սկզբունքներով: Չենք կրնար չարը չարով յաղթել: Այլ պէտք է չարը բարիով յաղթել: Եւ որպէսզի կարենանք այդ մէկը կատարել պէտք է աշխուժ եւ կենսունակ աղօթքի կեանք ունենալ: Կենալ Աստուծոյ առջեւ եւ պաշտել զԻնքը՝ « Հոգիով եւ ճշմարտութեամբ»: Ապա մեր աղաչանքները ներկայացնել իրեն, որոնք Իր կամքին համաձայն են: Այն ժամանակ պիտի վայելենք երկնային շնորհներ եւ ապրինք մնային խաղաղութիւն: Չմոռնանք Ս. Կոյսի եւ սուրբերու բարեխօսութիւնը խնդրելու, որոնք յաղթեցին այս աշխարհի եւ միշտ պատրաստ են մեզի օգնելու, որպէսզի մենք ալ կարենանք յաղթել:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2024, 07:00