«Սուրբերը՝ յաղթութեան գրաւական» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Սքանչելի են սուրբերը:
Եսայի մարգարէն խօսելով Քրիստոսի մասին ըսաւ՝ «Անոր անունը պիտի կոչուի
Սքանչելի...» (Ես. 9:6): Սուրբեր եւ վկաներ իրենց Տիրոջ եւ Փրկիչին օրինակին հետեւելով իրենք ալ դարձան «սքանչելիք» այս աշխարհին վրայ:
Եկեղեցին Ս. Հոգիի ներգործութեամբ դարերու ընթացքին ծնաւ սքանչելի վկաները՝ այրեր եւ կիներ, երեցներ թէ փոքրեր, որոնք իրենց կեանքերը ամբողջութեամբ նուիրեցին Աստուծոյ եւ Անոր Արքայութեան համար, եւ Աստուած պատուեց եւ բարձրացուց զանոնք սրբութեան աստիճանին: Եկեղեցին ինքն է, որ ծնաւ եւ կը ծնի այս սքանչելի մարդիկը, որոնք ճշմարտութեան մէջ կ'ապրին եւ Քրիստոսի միանալով կը դառնան Աստուծոյ ներկայութեան վկաները այս երկրի վրայ: Սուրբերը անուշաբոյր վարդեր են, որոնք կը ծլին եւ կ'աճին եկեղեցւոյ պտղաբեր հողին մէջ: Սուրբերը անոնք են, որոնք կը քալեն այս աշխարհի մէջ ձեռք ձեռքի բռնած իրենց երկնաւոր մօր՝ ամենասրբուհի Մարիամին, միշտ հայցելով անոր բարեխօսութիւնը, առաջնորդութիւնն ու պաշտպանութիւնը:
Սքանչելի են նաեւ ժամանակակից սուրբերը, որոնք առաւել եւս կը ներշնչեն մեզ. որովհետեւ անոնք նման մեզի ապրած են մեր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Շատ յաճախ կը լսենք մարդոցմէ գանգատները եւ դժգոհութիւններ, որ ներկայ ժամանակներու տագնապներն ու դժուարութիւնները այնքան անտանելի են, որ կարելի չէ այլեւս որպէս քրիստոնեայ ապրիլ այս աշխարհին մէջ: Նման արտայայտութիւններ ունեցողները կարծէք գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար ըսել կ'ուզեն, թէ Աստուծոյ պատուիրանները բոլոր ժամանակներու համար յարմար չէ: Սակայն ժամանակակից սուրբերը կու գան մեզի պատուիրելու հակառակը. իրենք ալ մեր դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները կրեցին մեզի նման, եւ սակայն հնազանդելով Աստուծոյ պատուիրաններուն, յաղթեցին անոնց վրայ եւ սրբութեան մակարդակին բարձրացան:
Կաթողիկէ եկեղեցին հարուստ է սուրբերով՝ յատկապէս ժամանակակից վկաներով: Ունի սուրբեր, որոնք աշխարականներ եւ եւ աշխարհիկ պաշտօններ վարած են: Կան սուրբեր, որոնք քաղաքականութեամբ զբաղած են: Ուրիշներ համեստ գիւղացիներ եղած են եւ կամ մեծահարուստ բարերարներ: Ինչպէս նաեւ կան բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ կամ խոնարհ վանականներ եւ քահանաներ:
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին զերծ չէ նման սուրբերէ: Այս կը յիշեմ յատկապէս վեր առնելով Աստուծոյ ծառան Կարդինալ եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք` Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի աճիւններուն Լիբանան ժամանումի առիթը: Հայ ազգի պարծանք այս եկեղեցականը Աստուծոյ այցելութեան նշանն է հայ ժողովուրդին: Ան եղած է ժրաջան՝ աշխուժ եւ գործունեայ եկեղեցական մը: Իրէն ժամանակակից մարդոց վկայութեամբ, անոր ներկայութիւնը աղօթաբոյր ազդեցութիւն ունած է մարդոց վրայ՝ ինք ըլլալով աղօթքի մարդ մը: Աստուծոյ ծառան եղած է պաշտպան հայ ազգի իրաւունքներուն ինչպէս նաեւ շատ մը հարստահարուածներու եւ ճնշուած ժողովուրդներու զօրաւիգը: Ան մանաւանդ եւ յատկապէս Աստուծոյ արքայութիւնը տարածող եւ Քրիստոսի աւետարանը քարոզող եկեղեցական մը: Բախենք երկնքի դռները հայցելով հայոց ծիրանաւորին բարեխօսութիւնը, մինչեւ այն օրը, որ զինք տեսնենք միացած սուրբերու դասին:
Հոս յիշենք նաեւ այն օրհնաբեր առիթը, ուր Ս. Շարպելի արձանը պիտի տեղադրուի մեր սիրեցեալ հայրենիքին հողին վրայ: Թող Աստուծոյ այս հզօր սուրբը աղօթէ մեր հայրենիքին պաշտպանութեան եւ օրհնութեան համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ