Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալի աճիւններուն հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը Պէյրութի մէջ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Յառաջիկայ Հինգշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը ականատես պիտի ըլլայ Աստուծոյ Ծառայ Աղաճանեան Կարդինալի աճիւններուն հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութեան, որ պիտի համախմբէ Լիբանանի բոլոր համայնքները։
Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին նախագահութեամբ, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին սիւնհոդոսական հայրերու մասնակցութեամբ, կրօնական, քաղաքական և հասարակական ականաւոր գործիչներու ու հաւատացեալներու ներկայութեամբ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին՝ Կարդինալ Աղաճանեանի աճիւնները վեհաշուք թափօրով պիտի տեղափոխուին եւ ամփոփուին «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ, Տըպաս հրապարակ, Պէյրութ։
Աճիւններուն Հռոմէն Պէյրութ փոխադրումը նախատեսուած է նոյն օրը` այսինքն 12 սեպտեմբերին։ Անոնք Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ կաթողիկէ Եկեղեցիէն պիտի մեկնին առաւօտ կանուխ ու Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանին մէջ պիտի դիմաւորուին նոյնինքն Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ, որ այս առիթով պիտի ժամանէ Հռոմ ու պիտի ընկերանայ երջանկայիշատակ Ծիրանաւորի աճիւններուն մինչեւ Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան, ուր դիմաւորումը տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի ներկայութեամբ։
Ծիրանաւոր Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին աճիւններուն հիւրընկալումն ինքնին հասարակ կրօնականբնոյթ չունի, քանի ան կը կը մարմնաւորէ ազգային ու միասնական ոգին, եւ այս առիթը տօն է, որովհետեւ Կարդինալ Աղաճանեան իր կեանքը նուիրաբերեց Ազգին ու Եկեղեցիին: Առաւել, ան ստանձնեց մեծպատասխանատուութիւններ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւն էր «Հաւատոյ Տարածման ժողով»-ին գահերէցի պաշտօնավարումը, ինչպէս նաեւ անոր պատմական մասնակցութիւնը Երջանկայիշատակ Յովհաննէս ԻԳ. ու Պօղոս Զ. Քահանայապետերուն ընտրութեան կարդինալական վեհաժողովին, որոնք ապա սրբադասուեցան Ֆրանչիսկոս Քանանայապետին կողմէ 2014 եւ 2018 թուականներուն։
Այս պատմական իրադարձութիւնը կը թուի, թէ կու գայ ամբողջացնելու Ալ-Տուէյհի Պատրիարքին երանացումին գործընթացքը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ Օգոստոս 2-ին, քանի երկու հայրապետներն ալ լոյսի եւ հաւատքի փարոսներ էին:
Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը մեզի աւանդեց հաւատքի եւ սիրոյ մեծ ժառանգութիւն եւ յուզիչ կտակ մը, ուր արտայայտած էր իրեն մնացորդ խոնարհութիւնն ու անխախտ ցանկութիւնը՝ ապրելու եւ մեռնելու որպէս հնազանդ որդի Կաթողիկէ Եկեղեցիին ու Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինին հետ լիակատար միութեան մէջ: Թէպէտ անմահացաւ 16 Մայիս 1971-ին, սակայն եւ այնպէս անոր յիշատակը վառ կը մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ, որովհետեւ 53 տարիներ անց, անոր սրբութիւնը տակաւին կը բուրէ ամենուրեք:
Անհամեմատելի է Կարտինալ Աղաճանեանի դերը Լիբանանի պատմութեան մէջ: Ան ձայնն էր բոլոր ճնշուածներուն, թիկունքը՝ անզօրներուն, որ ջանասիրաբար աշխատեցաւ միաւորելու բոլոր լիբանանցիները, մերձեցնելու անոնց տեսակէտները՝ հանդիսանալով բարոյականութեան, առատաձեռնութեան եւ խոնարհութեան տիպարը, որ անջնջելի դրոշմ ձգած է բոլորին հոգիներուն մէջ։
Ան որ երէկուան Կաթողիկոս-Պատրիարքն էր, այժմ կը հանդիսանայ վաղուան Սուրբը, ինչպէս որ կը տենչան Հայ Եկեղեցիին եւ Ազգին զաւակները։ Ան Աստուծոյ Ծառան է, որ, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք, իր սրտին մէջ կրած էր իր վիրաւոր ու տեղահանուած ժողովուրդին ցաւերը, զորոնք իր աշխատանքին եւ արդար կեանքին ընթացքին վերածեց յարութեան լուսաշող պատգամին, որ կը փայլի ներկայի օրերու խաւարին մէջ, նոյնիսկ՝ ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւններուն և փորձութիւններուն, զոր կ՚ապրի Միջին Արեւելքը:
Թող Կարդինալ Աղաճանեանի հաւատքի եւ սիրոյ ժառանգութիւնը ներշնչում դառնայ ապագայ սերունդներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ