Որոնել

TOPSHOT-LEBANON-ISRAEL-PALESTINIAN-CONFLICT

«Դադարեցուցէք պատերազմի խելագարութիւնը, Լիբանանն արժանի է ապրելու» կոչ նամակ ուղղուած աշխարհի մեծամեծներուն

Կոչը ստորագրած են Մարոնի Պատրիարքութեան Կանանց հովութեան բաժանմունքի անդամները, որոնք կը հաստատեն թէ «Լիբանանը կարիքը ունի իր ողբերգութեան մակարդակի նախաձեռնութիւններու՝ դադարեցնելու միջազգային օրէնքներու եւ պայմանագրերու բացայայտ խախտումները»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

«Յանուն մարդկութեան, մենք, որ խաղաղութիւն կը փնտռենք, կը դիմենք որոշում կայացնողներուն, միջազգային իշխանութիւններուն և բարի կամքի տէր մարդկանց՝ համարձակ և արագ նախաձեռնութիւններով կանգնելու Լիբանանի և անոր ժողովուրդի կողքին, դադարեցնելու այս պատերազմը, անյապաղ զինադադար հաստատելու և աջակցութիւն ցուցաբերելու տուժած և սոցիալապես և տնտեսապէս հիւծուած Լիբանանի երկրին»: Կոչն է սա զոր ուղղած են  Մարոնի Պատրիարքութեան Կանանց հովութեան բաժանմունքի անդամները որոնք կը հաստատեն. «Լիբանանը կարիք ունի իր ողբերգութեան մակարդակի նախաձեռնութիւններու՝ դադարեցնելու միջազգային օրէնքներու եւ պայմանագրերու բացայայտ խախտումները։ Լիբանանի ժողովուրդը ընտրած է կեանքը, և ան իրաւունք ունի ապրիլ արժանապատիւ և խաղաղ պայմաններու մէջ»։

«Դադարեցուցէք պատերազմի խելագարութիւնը, Լիբանանն արժանի է ապրելու» բնաբանով  կոչ նամակ ուղղուած է  աշխարհի մեծամեծներուն որոնց շարքին ՄԱԿ-ին, Մարդու իրաւանց կազմակերպութեան, Եունեսքոյին, Եունիսէֆի, Վատիկան Պետութեան, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին եւ այլ միջազգային հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2024, 11:18