Որոնել

++ Unhcr, in Libano oltre 200mila sfollati ++

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը մէկ միլիոն Եւրօ գումար կը յատկացնէ Լիբանանի տեղահաններուն

«Իտալիոյ Եկեղեցին կը միանայ Սրբազան Պապի աղաղակին Լիբանանի ու համայն Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն արտայայտելու մօտիկութիւն ու զօրակցութիւն. Մենք ձեր հետն ենք». Հաստատեց Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ եւ Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահութիւնը իր գումարած արտակարգ ժողովի մը ընթացքին որոշեց մէկ միլիոն եւրօ գումար յատկացնել Լիբանանի գաղթականներուն ու ժողովուրդին մարդասիրական օգնութիւններ ապահովելու համար։

Այսպիսով, հնարաւոր պիտի ըլլայ արձագանքել Քարիթասի և տարածքին մէջ արդեն ներգրաւուած տեղական եկեղեցական մարմիններու ու կառոյցներու բազմաթիւ խնդրանքներուն, որոնց հետ վերջին 30 տարիներու ընթացքին Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը իրականացուցած է 143 ծրագիրներ, տարբեր ոլորտներուն մէջ, գրեթէ 34 միլիոն եւրօ արժողութեամբ:

«Իտալիոյ Եկեղեցին կը միանայ Սրբազան Պապի աղաղակին Լիբանանի ու համայն Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն արտայայտելու մօտիկութիւն ու զօրակցութիւն. Մենք ձեր հետն ենք». Հաստատեց Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ եւ Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, աւելցնելով. «մինչ կը շարունակենք հայցել խաղաղութիւնը, կը դիմենք բոլոր անոնց` որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւններ ունին, որպէսզի լռեցնեն զէնքերը ու դիմեն երկխօսութեան ու դիւանագիտական ուղիին։ Միաժամանակ մենք գործնականին մէջ մօտիկ ենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց մորթին վրայ կ՛ապրին պատերազմի ու բռնութեան ողբերգութիւնը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2024, 09:29