«Մեր ողջ մարդկայնութեամբ». երիտասարդներն ու քահանաները համակողմանի երկխօսութեան մէջ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ութ քահանաներ պիտի պատասխանեն Միլանի երիտասարդներու, համալսարանականներու եւ աշխատողներու տարբեր եւ նոյնիսկ անյարմար հարցերուն՝ իրական, առանց կապանքներու անկեղծ երկխօսութիւններ, անկախ հաւատքէն եւ կողմնորոշումներէն։
«Մեր ողջ մարդկայնութեամբ» այս է միջոցառումին բնաբանը եւ իմաստը, որու ծիրէն ներս նախատեսուած են չորս հանդիպումներ քաղաքի Մշակոյթի կեդրոնէն ներս։ Առաջինը Նոյեմբեր 4ին է, որուն նիւթն է «Աստուածաշունչն ընդդէմ Ընկերային ցանցերու. խօսքը եւ լայքը»: Ասոր պիտի յաջորդեն այլ երեք հանդիպումներ.
Դեկտեմբեր 16ին՝ «Քափուչինեան վանականը ընդդէմ Տոմինիկեանի. խանդաղատանքը եւ բանականութիւնը»:
Ապրիլի 7ին՝ «Աւանդոյթն ընդդէմ փոփոխութեան. առաջին դարերը եւ յետ քրիստոնէական դարաշրջանը»։
Մայիս 19ին, «Պեքքարիան (անչափահասներու բանտ) ընդդէմ Ծէսի. մեղքը եւ ներումը»։
Քահանաները
Պատանիներու հետ երկխօսութիւն վարող ութ քահանաները մարդիկ են, որոնք կ’ապրին եւ կը զգան բոլորի ողբերգութիւնները եւ յուզող հարցադրումները, որմէ ալ կը բխի անոնց ցանկութիւնը իրենց կեանքով, իրենց «ողջ մարդկայնութեամբ» պատասխանելու այդ հարցերուն։
Ահաւասիկ քահանաներուն անունները․
· Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի, Քափուչինեան կարգ, աստուածաշնչագէտ,
· Հայր Մարքօ Ռայնինի, Տոմինիկեան կարգ, Եկեղեցւոյ պատմաբան,
· Հայր Քլաուտիօ Պուրճիօ, Պեքարիա կալանավայրի քահանայ,
· Հայր Ալպերթօ Ռավանյանի, գրող, ընկերային ցանցերու մէջ յայտնի քահանայ,
· Հայր Քարլօ Տէ Մարքի, «Opus Dei» միաբանութեան ուսուցիչ,
Ցանկը կը լրացնեն Միլանի դպրեվանքի երեք ուսուցիչներ՝
· Հայր Ֆրանքօ Մանծի, աստուածաշնչագէտ
· Հայր Նորպերթօ Վալլի, ծիսագէտ
· Հայր Փիերլուիճի Պաննա, հայրախօսութեան ուսուցիչ։
Հարցազրոյց Վատիկան նիուզին հետ
Հայր Փիերլուիճի Պաննա եւ հայր Քարլօ Տէ Մարքի հարցազրոյց տուած են Վատիկան նիուզին։
Հայր Պաննա ի մասնաւորի նշած է, որ «Պատանիներու հարցերը մեր հարցերն են» եւ, որ անոնց «հարցերու հետ շփման մէջ ըլլալը հարստութիւն մըն է», քանի որ «կ’օգնեն վերագտնել մեր մարդասիրութիւնը»։ Ըստ հայր Պաննայի նախաձեռնութիւնը հնարաւորութիւն է` ցոյց տալու հաւատքի գեղեցկութիւնը։ Ան նկատել տուած է նաեւ, որ կասկածներ միշտ կան կեանքի ճանապարհին եւ բոլոր պատասխանները նոյն պահուն անհնար է ունենալ եւ, անորոշութեան եւ անհանգստութեան պահեր ապրող երիտասարդներուն, հայրախօսութեան ուսուցիչը խորհուրդ տուաւ «չվախնալ ինքզինքը ցուցադրելու այնպիսին, ինչպիսին կան իրականութեան մէջ»։
Մինչդեռ Հայր Քարլօ Տէ Մարքի ընդգծեց, որ «այսօր բոլորս, կը շնչենք անհատապաշտական մթնոլորտ, ուստի եւ, կարեւոր է վերականգնել այն գաղափարը, որ միայնակ ոչ մէկ տեղ կարող ես երթալ»: «Գրաւիչ է տեսնել քահանայական եղբայրութեան գեղեցկութիւնը եւ անոր կարիքն ունի Եկեղեցին ու աշխարհը», հաստատած է Ան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ