Որոնել

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը երկու կառոյցներ տրամադրած է բազմաթիւ գաղթականներու ընդունելութեան համար Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը երկու կառոյցներ տրամադրած է բազմաթիւ գաղթականներու ընդունելութեան համար 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը՝ Համերկրացիներու կողքին

Ի տես Լիբանանի մէջ տխուր իրավիճակին եւ անտուն մնացած գաղթականներուն, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը երկու կառոյցներ տրամադրած է բազմաթիւ գաղթականներու ընդունելութեան համար, առաջինը ՝ Այնճարի մէջ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նախկին վարժարանը, իսկ երկրորդը՝ Ճիւնիի մէջ Զմմառու վանքին պատկանող «Ճորճ Ֆրէմ» դպրոցը:

Լիբանանի արիւնալի ու տագնապալի պատմութեան էջերուն մէջ, եկաւ աւելնալու 21-րդ դարու անցանկալի ու կտրականապէս մերժելի դաժան իրավիճակ մը: 23 Սեպտեմբեր, 2024-ին, կրկին անգամ պատերազմի ահազանգը հնչեց այս օրհնեալ ու տառապեալ երկրին մէջ, որուն նախորդ պատերազմներուն, ինչպէս նաեւ տնտեսական, քաղաքական ու ընկերային անվերջ հարցերուն վէրքերը տակաւին չէին սպիացած:

Թշնամիին կողմէ գործուած նախորդներէ աւելի ծանրակշիռ ու անմարդկային ոճիրի հետեւանքով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, առ այժմ Լիբանան ունեցաւ հազարաւոր զոհեր եւ աւելի քան մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար գաղթականներ, որոնք լքած են ռմբակոծուող իրենց գիւղերն ու քաղաքները եւ ուղղուած յարաբերաբար աւելի ապահով շրջաններ:

Այս առթիւ, համայն Լիբանանի ժողովուրդը, իր տարբեր համայնքային ու կուսակցական պատկանելիութիւններով, բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրած է այս իրավիճակը հակակշռի տակ առնելու ու մեղմացնելու գաղթականներուն վիշտը: Այս գործունէութենէն անմասն չէ մնացած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը, որ իր կարգին երկու կառոյցներ տրամադրած է բազմաթիւ գաղթականներու ընդունելութեան համար, առաջինը ՝ Այնճարի մէջ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան նախկին վարժարանը, իսկ երկրորդը՝ Ճիւնիի մէջ Զմմառու վանքին պատկանող «Ճորճ Ֆրէմ» դպրոցը:

Խաղաղութիւն գտնելու յոյսով ու հաւատքով տոգորուած կ’ապրինք ու կը գործենք մեր Լիբանան հայրենիքի մէջ համերաշխութեամբ ապրելու համար, եւ ապահովելու մարդկային տարրական իրաւունքները:
Թախանձագին մեր աղերսանքները կը բարձրացնենք առ ամենակալն Աստուած, խնդրելով Զմմառու Տիրամօր անմիջական մայրական բարեխօսութիւնը, որպէսզի ան սէր եւ խաղաղութիւնը հաստատէ «Պատգամ» վիրաւոր Լիբանանին:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը երկու կառոյներ տրամադրեց
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը երկու կառոյներ տրամադրեց
Գերպ Պատիշահ, գաղթականներ, Լիբանան
Գերպ Պատիշահ, գաղթականներ, Լիբանան

Քաղուած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կայքէջէն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 07:30