Որոնել

Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (24)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի Կանոններու տարբեր կարգին:

ԻԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին, պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի Կանոններու տարբեր կարգին:

Մաշտոցները՝ որ ներկայիս կը կիրարկուին Հայ Եկեղեցիներէն ներս, երկար դարերու ճամբայ մը անցնելէ ետք է որ հասած են մեզի, ու դարերու ընթացքին միշտ աւելի ճոխացած, ընդլայնած, ենթակայ եղած են յաւելումներու, և հազուագիւտ անգամ կրճատումներու. որով անցեալի պարզն ու համառօտը՝ ներկայիս դարձած է ընդարձակ եւ ծանրաբեռնուած: Արդեօք ինչպէ՞ս երեւան ելած են այսքան ճոխ եւ ծանրաբեռնուած արարողութիւններ. պատասխանը անտարակոյս կը գտնենք ձեռագիր Մաշտոցներու ընծայած տեղեկութիւններուն մէջ: Հնագոյն և նախնական Մաշտոցի արարողութիւնները չափազանց պարզ եղած են. հիները կը սկսին անյիշատակ ժամանակներէ ու պահպանուած են մինչեւ ԺԶ. դար: Արդարեւ, Մաշտոցները կը տարբերին իրարմէ և տպագիրներէն:

Թ.-Ժ. դարերէն մինչև ԺԷ.- ԺԸ. դար երկարող հարիւրաւոր ձեռագիր Մաշտոցներ կան, որոնք երեւան կը հանեն ձեռագրական այս տարբերակները: Այս առումով՝ ամենայայտնի և հնագոյն մեծադիր «Մաշտոցը» Թ. Ժ. դարու թուագրուող՝ այսպէս կոչուած Վենետիկեան Մեծ «Մաշտոցն» կը պարունակէ քառասուն հինգ յատուկ Կանոններ։ Դարձեալ, Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի հրատարած Ժ. դարու հնագոյն Մայր Մաշտոցը, համեմատելով Վենետիկի հնաւանդ Մաշտոցին հետ, կը պարունակէ քառասուն եօթը Կանոններ:

Համեմատելով այդ երկու գրչագրերը, կարելի է անոնց միջեւ շատ ընդհանուր կէտեր նկատել. երկուքն ալ մեծադիր մատեաններ են, գրուած երկաթագրով, որոնք զերծ են նկարներէ, խորաններէ և զարդագրերէ։ Նոյն ժամանակաշրջանին կը պատկանի Մատենադարանին մէջ պահուած Մեծ «Մաշտոցը» (ձեռ. № 1001), որ վերջաւորութեան թերի է և կը պարունակէ 30 կանոն։ Այսպէս, եթէ բաղդատութիւն մը կատարուի Թ.-Ժ. և ԺԷ.-ԺԸ. դարերու Մաշտոցներու միջեւ, կը նկատենք թէ ժամանակի հոլովոյթին՝ Կանոններուն թիւը որքան աճած է:

Ամենէն ընդարձակ հարուստ բովանդակութեամբ Մեծ Մաշտոցը՝ տպուած 1807-ին Պոլիս, ունի 81 Կանոններ և բազմաթիւ շարականներ գանձեր և տաղեր: Ի միջի այլոց, կայ «Մաշտոց Ձեռնադրութեան» գրուած 1449-ին, որ բաղդատութեամբ Պոլսոյ 1807 տպագիր Մեծ-Մաշտոցէն աւելի կրճատ է.  ուր շատ մը աղօթքներ, ընթերցուածներ, քարոզներ, սաղմոսներ, շարականներ կը պակսին և արարողութեանց մէջ ալ տարբերութիւններ կան: ԺԷ. դարու (1669) գրուած Մաշտոց մը ունի 39 կանոններ: 1858-ին, Շուշի տպուած Մաշտոց մը ունի 35 Կանոններ, Գանձերով և Հանգստեան շարականներով հանդերձ: ԺԷ. դարու այլ ձեռագիր Մաշտոց մը ունի 54 Կանոններ: Նոյնպէս 1704 թուի, Երեւան հրատարակուած Մաշտոց մը՝ ունի նոյնքան Կանոններ:

Այս Մաշտոցը կը պարունակէ նաեւ խրատներ և որոշ տաղեր ու մեղեդիներ: Վերջաւորութեան կը գտնուի Մխիթար Գոշի վերագրուած յատուկ աղօթք մը՝ անոնց համար, որոնք ետ կը դառնան հերձուածողական աղանդներէ:

1703 թուի Մաշտոց մը Ասպահան տպուած, գրիչը՝ Խաչատուր երէց, կը բովանդակէ ութսուն Կանոն, տաղերով, ողբերով և գանձերով միասին: Ուշագրաւ են նաեւ թուով շատ քիչ կանոններ պարունակող Մաշտոցները, ինչպէս՝ Մաշտոց-Գանձարան մը, գրուած ԺԶ. դարուն, ունի միայն 21 կանոններ: Դարձեալ 1638 թուականի ձերագիր Մաշտոց մատեան մը ունի միայն 20 կանոնք, գրիչը՝ Յակոբ Երէց: Անհրաժեշտ է շեշտել այն հանգամանքը թէ տպագիր Մաշտոցը չի հետեւիր իր բոլոր կէտերուն մէջ ձեռագիրներու աւանդութեան: Տպագրութիւնը՝ արդիւնք է անհատի մը տեսակէտներուն եւ համադրութեան, որ կատարած է առանց աչքի առջեւ ունենալու ձեռագրական խումբերու բաժանումները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 08:00