Որոնել

Այրի կնոջ նուէրը Այրի կնոջ նուէրը 

Հինգերորդ կիրակի՝ յետ Վերացման Ս. Խաչի (Մրկ. 12, 35 – 44) - Այրի կնոջ նուէրը

Ինչ որ պիտի ընեմ եւ իմ այս կեանքիս մէջ, ընեմ նախ՝ Աստուծոյ կամքին եւ փառքին համար, եւ ամէնակարեւորը՝ այդ բոլորը ընեմ ամբողջական նուիրումով, համոզումով եւ երկինքը շահելու դիտաւորութեամբ
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

 

Սիրելի հաւատացեալ քոյրեր եւ եղբայրներ

Ահաւասիկ այսօր արդէն իսկ կը սկսինք հինգերորդ կիրակին՝ յետ Վերացման Ս. Խաչի տօնին:

Երբ առնենք մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը, կը տեսնենք թէ ան բաղկացած է երէք կարեւոր մասերէ...մենք կ՛առնենք միայն երրորդ եւ կամ վերջին մասը:

Աւետարանի հատուածը կ՛ըսէ. «Յիսուս կեցած էր տաճարի գանձանակին մօտ եւ կը դիտէր ժողովուրդը, որ դրամ կը նետէր գանձանակին մէջ: Շատ հարուստներ մեծ գումարներ նետեցին: Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ եւ նետեց երկու լումայ, որ դահեկան մը կ՛ընէ: Յիսուս մօտը կանչեց իր աշակերտները եւ ըսաւ անոնց. Վստահ գիտցէք, որ այս թշուառ այրին բոլորէն շատ դրամ նետած եղաւ գանձանակին մէջ, որովհետեւ միւսները իրենց աւելորդ գումարներէն նետեցին, մինչ անիկա հակառակ չքաւոր ըլլալուն, ինչ որ ունէր՝ նետեց, իր ամբողջ ապրուստը» (Մրկ. 12, 41 – 44):

Ի՞նչ կրնանք հասկնալ այս հատուածէն

• Քրիստոս միշտ իր աչքերը սեւեռած է մեզի: Հետաքրքրական բաժինը այն է՝ որ մեզմէ ամէն մէկուս կը հետեւի մէկիկ մէկիկ՝ ճանչնալով մեր անձերը, մեր հարցերը, մեր նեղութիւնները եւ նամանաւանդ՝ մեր դժուարութիւնները:

• Ան ոչ թէ միայն կը հետեւի մեզի, այլ նաեւ կը հետեւի մեր արարքներուն, շարժումներուն եւ կատարած որոշումներուն՝ նամանաւանդ այն ինչ որ կը յայի մեր հոգեւոր կեանքին եւ անոր աճմանը համար:

• Քրիստոս ասկէ երկու հազար տարիներ առաջ տեսաւ, թէ շատեր էին այն հարուստները՝ որոնք գումար կը զետեղէին գանձանակին մէջ...կրկին կը յիշեցնեմ թէ Անոր աչքերէն ոչ մէկ բան կը կորսուին:

• Սակայն Ան ընտրեց եւ արժեւորեց այրի կնոջ դրած լուման (երկու լումայ)՝ քան թէ հարուստներուն դրած մեծ գումարները. ինչո՞ւ

• Որովհետեւ այրի կինը դրաւ այն ինչ որ ունէր, իսկ հարուստները դրին բաժին մը՝ իրենց ունեցածէն: Այստեղ զգոյշ սիրելիներ, բնական է որ Քրիստոս մեզմէ չի խնդրեր որ մեր բոլոր բոլոր ունեցածները դնենք եւ տանք ուրիշներուն (այն ինչ որ երկու հատ ունիս, միւսը տուր ուրիշին), այլ մեզմէ խնդրուած է երբ բարեգործութիւն մը պիտի կատարենք, զայն կատարենք ամբողջ սրտով եւ ամբողջական նուիրումով: Երբ կ՛ըսեմ ամբողջական նուիրում, ի մտի ունիմ հոգի, միտք եւ սիրտ:

• Շատ բնական է որ Քրիստոս միայն բարեգործութեան (ձեւերը շատ են) մասին չի խօսիր, այլ մենք մեր անձերուն ամբողջական նուիրումը Քրիստոսի՝ եւ Անոր Սուրբ Կամքին:

Ահաւասիկ սիրելիներ թէ ինչ բանի կանչուած ենք մենք. ինչ որ պիտի ընեմ եւ իմ այս կեանքիս մէջ, ընեմ նախ՝ Աստուծոյ կամքին եւ փառքին համար, եւ ամէնակարեւորը՝ այդ բոլորը ընեմ ամբողջական նուիրումով, համոզումով եւ երկինքը շահելու դիտաւորութեամբ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2024, 07:37