Մեքսիքոյի մէջ սպաննուած է քահանայ մը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի 20 հոկտեմբերին, Մեքսիքոյի Չափաս քաղաքին մէջ սպաննուած է Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Հայր Մեարչելլօ Փերեզ անունով քահանայ մը։ Ան սպաննուած է իր ինքնաշարժին մէջ զինուած մի քանի անձերու կողմէ մինչ կ՝ուղղուէր դէպի ուրիշ եկեղեցին, օրուան երկրորդ պատարագը մատուցանելու համար։
Հայր Մարչելլօ, որ 40 տարեկան էր ճանչցուած է որպէս առաջնորդի ու համերաշխութեան եւ խաղաղութեան ձայն, ինչպէս նաեւ ամուր պաշտպան մարդկային իրաւունքներուն։ Անոր սպանութենէ ետք անմիջապէս ժողովրդական վրդովմունք առաջացած է ինչպէս նաեւ իշխանութիւններուն դատապարտում։
ՄԱԿ-ը եւս միջադէպը անընդունելի նկատած է ու խնդրած է անյապաղ հետաքննութիւնն կատարել։ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց դասը եւս դատապարտած է այդ այդ բռնութեան արարքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ