Որոնել

2024.07.04 preghiera, crocifissione, croce

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, վեցերորդ օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)

«Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է’»։«Մի՛ դատէք ու պիտի չդատուիք։ Մի՛ դատապարտէք ու պիտի չդատապարտուիք։ Ներեցէ՛ք ու ձեզի պիտի ներուի։ 38 Տուէ՛ք ու ձեզի պիտի տրուի։ Աղէկ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանզի այն չափով՝ որով դուք կը չափէք, ձեզի պիտի չափուի» (Ղուկաս. 6, 36 - 38)։

 

Յիսուս Քրիստոս, մտիր մեր սրտերուն և մեր գաղափարներուն մէջ, տեղ գրաւէ մեր մէջ, մեր կապերու մէջ, ընտանիքներուն, կառավարութիւններուն, եկեղեցիներուն մէջ։ Այս աշխարհին ոչ մէկ տեղ թող մնայ առանց քեզ: Միայն Քեզմով և Քու հետդ մենք կարող ենք ներել մենք մեզի, իրար ընկալել, իրար ընդունիլ, ու սիրել զիրար... ինչպէս Դուն կ՛ընես: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2024, 08:00