Որոնել

2024.06.15 Abramo in preghiera

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, եօթներորդ օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)
Ունկնդրէ լուրը

«Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, ուրեմն պէտք է որ դուք ալ իրարու ոտքերը լուաք։ 15 Վասն զի ձեզի օրինակ մը տուի, որպէս զի ինչպէս ես ձեզի ըրի՝ դուք ալ ընէք»։ (Յովհաննէս 13, 14-15)։

Պատմութեան Տէր, այսօր քու առջեւդ կը դնենք բոլոր անոնք որոնք կը տառապին պատերազմի աղէտէն, առջեւդ կը դնենք ցաւն ու տառապանքը, կորուստը ու այդքան մահերու եւ վնասներու անիմաստութիւնը:

Մենք քեզի կը նուիրենք մեր պարզ, խոնարհ, բայց վստահութեամբ լի աղօթքը: Ընդունէ մեր աղաչանքը, որդիներ և դուստրեր, քեզի կ՛աղօթենք մեր եղբայրներուն և քոյրերուն համար, որոնք կը տառապին, բռնութեան և պատերազմի պատճառաւ։

Ողջագուրէ զանոնք։ Ամէն.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 08:00