Որոնել

2024.08.27 pregare Dio

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, ութերորդ օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)
Ունկնդրէ լուրը

Իրենց պտուղէն պիտի ճանչնաք զանոնք։ Միթէ փուշերէն խաղող կը քաղե՞ն, կամ տատասկէն՝ թուզ։ 17 Այսպէս ամէն բարի ծառ բարի պտուղ կու տայ եւ չար ծառ չար պտուղ կու տայ։ (Մատթէոս 7, 16-17)։

Դուն, Տէ՛ր, որ Բարի Սամարացին ես, որ իւղով ու գինիով վէրքերը կը բուժես, Քու վրադ կը վերցնես մեր վէրքերը, Տուր մեզի սիրտ մը, որ ընկալէ անոնք` որոնք ճանապարհի եզրին նետուած են զինեալ հակամարտութիւններու, պատերազմներու և անիմաստ բախումներու հետևանքով:

Թող` որ անոնց տանինք Քու մխիթարութիւնդ Թող` որ մենք ալ քեզ նման ըլլանք սամարացիներ։ Ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2024, 07:55