Որոնել

2023.10.27 Preghiera per la Pace

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան, առաջին օր

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)
Ունկնդրէ աղօթքը

«Ուրեմն եթէ քու ընծադ սեղանին վրայ բերես ու հոն միտքդ գայ թէ քու եղբայրդ քեզի դէմ բան մը ունի, Հոն ձգէ ընծադ սեղանին առջեւ, գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ ու ետքը եկուր որ քու ընծադ մատուցանես» (Մատթ. 5, 23-24)

 

Տէր մենք կորսնցուցինք երախտագիտութեան նրբութիւնը,

մէկը միւսին նայելու կարողութիւնը որպէս նուէր,

մենք մեզ գնահատելու մեր նուէրներով,

ու մենք մեզ օգնելու մեր թերութիւններուն մէջ:

Դպչիր մեր սրտերուն, ցնցէ մեր անհետեւողականութիւնը,

որովհետեւ չկայ հնարաւոր խաղաղութիւն,

եթէ մենք չգտնենք բոլորի  նկատմամբ երախտագիտական հայեցաք մը։

Տուր մեզի երախտապարտ սիրտ մը,

որպէսզի կարողանանք ըլլալ խաղաղութեան արհեստաւորներ։

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2024, 07:00