Որոնել

2024.10.12 Siria, Kamishli, preghiera per la pace Padre Hovsepian

«Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, աղօթքի իննօրեայ` վասն խաղաղութեան

«Երանի անոնց, որոնք կ՛ աշխատին խաղաղութեան համար, որովհետև անոնք Աստուծոյ զաւակներ պիտի կոչուին» (Մատթ. 5,9)
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը, որ ընդհանրապէս կը հրատարակէ Քահանայապետի ամսական աղօթքի դիտաւորութիւններու լսատեսողական պատգամը, ձեռնարկած է «Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, իննօրեայ աղօթք` վասն խաղաղութեան։

Ցանցը հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր մարդոց ու կիներուն իրենց սիրտն ու ջանքերը միացնելու Կեանքի Տիրոջմէ հայցելու համար համայն մարդկութեան Խաղաղութեան շնորհքը։

«Աղօթենք յատկապէս այն վայրերուն համար, որտեղ պատերազմն ու զէնքը այսօր կը խլեն ողջ մարդոց կեանքեր և համայն ժողովուրդներու ապագան։ Աղօթենք Սուրբ Երկրի, իսրայէլացիներու և պաղեստինցիներու միջև խաղաղութեան համար: Կոչուած ենք ըլլալ խաղաղասէր տղամարդիկ և կանայք, խաղաղարարներ, ուր ալ որ ըլլանք, մեր միջավայրին մէջ, ամէն երկրի և աշխարհի որեւէ անկիւն. Մենք մեծ համաշխարհային ցանց ենք, որ կ՛ առաջարկէ իր աղօթքները և առօրեայ կեանքին մէջ յանձնառու, որպէս «խաղաղարար» կը կարդանք իննօրեայ աղօթքի նախաբանին մէջ։

Յայտնենք որ իննօրեան սկիզբ պիտի առնէ Հինգշաբթի 17 հոկտեմբերին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2024, 13:14