Որոնել

gesu.jpg

Դ. Կիրակի Խաչէն ետք - Ի՞նչ իշխանութեամբ կը գործես այս ամէնը (Մարկոս 11, 27-33)

Մեր այսօրուայ աւետարանէն քաղելիք ուսուցումը հետեւեալն է. Վստահութիւն ունենալ մեր աստուածային վարդապետի խօսքերուն եւ վարդապետութեան վրայ. Մենք մեզ ապահով զգալ իր ձեռքերուն մէջ, նոյնիսկ եթէ կեանքը մեզ կը տարուբերէ եւ զանազան փոթորիկներու ընդմէջէն կ՛անցնէ։ Մեր հաւատքը պէտք չէ երբեք սասանի եւ մեր ուղղութիւնը կեանքի բնաւ պէտք չէ կորսնցնենք։

Դպիրներն ու Փարիսեցիները, միշտ հետամուտ եղած են պահելու կրօնքի անեղծութիւնը եւ վախնալով սուտ մարգարէներէն, միշտ ուզած են հասկնալ թէ ինչ իշխանութեամբ կը պատգամէ մէկը որ ինքզինք մարգարէ կը համարէ: Ուստի շատ բնական է հարցումը, հասկնալու համար թէ Յիսուսը, որ Գալիլիայէն կու գար, շրջանէ մը որ բնաւ մարգարէներ չէ արտադրած, քաղաքէ մը ուր վարդապետական ուսուցումը միշտ թերի եղած է եւ ուր հեղինակութիւն ունեցող կրօնական դպրոց մը երբեք գոյութիւն չէ ունեցած, ուրկէ ստացած ըլլայ ան իր ուսումն ու զարգացումը։

Յիսուս լաւ գիտեր թէ մարդկայնօրէն կարելի պիտի չըլլար իրեն հակաճառել օրէնքի եւ կրօնքի այս ուսուցիչներուն հետ, մանաւանդ ինք եւս գիտէր թէ իր ստացած ուսումն ու քարոզած վարդապետութիւնը չէր ստացած Նազարէթի մէջ ապրող կամ Գալիլիա բնաքող Ռաբբունիէ մը, այլ իրեն տրուած էր Հօրմէն որ զինք առաքած էր աշխարհ, քարոզելու իր պաատգամը եւ յայտնելու Աստուծոյ ծրագիրը մարդկութեան վերաբերեալ, ի յաւիտենից յղացուած ու պատրաստուած։

Ուստի հարցումին կը պատասխանէ հարցումով եւ տրուած ըլլալով որ Հրեաները կարողութիւն չունին իր հարցումին պատասխան տալու, ինք եւս կը թողու զիրենք անպատախան։ Այս ճարպիկութիւնը ազատեց զինք նեղ դրութենէ մը, սակայն միւս կողմանէ աւելի սաստկացուց ատելութիւնն ու նախանձը հրէայ մեծերուն իրեն հանդէպ։ Անոնք աւելի եւս գրգրուեցան Յիսուսի դէմ, որովհետեւ էապէս չէին ուզեր հաւատալ իր պատգամին, հակառակ որ իր գործած զգայացունց հրաշքներն իսկ կը փաստէին իր վարդապետութեան ճշմարտութեան։

Յիսուս պէտք չունեցաւ ուսուցումի. Ան 12 տարեկանին արդէն կարող էր վիճաբանիլ օրէնքի քաջատեղեակ վարդապետներու հետ. Իրեն բնատուր կերպով ներշնչուած էր իր բոլոր վարդապետութիւնը։ Վերջերս ձեռքս անցաւ ոչ կանոնական աւետարանի մը, Յակոբ առաքեալի աւետարանին հայերէն թարգմանութիւնը, որուն մէջ Յիսուսի մանկութեան վերաբերեալ դրուագներ կային։ Հոն կը պատմուի թէ երբ Յիսուս 7 տարեկան եղաւ, Յովսէփ զինք տարաւ Գամաղիէլ անունով վարդապետին քով, հաւանաբար այն նոյն Գամաղիէլը որ Պօղոսի ուսուցիչը եղած էր, որպէսզի գրել կարդալ ու Ս. Գիրքը մեկնաբանել սորվի. Բայց իր պատասխաններով` այնքան ապշեցուց համբաւաւոր Ռաբբունին որ նոյն օրը ան զինք ետ ճամբեց իր ծնողքին քով, պատուիրելով որ իրեն հիւսնութեան արուեստը սորվեցնեն։

Մեր այսօրուայ աւետարանէն քաղելիք ուսուցումը հետեւեալն է. Վստահութիւն ունենալ մեր աստուածային վարդապետի խօսքերուն եւ վարդապետութեան վրայ. Մենք մեզ ապահով զգալ իր ձեռքերուն մէջ, նոյնիսկ եթէ կեանքը մեզ կը տարուբերէ եւ զանազան փոթորիկներու ընդմէջէն կ՛անցնէ։ Մեր հաւատքը պէտք չէ երբեք սասանի եւ մեր ուղղութիւնը կեանքի բնաւ պէտք չէ կորսնցնենք։ Եթէ մարդկային կերպով մօտենանք աւետարանի վարդապետութեան, հոն հակասութիւններ պիտի գտնենք, աւետարանիչներու միջեւ անհամաձայնութիւններ. Իսկ երբ Աստուծոյ ներշնչումն ու միջամտութիւնը տեսնենք անոնց մէջ, այն ատեն ամէն ինչ պիտի յստականայ եւ ապահով կերպով պիտի ընթանանք դէպի մեր փրկութիւնը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2024, 07:54