Որոնել

2024.10.02  Ordine di Malta, Libano

Լիբանան․ Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտը մօտիկ է ժողովուրդին եւ կը յորդորէ չմոռնալ Լիբանանը

Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի լիբանանեան ընկերակցութեան հաղորդակցութեան տնօրէն Ույմայմա Ֆարահը կը ներկայացնէ նախադէպ չունեցող ողբերգական իրողութիւնը․ «Տեղահանուածներն ու փախստականները մրցման մէջ մտած են ընդունելութեան կեդրոններու մէջ տեղ ունենալու համար: Մարդիկ օրերով անօթի են ու լուացուելու կարողութիւն չունին, ինչը քոս առաջացուցած է»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսպիսի Լիբանան երբեւէ չէ տեսնուած՝ մէկ միլիոն տեղահաններ, որոնցմէ շատերը մայթերուն վրայ կը քնանան։ Մարդիկ օրերով անօթի են ու լուացուելու կարողութիւն չունին, ինչը քոս առաջացուցած է: Ույմայմա Ֆարահը յուզուած կը բացատրէ, որ «լիբանանցիները կրած են երկու՝ իսրայէլական եւ սուրիական նուաճումներու տառապանքը, 2006ի պատերազմը, 2020ին նաւահանգստի պայթիւնը եւ լուրջ տնտեսական, հասարակական եւ ֆինանսական ճգնաժամի հետեւանքները», սակայն, «այդուամենայնիւ, այսօր առ աւելիով դժուար է»։

Ողբերգութիւն ողբերգութեան մէջ

Մալթայի Ինքնիշխան Ուխտի լիբանանեան ընկերակցութեան հաղորդակցութեան տնօրէնը, որ ողջ կեանքը նուիրած է մարդասիրական օգնութեան, անգամ մը եւս կը պնդէ, որ «անցեալին այդպիսի իրավիճակ երբեք չեն ապրած՝ շեշտելով, որ այդ ողբերգութեան մէջ ողբերգութիւնն այն է, որ ներքին մէկ միլիոն տեղահանուածները եւ Երկիրի մէջ առկայ մօտ երկու միլիոն սուրիացի փախստականները մրցման մէջ մտած են դպրոցներու կամ ապաստաններու մէջ տեղաւորուելու համար՝ վերարթնցնելով քաղաքացիական պատերազմի յիշողութիւնները, որ այսօր եւս կը սպառնայ իրականութիւն դառնալ։

Լիբանանցին պատերազմ չ’ուզեր

Ույմայմա Ֆարահը այդ մտավախութեամբ հանդերձ կը վստահեցնէ, որ իր ժողովուրդը պատերազմ չ’ուզեր։ Կան սակայն բազմաթիւ «փոխկապակցուած լարուածութիւններ», թէեւ լիբանանցին «հիւրընկալ անձ է եւ իր գիրկը կը բանայ, հաւատքի անձ է՝ ըլլայ քրիստոնեայ, թէ մահմետական, եւ միշտ ուշադիր՝ իր եղբօր հանդէպ, սակայն այսօր դժուարութիւն ունի ընդունելու զայն որովհետեւ իր այդ եղբայրը ողջ ազգաբնակչութեան, ողջ Երկիրը ներքաշած է իրեն չվերաբերող պատերազմի մէջ»։

«Միջազգային հանրութեան ապամարդկայնացումը» ցաւ կը պատճառէ

Ֆարահ կ’աւելցնէ, որ «միջազգային հանրութեան ապամարդկայնացումն է», որ իրապէս ցաւ կը պատճառէ, ինչպէս օրինակ Կազայէն ստացուող պատկերներու դիմաց։ Եւ այսօր հասարակական կարծիքը եւ միջազգային հանրութիւնը լուռ կերպով կը հետեւին։ Եւ այդ մէկը կը սպանէ երկրորդ անգամ» ըսած է Ան ապա : կոչը ուղղած ողջ աշխարհին չմոռնալու Լիբանանը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2024, 11:40