Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (2)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

­ՄԱ­ՆՈՒ­ԿԻ ՀՈ­ԳԵ­ՒՈՐ ԴԱՍ­ՏԻԱՐԱ­ԿՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ ՄԱՆ­ԿՈՒ­ԹԵԱՆ ՏԱ­ՐԻ­ՆԵ­ՐՈՒՆ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

­Մա­նուկ փայ­լուն կեր­պով աւար­տած ըլ­լա­լով ըն­թեր­ցա­նու­թեան ըն­թաց­քը, ին­նը տա­րե­կա­նին տեղ­ւոյն Անա­նիա եպիս­կո­պո­սէն կը ստա­նայ փոքր աս­տի­ճան­նե­րը, ծա­ռայե­լու հա­մար եկե­ղեց­ւոյ մէջ որ­պէս դպիր եւ սաղ­մո­սեր­գու։­

Երբ Մա­նուկ տաս տա­րե­կան կը դառ­նայ, քա­նի որ ու­սու­ցիչ քա­հա­նայի տու­նը հե­ռու էր, ծնող­քը երե­խայի քրիս­տո­նէական բա­րի վար­քի եւ առա­քի­նու­թեան մէջ զար­գա­ցու­մը ապա­հո­վե­լու հա­մար կը նա­խընտ­րեն զինք ղր­կել իրենց տան դի­մաց գտ­նուող եր­կու քոյ­րե­րու՝ Մա­նա­սէի եւ Մա­րիամի մօտ, որ ուխ­տած էին իրենց կեան­քը նուի­րել Աս­տու­ծոյ՝ կու­սու­թեամբ եւ աղօթ­քով, եւ իրենց մօր հետ միասին կրօ­նա­ւո­րա­կան կեանք ապ­րե­լով, վանքի վե­րա­ծած էին իրենց տու­նը։

­Այդ տու­նը կը յա­ճա­խէին եր­կու ճգ­նա­սուն եղ­բայր­ներ՝ Ալեք­սիանոս եւ Յով­հան­նէս անունով, որ Լիմ անա­պա­տի կրօ­նա­ւոր­ներ էին բայց իրենց ալե­հեր մօր խնամ­քը ապա­հո­վե­լու հա­մար ստի­պուած ճգ­նա­րա­նը թո­ղած էին եւ փո­խա­նակ իրենց ծնն­դա­վայ­րը՝ Բա­րե­շէն (Շա­բին Քա­րա­հի­սար) քա­ղա­քը վերադառնա­լու, նա­խընտ­րած էին օտա­րու­թեան մէջ պանդխ­տու­թեամբ ապ­րիլ եւ վար­ձով Սե­բաս­տիա կը մնային, եւ իրենց ապ­րուս­տը կը հո­գաին իրենց ձեռ­քի աշ­խա­տան­քով՝ կտա­ւա­գոր­ծու­թեամբ, միաժա­մա­նակ շա­րու­նա­կե­լով միշտ իրենց ճգ­նա­ւո­րա­կան կեան­քը։

­Մա­նուկ ու­րիշ ըն­կեր­նե­րու հետ միասին այդ տան մէջ կը սոր­վի նաեւ ժա­մեր­գու­թեան եր­գե­րու եւ շա­րա­կան­նե­րու եղա­նակ­նե­րը Յա­րու­թիւն քա­հա­նայէն, որ եր­կու քոյ­րե­րուն խոս­տո­վա­նա­հայրն էր, եւ ամէն օր կ՚այ­ցե­լէր ու անոնց կար­դալ ալ կը սոր­վեց­նէր։­

Այս հո­գե­ւոր մթ­նո­լոր­տին մէջ Մա­նու­կը կ՚ա­ճի եւ աս­տուա­ծային շնորհք­նե­րով կը զար­գա­նայ առա­քի­նի վար­քի մէջ հո­գե­ւոր կեան­քի սկզ­բունք­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեամբ։ Պա­հե­ցո­ղու­թեամբ տար­բեր տե­սա­կի ու­տե­լիք­նե­րէ հրա­ժա­րե­լու եւ ճգ­նո­ղա­կան կեան­քի նուի­րե­լու փա­փա­քը բուռն էր Մա­նու­կի մէջ, սա­կայն եր­կու կու­սան­նե­րը՝ Մանասէ եւ Մարիամ, նկա­տի առ­նե­լով իր մատ­ղաշ տա­րի­քը՝ շատ ան­գամ կը մեղ­մէին անոր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը։

­Տա­րի­ներ ետք, Մխի­թար իր աշա­կերտ­նե­րուն սոր­վեց­նե­լու հա­մար զգոյշ մնալ առանց հո­գե­ւոր առաջ­նոր­դի խո­հեմ ցուց­մուն­քին, ան­ձնա­կան քմա­յ­քով օգ­տա­կար կար­ծուած հո­գե­ւոր հրա­հան­գ­ներ կա­տա­րե­լէ, ան­ձամբ պատ­մած էր իր ման­կու­թեան կա­տա­րած ան­խո­հեմ քայ­լի մա­սին։ Խան­դա­վա­ռուե­լով Յով­հան­նէս Մկր­տի­չի ճգ­նո­ղա­կան կեան­քի օրի­նա­կէն եւ անա­պա­տի հայ­րե­րու պա­տում­նե­րէն ուր հրեշ­տակ­նե­րը կը ծա­ռայէին անոնց, իր մտե­րիմ ըն­կե­րոջ հետ միասին, ծնող­նե­րէն գաղտ­նի տու­նէն կը փախ­չին եւ քա­ղա­քէն ոչ շատ հե­ռու քա­րայ­րի մը մէջ առա­ւօ­տէն իրի­կուն ծուն­կի եկած կ՚ա­ղօ­թեն, սպա­սե­լով որ հրեշ­տակ մը երե­ւէր եւ իրենց կե­րա­կուր բե­րէր։ Գի­շե­րը վրայ կը հաս­նի, սա­կայն ոչ հրեշ­տա­կը կ՚ե­րե­ւի ոչ ալ կե­րա­կուր կը տես­նեն։ Յու­սակ­տուր ման­կա­կան սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն կը սկ­սին բարձ­րա­ձայն լալ եւ օգ­նու­թիւն կան­չել։ Բա­րե­բախ­տա­բար զի­րենք փնտ­ռող­նե­րը կը լսեն եւ կը վե­րա­դարձ­նեն տուն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2024, 07:46