ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (3)
ՊԱՏԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼԵՐԸ
Մանուկ, արդէն պատանի, տասներեք տարեկանին թոյլտուութիւն կը խնդրէ իր ծնողքէն նուիրուելու կրօնաւորական կեանքին։ Սակայն հօրեղբայրները կ՚առարկեն թէ տակաւին հասուն չէր այդպիսի որոշում կայացնելու համար, պէտք է աւելի մեծնար, աշխարհ տեսնէր եւ գիտակից ու հասուն կերպով կատարէր իր ընտրութիւնը։ Միաժամանակ, հարկաւոր է, կ՚ըսէին որ արհեստ մը սորվէր՝ իր ապրուստը հոգալու համար, որպէսզի մտափոխ եղած պահին անճար չմնար։ Մանուկի դաստիարակ երկու քոյրերն ալ կը յորդորեն մնալ ծնողական յարկին տակ եւ հնազանդիլ իրենց, մինչեւ հասուն տարիքի հասնէր։
Մանուկ կը սկսի յաճախել դերձակի մը քով եւ հմտանալով այդ արհեստին մէջ՝ իրենց տան մէջ հագուստներ կը կարէ ու կ՚աշխատի, առանց երբեք ընթերցանութենէն, աղօթքներէն ու հոգեւոր ծառայութիւններէն հրաժարելու։ Միշտ կը յաճախէր երկու քոյրերու մօտ, հոգեւոր խրատներ եւ խորհուրդներ լսելու համար, ընթերցելով Աստուածաշունչը եւ լսելով Մանասէի ու Մարիամի մեկնաբանութիւնները։
Այս ժամանակահատուածին է, որ երկու քոյրերը երազներ կը տեսնեն Մանուկի մասին, սակայն որպէս իսկական հոգեւոր ծնողներ՝ իրեն ոչինչ կը յայտնեն, այլ միայն կ՚ըսեն թէ «Վարդապետ պիտի ըլլաս»։ Սակայն, հաւատարիմ եւ աստուածավախ անձերու կը պատմեն գաղտնաբար, որոնք կը սպասեն թէ ինչպէս պիտի իրականանային այդ երազները։ Եւ երբ տարիներ ետք Մխիթարի հռչակը կը տարածուի ամէնուր, այս անձերը ճշգրտութեամբ կը պատմեն իրենց լսածը Մխիթարի առաջին աշակերտին՝ Յովհաննէս սեբաստացիին, որ Մխիթարի սերտ աջակիցը պիտի դառնար յատկապէս միաբանութեան սահմանադրութեան հաստատման գրենավարչական, ինչպէս նաեւ թարգմանական աշխատանքներու մէջ։
Ան կը պատմէ թէ օր մը երկու քոյրերու աւագը՝ Մանասէ առտու կանուխ արթննալով կը սկսի պատմել իր երազը եւ թէ բարեգութն Աստուած ի՛նչ պարգեւ պատրաստած էր հայ ազգին։ Կրտսեր քոյրը՝ Մարիամ, կ՚ընդհատէ հարցնելով թէ արդեօք Մանուկի մասի՞ն էր։ Իրարու պատմելով՝ կը տեսնեն թէ երկուքն ալ միեւնոյն երազը տեսած էին եւ գոհութիւն կը մատուցանեն Աստուծոյ, որ բազմավաստակ մշակ մը պիտի նուիրէր հոգիներու ծառայութեան, ու կը սպասէին որ այդ ամէնը իրականանար։
Իրենց երազին մէջ տեսած էին ճամբայ մը որ կը տանէր բարձր ու փառաւոր դրան մը դիմաց, բայց ճանապարհը անանցանելի էր՝ սառնամանիքի եւ դիզուած ձիւնին պատճառով։ Փոքրիկ մանուկ մը կը մօտենայ եւ մուրճով սառը կը կոտրէ եւ թիով ձիւնը կը մաքրէ։ Երկու քոյրերուն յայտնի կը դառնայ որ շքեղ հսկայ դուռը՝ արքայութեան մուտքն էր եւ այդ մանուկը՝ Մխիթար, ճամբան կը բանար։
Ուրիշ երազ մըն ալ կը տեսնեն երկուքով. Մխիթար հրաշագեղ ապարանքի մը մէջ լուսազգեստ փառաւոր անձերու հետ էր, որ զինք սիրալիր ընդունելով՝ իրենց իւղամաններէն տեսակ տեսակ անոյշ իւղեր կ՚ընծայէին իրեն։ Այս ալ նշան կը համարին Մխիթարի ստացած աստուածապարգեւ իմաստութեան եւ քաղցրաբուղխ քարոզներուն եւ վարդապետութեան շնորհքներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ