Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (4)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

­ՄԱ­ՆՈՒԿ Ս. ՆՇԱ­ՆԻ ՄԻԱԲԱՆ ԵՒ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ՁԵՌ­ՆԱԴ­ՐՈՒԵ­ԼՈՎ ԿԸ ԿՈ­ՉՈՒԻ ՄԽԻ­ԹԱՐ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 

­Տաս­նը­հինգ տա­րե­կա­նին Մա­նուկ վճ­ռա­կա­մօ­րէն կը խնդ­րէ որ իր մայ­րը զինք ըն­ծա­յա­բե­րէ Սե­բաս­տիայէն քա­ռորդ ժամ հե­ռու գտ­նուող Ս. Նշան վան­քին։ Մա­նուկ կ՚աճապարէր, որով­հե­տեւ հայրն ու հօ­րեղ­բայր­նե­րը վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան հա­մար քա­ղա­քէն բա­ցա­կայ էին, եւ ին­քը կը վախ­նար որ կր­կին ար­գելք կր­նան հան­դի­սա­նալ կրօ­նա­ւո­րա­կան կեանքն ընդ­գր­կելու իր որոշումին։

­Մա­նուկ իր մօր օրհ­նու­թիւնն ստա­նա­լով, սր­տի մեծ հր­ճուան­քով կը վա­զէ իր հո­գե­ւոր դաս­տիարակ­նե­րուն՝ եր­կու քոյ­րե­րու մօտ յայտ­նե­լու հա­մար իր մօր տուած հա­մա­ձայ­նու­թեան մա­սին։ Մա­նա­սէ եւ Մա­րիամ մեծ ու­րա­խու­թեամբ կ՚ող­ջու­նեն Մա­նու­կի եր­ջան­կու­թիւ­նը եւ մօր ներ­կա­յու­թեան կը կան­չեն Յա­րու­թիւն քա­հա­նան, խնդ­րե­լու հա­մար միջ­նոր­դել Ս. Նշան վան­քի վա­նա­հօր՝ Անա­նիա եպիս­կո­պո­սի մօտ՝ ըն­դու­նե­լու Մա­նու­կը որ­պէս կրօ­նա­ւոր։

Յա­րու­թիւն քա­հա­նան տես­նե­լով պա­տա­նիին մատ­ղաշ տա­րի­քը՝ կ՚ա­ռար­կէ, ըսե­լով որ գու­ցէ աւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լար քիչ մըն ալ մեծ­նար եւ աշ­խար­հի փոր­ձու­թիւն­նե­րով ան­ցնե­լով իր որո­շու­մը աւե­լի հա­սուն կեր­պով կա­յաց­նէր։ Սա­կայն Մա­նու­կի եր­կու հո­գե­ւոր դաս­տիարակ­նե­րը զինք լաւ ճանչ­նա­լով՝ կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն անոր պատ­րաստ քայ­լին, գի­տա­կից յանձ­նա­ռու­թեան եւ անյող­դողդ որոշ­ման մա­սին։

1691 թուա­կանն էր, շատ հա­ւա­նա­բար գար­նան ամիս­նե­րուն, երբ Շահ­րիս­տան իր Մա­նու­կին կը տա­նի Ս. Նշան վանք, Յա­րու­թիւն քա­հա­նայի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Անա­նիա վա­նա­հայ­րը տպա­ւո­րուած կը մնայ Մա­նու­կի խո­հուն հայեաց­քէն եւ հա­սուն պա­տաս­խան­նե­րէն ու վճ­ռա­կա­մու­թե­նէն, եւ կ՚ըն­դու­նի զինք վա­նա­կան յար­կի տակ ու կը շնոր­հէ կրօ­նա­ւո­րա­կան սքե­մը։ Յա­ջորդ Կի­րա­կի իսկ Անա­նիա եպիս­կո­պոս յար­մար կը նկա­տէ ու­րիշ երի­տա­սարդ­նե­րու հետ միասին Մա­նուկն ալ սար­կա­ւագ ձեռ­նադ­րել, որ իր պա­պի­կի՝ Չերչի Մանուկի հօր անու­նով կը կո­չուի Մխի­թար։

Այս առիթով Շահրիստան, Մխիթարի մայրը, ըստ հայկական սովորութեան, պատրաստել կու տայ ընտիր շապիկ մը, ոսկեյուռ դիպակէ լանջազարդով, ինչպէս նաեւ ոսկեման ասեղնագործուած ուրար մը եւ արծաթապատ սարկաւագական սաղաւարտը։

Ս. Նշան վան­քը կա­ռու­ցած էր Սե­նե­քե­րիմ Արծ­րու­նի թա­գա­ւո­րը 1021 թուա­կա­նին հոն տե­ղա­փո­խե­լով Վա­րա­գայ վան­քի Ս. Խա­չի մա­սուն­քը եւ հա­րուստ գրա­դա­րա­նը։ Մխի­թար կը նուի­րուի ըն­թեր­ցա­նու­թեան, օգ­տուե­լով այս բազ­մա­հա­տոր ձե­ռա­գիր մա­տեան­նե­րէն, եւ իր յի­շո­ղու­թեան մէջ կ՚ամ­բա­րէ սուրբ գրային, հայ­րա­խօ­սա­կան, մեկ­նո­ղա­կան եւ հայոց պատ­մու­թեան ան­սպառ գի­տե­լիք­ներ։ Իր վա­նա­կան խու­ցին մէջ առանձ­նա­ցած օգ­տա­կար մէջ­բե­րու­թիւն­ներ եւ ոս­կե­ղէն խօս­քեր կը հա­ւա­քէր եւ շատ ան­գամ քա­րոզ­ներ պատ­րաս­տե­լով՝ գոց կը սոր­վէր եւ առան­ձին կ՚ար­տա­սա­նէր՝ հան­րու­թեան առ­ջեւ ճար­տա­րօ­րէն խօ­սե­լու վար­ժու­թիւն­ներ ընե­լով։ Շու­տով կը գե­րա­զան­ցէ վա­նաբ­նակ­նե­րու գի­տե­լիք­նե­րը եւ կը խոր­հի աշա­կեր­տիլ գիտ­նա­կան վար­դա­պե­տի մը։ Իր այս միտ­քը կը յայտ­նէ հո­գե­ւոր դաս­տիարակ­նե­րուն՝ հո­գե­տես կոյ­սե­րուն, Մա­նա­սէին եւ Մա­րիամին, որ հա­մա­ձայն կը գտ­նուին այս գա­ղա­փա­րին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2024, 07:59