Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (5)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

ՄԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՂԱԶԱՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԵՒ ԱՊԱ ՄԻՔԱՅԷԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԱՇԱԿԵՐՏ

 

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այդ օրերուն արեւելեան Հայաստանէն Սեբաստիա կը ժամանէ հռչակաւոր գիտնական վարդապետ մը Ղազար անունով, որ փիլիսոփայութեան եւ գիտութիւններու մէջ հմուտ անձ էր, եւ եկած էր քարոզելու։ Մխիթար աշակերտելու խնդրանքով կը դիմէ Ղազար վարդապետին, որ յօժարութեամբ կ՚ընդունի, եւ կը խոստանայ զինք տանիլ իր վանքը եւ հոն իմաստասիրական գիտութիւններու մէջ վարժեցնել երկու գիտուն վարդապետներու մօտ, ապա մնացած գիտելիքները աւանդելէ ետք՝ վարդապետական աստիճան շնորհել։ Երբ Ղազար վարդապետ Սեբաստիայէն պիտի մեկնէր, իր ծանօթին ուղղուած յանձնարարական նամակ մը կու տայ Մխիթարի, որ Կարին երթայ եւ հոն իրեն սպասէ, մինչ ինքը Կոստանդնուպոլիսէն անցնելով վերադառնար Կարին՝ Էջմիածին երթալու համար, որմէ ետք պիտի ուղղուէր իր վանքը։

Մխիթար Եւդոկիա հասնելուն կը հանդիպի փերեզակ հօրեղբօր՝ որ իր քով կ՚առնէ պատանին։ Երկու ամիս սպասելէ ետք՝ Կարին գացող ուղեւորներու խումբը չի կազմուիր, եւ հօրեղբայրը աւարտելով իր գործը թոյլ չի տար որ Մխիթար առանձին Եւդոկիա մնայ, ուստի միասին տուն կը վերադառնան։ Սեբաստիոյ մէջ վեց ամիս կը սպասէ Ղազար վարդապետին, բայց ի զուր։

Այդ օրերուն Էջմիածնի կաթողիկոսի նուիրակ Միքայէլ եպիսկոպոսը Սեբաստիա կը ժամանէ։ Մեծ էր անոր համբաւը որպէս գիտուն եւ ճգնասուն վարդապետ։ Մխիթար կը մտադրէ անոր աշակերտիլ։ Միքայէլ եպիսկոպոս կը համաձայնի եւ Մխիթարի կը դասաւանդէ Պօղոս Առաքեալի Ընդհանրական նամակներու մեկնութիւնը։ Երկու ամիս Սեբաստիոյ մէջ քարոզելէ ետք միասին  ճամբայ կ՚ելլեն դէպի Եւդոկիա եւ Դեկտեմբեր ամսուն կը մեկնին Կարին։

Խստութեամբ դաստիարակելու եւ ճգնողական կեանքի մէջ կոփելու համար Միքայէլ եպիսկոպոս աւելորդ ոչ մէկ հոգատարութիւն եւ խնամք կը ցուցաբերէ Մխիթարի հանդէպ։ Ճամբորդութեան ընթացքին, նոյնիսկ երբ կը հարկադրուին ձմերուան ցրտաշունչ եղանակին բաց երկնքի տակ գիշերել, կը ձգէ որ Մխիթար գետնին պառկի, առանց ներքնակի եւ վերմակի, ունեցած վերարկուին մէջ փաթթուելով, կէսը գետնին փռած, միւս կէսով ալ ծածկուելով։ Ճամբուն ընթացքին շատ անգամ կը հրամայէր ձիէն վար իջնել՝ ոտքով շարունակելու համար։ Անգամ մը այնքան յոգնած էր, որ Մխիթար, ձիւնին տակ, ճամբու եզերքի հողաթումբի մը վրայ կը նստի մինչդեռ կարաւանը կը յառաջանար։ Բարեբախտաբար ուշացած ջորեպան մը կը հասնի եւ գթալով իր ջորիին վրայ կը դնէ ու կը հասցնէ կարաւանին։

Այսպիսի դժուարութիւններով եւ տանջանքներով Մխիթար Կարին կը հասնի իր վարդապետին հետ, ու կ՚իջեւանին եկեղեցւոյ կից ուղեւորներու համար նախատեսուած խուցի մը մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2024, 07:33