«Դուք էք երկրի աղը...Դուք է աշխարհի լոյսը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան
Տէր Յիսուս խօսելով իր հետեւորդներուն ըսաւ՝ «դուք էք երկրի աղը... դուք էք աշխարհի լոյսը» (Մտթ. 5:13): Ուշադրութիւն գրաւող երկու կէտեր կան այս համարին մէջ. առաջին՝ աղին համեմող եւ պահպանող յատկութիւնը. ինչպէս նաեւ լոյսի պայծառացնող յատկութիւնը: Երկրորդ՝ ամբողջ աշխարհի աղը ըլլալու առաքելութիւնը: Երկրորդ կէտը նկատի առնելով ուշագրաւ է այն՝ թէ Յիսուս չսահմանափակեց իր աշակերտներուն առաքելութիւնը միայն ազգի մը եւ կամ հասարակութեան մը ծիրէն ներս. այլ ընդլայնեց զայն ընդգրկելու համար ամբողջ «երկիր»ը՝ այսինքն ամբողջ մարդկութեան: Այս է պատճառը, որ եկեղեցին «ընդհանրական» կամ «կաթողիկէ» է:
Միջին արեւելքի մէջ տիրող ներկայ տագնապալի իրավիճակներուն մէջ, Աստուած մեզի սուրբեր առաքեց յայտնելու համար, որ Ինք մօտ է մեզի: Տէրը սուրբերը ղրկեց մեզի, որպէս անոնք ըլլան «աղ եւ լոյս» այս դժուարին օրերուն մէջ: Լիբանանի յատուկ օրհնութիւն ապրեցաւ Աստուծոյ ծառայ՝ կարդինալ Աղաճանեանի աճիւններու վերադարձով: Օրհնութիւն եւ ուրախութիւն ոչ միայն հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն, այլեւ ամբողջ Լիբանանի: Յոյսի եւ գօտեպնդման առիթ մըն էր, որովհետեւ Աստուած լիբանանցիներուն յիշեցուց՝ թէ անոնք Իր սրտին մէջն են եւ Ինք չէր թողած իրենց: Մեծ կարդինալին աճիւնները նշան էին, որ Աստուած կը հսկէ իր ժողովրդին եւ Լիբանանի վրայ: Հայազգի Կարդինալի աստուածակեդրոն կեանքն ու գործունէութիւնը օրինակ է շատերուն, որովհետեւ ան ապրեցաւ միայն Աստուծոյ եւ Անոր եկեղեցւոյն համար. այն աստիճան, որ գրեթէ անոր կեանքը ընդելուզուած էր աստուածային առաքելութեան հետ եւ մէջ:
Սակայն կարդինալ Աղաճանեանի այցելութիւնը չէր միայն մեզ օրհնողը, այլեւ մարունիթ Մասապքի 3 եղբայրներուն եւ ֆրանսիսքան 9 վանականներու սրբադասումը նաեւ եկաւ անգամ մը եւս մեզ յուսադրելու եւ յիշեցնելու Աստուծոյ սիրոյն մասին: Մարդիկ, որոնք ապրեցան անպատմելի դժուարին հալածանքներ եւ սակայն պատրաստ էին իրենց կեանքերը զոհելու Քրիստոսի սիրոյն համար: Անոնք իրենց նահատակութեամբ աղաղակեցին Ս. Պօղոսի հետ ըսելով՝ « ինչ որ մեզի շահ էր, զանիկա Քրիստոսին համար վնաս սեպեցինք» (Փիլպ. 3:7): Իրենց ստացուածքը, հարստութիւնն ու կեանքը՝ այն «ինչ որ շահ էր», Քրիստոսը վկայելու համար պատրաստ էին զանոնք զոհելու եւ զոհեցին:
Այս «վկաներու բազմութեան» ( Հռոմ. 12:1) դիմաց ի՞նչ կրնանք ըսել: Ինչպէ՞ս կարելի է դժգոհիլ եւ կամ գանգատիլ: Անոնք ալ մեզի նման չապրեցա՞ն. անոնք ալ մեզի նման հալածանք չկրեցի՞ն: Սակայն որովհետեւ Քրիստոսի միացած ապրեցան, անոնք կարողացան «փառաց պսակին» արժանանալ: Անոնք « աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն սերմերն են, որոնք երբ լսեցին խօսքը, միտք առին եւ պտուղ տուին, ո՛րը հարիւր, ո՛րը՝ վաթսուն ու ո՛րը՝ երեսուն» (Մտթ.13:23): Մենք ենք իրենց բերած պտուղները. մենք ենք, որ իրենց օրինակով եւ բարեխօսութեամբ մեր կեանքերը աւելի Աստուծոյ կը նուիրենք:
Ո՜վ Տէր. շնորհակալ ենք որ մեզ շրջապատեցիր քու սուրբ վկաներովդ: Տուր մեզի այն շնորհքէն, որով անոնք յաղթեցին աշխարհի եւ եղան « աշխարհի լոյսը. քաղաք մը որ լերան վրայ կեցած է», որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք իրենց կը նային, քաջալերուին եւ ապահով գիտնան, թէ յաղթանակը կարելի է Քրիստոսի հետ եւ Անոր համար ապրողներուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ