Որոնել

2025 թուականին Քրիստոնեաներու միութեան Աղօթքի Շաբաթ, 11.10.2024 2025 թուականին Քրիստոնեաներու միութեան Աղօթքի Շաբաթ, 11.10.2024 

Հրապարակուած են Քրիստոնեաներու միութեան 2025ի Աղօթքի Շաբթուան խորհրդածութիւնները

2025 թուականի Աղօթքի Շաբաթը նուիրուած է 325 թուականին Նիկիոյ Քրիստոնեաներու Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակին եւ «կը հրաւիրէ մեզ ընկղմուելու այս ընդհանուր ժառանգութեան մէջ եւ առ աւելիով խորանալու՝ որպէս քրիստոնեաներ մեզ միաւորող հաւատքի մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

2025 տարւոյն քրիստոնեաներու միութեան Աղօթքի Շաբթուան աղօթքները եւ խորհրդածութիւնները ՝ խմբագրուած Իտալիոյ Պոզէի Վանական Համայնքի կրօնաւորներու կողմէ, նուիրուած են 325 թուականին Նիկիոյ մէջ գումարուած Քրիստոնէութեան Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակին։

Այս լուրը հաղորդած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (WCC) յայտարարած է նաեւ, որ ողջ նիւթը 7 լեզուներով (անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, իտալերէն, փորթուկալներէն եւ արաբերէն) արդեն հասանելի է հետեւեալ յղումով․․․

Անոր ներածականին մէջ կը կարդանք, որ․ «Այս տարի կը նշուի քրիստոնեաներու Առաջին Տիեզերական Ժողովի 1700ամեակը, որ տեղի ունեցաւ 325 թուականին Նիկիոյ մէջ, Կոստանդնուպոլսոյ մօտ։ Ոգեկոչում, որ բացառիկ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ արտացոլելու եւ տօնելու մեր ընդհանուր հաւատքը որպէս քրիստոնեաներ, ինչպէս այդ մէկը արտայայտուած է Ժողովի ընթացքին ձեւակերպուած Հաւատամքի մէջ, հաւատք մը, որ այսօր ալ կենդանի եւ պտղաբեր է: 2025ի Աղօթքի շաբաթը կը հրաւիրէ մեզ ընկղմուելու այս ընդհանուր ժառանգութեան մէջ եւ առ աւելիով խորանալու՝ որպէս քրիստոնեաներ մեզ միաւորող հաւատքի մէջ»:

Այս անգամ Աղօթքի Շաբթուան նիւթ ընտրուած է Յովհաննէս Աւետարանիչի «Կը հաւատա՞ս այս բանին» արտայայտութիւնը (11։26)։ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութեան եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կողմէ համատեղ հրապարակուած նիւթը պիտի առաքուի WCC անդամ եկեղեցիներուն եւ ամբողջ աշխարհի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն ու թեմերուն:

Հիւսիսային կիսագնդի քրիստոնեաներու միութեան համար Աղօթքի Շաբթուան աւանդական ամսաթիւը Յունուարի 18էն 25ն է: Հարաւային կիսագնդի եկեղեցիներու մէջ յաճախ այդ օրերը տարբեր են՝ օրինակ կը համընկնին Պենտեկոստէի շրջանի հետ, որ նաեւ եկեղեցւոյ միութեան խորհրդանշական ամսաթիւ է:

Նշենք թէ՝ ամէն տարի համայն եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուին աղօթքներ Քրիստոսի Եկեղեցւոյ միութեան համար։ Քրիստոնեայ հասարակութիւններ այսօր անկեղծ փափաք կը դրսեւորեն զանազան դարերու ընթացքին գոյացած բաժանումները երկուստեք հարթելու եւ դէպի Քրիստոսի եկեղեցւոյ վերջնական միութիւն քալելու ուղղութեամբ։

Տիեզերական Ժողովները 

Տիեզերական առաջին Երեք ժողովները՝ Նիկիա (325 թուական), Կոստանդնուպոլսոյ Ա. Ժողով (381 թուական) եւ Եփեսոս (431 թուական) ընդունուած են Կաթողիկէ, Ուղղափառ եւ Արեւելածէս Եկեղեցիներու կողմէ։ Եփեսոսի Ժողովէն ետք արեւելածէս Եկեղեցիներ, որոնց կարգին Հայ Առաքելական Եկեղեցին, չեն ընդունիր այլ Տիեզերական Ժողով։

Յաջորդ Տիեզերական 4 ժողովները, Քաղկեդոն (451), Կոստանդնուպոլսոյ Բ. Ժողով (553), Կոստանդնուպոլսոյ Գ. Ժողով (680), Նիկիոյ Բ. Ժողով (787) ընդունուած են Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու կողմէ։ Ոչ բոլոր Եկեղեցիները համաձայն գտնուած են Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ Քրիստոսի անձին հայող վարդապետական հարցերու, ապա նաեւ ծիսական եւ այլ խնդիրներու լուծում տալու համար։ Այդ է պատճառը, որ 869 թուականէն մինչեւ 1962 թուական գումարուած 14 Տիեզերական Ժողովները ընդունած է միայն Կաթողիկէ Եկեղեցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2024, 11:50