Որոնել

2024.10.12 Siria, Kamishli, preghiera per la pace Padre Hovsepian

Գամիշլիի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւն "Համայն Աշխարհի Խաղաղութեան" դիտաւորութեամբ

«Զխաղաղութիւն եւ զմեծ զողորմութիւն քո պարգեւեա մեզ, մարդասէր Տէր»։
Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ` 11 Հոկտեմբեր 2024, երեկոյեան ժամը վեցին, Գամիշլիի Քաղդէական կաթողիկէ սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետի եկեղեցւոյ մէջ, ընդառաջելով նորին Սրբութիւն ֆրանցիսկոս Քահանայապետի կոչին՝ տեղի ունեցաւ Երկրպագութիւն Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդութիւնը նուիրուած "ՀԱՄԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ" դիտաւորութեան, եւ ի մասնաւորի Միջին Արեւելքին՝ Սուրիայի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Պաղեստինի համար։

Իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղւոյն Ասորի եւ Քաղդէացի Կաթողիկէ քահանաները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Հոգեպարար Արարողութեան ներկայ էին նաեւ երեք կաթողիկէ համայնքներու երիտասարդաց եւ տիկնանց միութիւնները։

Գամիշլիի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւն "Համայն Աշխարհի Խաղաղութեան" դիտաւորութեամբ։
Գամիշլիի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւն "Համայն Աշխարհի Խաղաղութեան" դիտաւորութեամբ։

Ջերմեռանդական աղօթքին նախագահեց ու յաւուր պատշաճի խօսքը ուղղեց Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեանը։

Ան ըսաւ։ «Բոլոր քաղաքակրթութիւնները հինուց եւ մինչեւ օրս կ՝աշխատին համաշխարհային խաղաղութեան հասնելու համար, եւ բոլոր պատերազմները, որոնք մենք գիտենք եւ ապրած ենք, կ՝աշխատին համաշխարհային միասնութեան եւ խաղաղութեան հասնելու համար, սակայն բոլոր պատերազմները եւ համաշխարհային համաձայնութիւնները , որոնք պատմութեան ընթացքին կնքուեցան՝ աւարտուեցան անյաջողութեամբ, պարտութեամբ եւ մահով:

Համաշխարհային խաղաղութիւնը կը սկսի անհատական​​խաղաղութենէն:

Անհատը հասարակութեան միաւորն է, եւ երբ անհատը կը վայելէ ներքին խաղաղութիւնը, ինքնաբերաբար կը տիրէ համաշխարհային խաղաղութիւնը:

Խաղաղութիւնը Աստուծոյ պարգեւն է մարդուն եւ իր ներկայութեան հաստատուն ապացոյցն է մարդուն սրտին մէջ։

Միայն Աստուած կրնայ խաղաղութիւնը տալ, քանի որ Ինքն է խաղաղութեան աղբիւրը:

«Եւ ինքը՝ խաղաղութեան Տէրը՝ ամէն կերպով ձեզի խաղաղութիւն տայ ամէն ատեն», կ՝ըսէ սուրբ Պօղոսը (2 Թեսաղ. 3։16)։

Եկեղեցւոյ ամենայստակ դիրքորոշումն այն է, որ ան կտրականապէս կը մերժէ բոլոր տեսակի բռնութիւնները, աւերածութիւնները եւ մարդասիրութեան հոգու սպանութիւնը մարդկանց սրտերուն մէջ եւ կոչ կ՝ընէ երկխօսութեան, փոխըմբռնման, ներման եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու ամբողջ աշխարհի մէջ։

Այս անգութ ու դաժան ժամանակներուն, երբ բռնութիւնը կը թուի միակ լեզուն, մենք կը շարունակենք հռչակել եւ հաւատալ ներողամտութեանն ու հաշտութեանը:

Չենք կարող խաղաղութիւնը, փոխըմբռնումը եւ հաշտութիւնը փնտռել մարդկանց միջեւ, եթէ չմտածենք Քրիստոսի անձին, խօսքերուն եւ հրաշքներուն մասին։

Յիսուսի հրատապ աղօթքներու շնորհիւ՝ մենք կը ստանանք մեր սրտերուն մէջ խաղաղութեան օրհնութիւնները։

Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առնելու ժամանակ Աստուած հաստատապէս եւ վերջնականապէս ցոյց տուաւ, որ բարին կը յաղթէ չարին, եւ սէրը կը յաղթէ բռնութեանը:

Քրիստոսի յարութիւնը մեր վստահ երաշխիքն է, որ սիրոյ եւ խաղաղութեան ճանապարհը ի վերջոյ կը յաղթեն։

Սրտի մեծ երախտագիտութեան խօսք՝ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին՝ հոգեւոր եւ բարոյական աջակցութեան համար եւ յատկապէս իր մշտական աղօթքներուն՝ Միջին Արեւելքի տառապող ժողովուրդին դիտաւորութեամբ։

Խնդրենք Սուրբ Հոգիէն, որ օգնէ մեզ ըլլալու միասնութեան եւ խաղաղութեան գործիքներ. Ամէն»։

Գամիշլիի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւն "Համայն Աշխարհի Խաղաղութեան" դիտաւորութեամբ
Գամիշլիի մէջ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութիւն "Համայն Աշխարհի Խաղաղութեան" դիտաւորութեամբ

Աւարտին, սուրբ հաղորդութեան թափորը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ մէջ ու ապա Աստուծոյ օրհնութեամբ հաւատացեալները ներքնապէս սուրբ հոգիով լեցուած մեկնեցան իրենց տուները տանելով իրենց հետ Քրիստոսի խաղաղութիւնը, սէրը եւ անդորրութիւնը։

Խաղաղ գիշեր բոլորիս։

Գերյ. Հայր Գառնիկ Ծ. Վրդ. Յովսէփեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2024, 07:38