Որոնել

Ամենայն Սրբոց տօն Ամենայն Սրբոց տօն 

Հոգեւոր թափառումներ Ամենայն Սրբոց Տօնին առիթով. Գերյարգելի Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Քայլ մը երկինքէն առաջ
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ենթադրենք, որ հարսանեկան խրախճանքի մը հրաւիրուած ըլլանք:

Մեզ ազնուօրէն հրաւիրողը սերտ բարեկամ ըլլալով՝ կը յուսանք դահլիճին մէջ գտնել մեզի ծանօթ անձեր, որոնց շատոնց չենք հանդիպած: Սակայն, մեր բարեկամներէն զատ՝ մեծ զարմանքով հոն կը գտնենք բազմաթիւ այլ հրաւիրեալներ, որոնք երբեք չենք տեսած:

Նմանապէս, մեր աչքերուն պիտի չհաւատանք, եթէ երկինքի մէջ գտնենք բարի մարդոցմէ զատ՝ ոճրագործներ, ահաբեկիչներ կամ հանրային մեղաւորներ, որոնց մասին լրատուական հաղորդամիջոցները երկարօրէն անդրադարձած էին:

Այս պատճառով, Ամենայն Սրբոց տօնին ո'չ միայն կը նշենք մեր տօնացոյցներուն մէջ արձանագրուած սուրբերը, այլ նաեւ՝ յայտնի եւ անյայտ սուրբեր, որոնք դարերու ընթացքին օրհնութիւն մը հանդիսացած էին մարդկութեան համար:

Նոր Կտակարանի Յայտնութեան Գիրքին մէջ կը կարդանք. «անհամար բազմութիւն մը՝ բոլոր ազգերէ, բոլոր ցեղերէ, բոլոր ժողովուրդներէ եւ լեզուներէ, որոնք գահին եւ Գառնուկին դիմաց կանգնած էին՝ ճերմակ պարեգօտներ հագած, եւ իրենց ձեռքին՝ արմաւենիի ոստեր...» (Յայտնութիւն 7, 9):

Վերոգրեալ սուրբերու հասարակութեան թիւին պիտի գտնենք պարզ գործաւորներ փաստաբաններու կողքին, աղբահաւաքներու հետ միասին աշխարհահռչակ դերասաններ, որոնք իրենց մեղանչական վիճակին գիտակցելով՝ չվարանեցան ապաւինիլ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան, եւ իրենց վստահութիւնը դնել Անոր սրբարար շնորհքին վրայ՝ իրենց կեանքի վերիվայրումներուն մէջ:

Հո՛ն պիտի տեսնենք բանտարկեալներ եւ յանցապարտներ, որոնք հաւատացին Աստուծոյ սիրոյն եւ յանձնուեցան Իր հայրական հոգատարութեան: Պիտի տեսնենք թէ' անոնք, որոնք հաւատարիմ եղած էին իրենց փոքր տարիքէն եւ թէ' անոնք, որոնք հետագային դարձի եկած են: Այս երկնաբնակ սուրբերը քաջ գիտէին, որ ո՛չ թէ իրենց սեփական ջանքերով, այլ՝ Աստուծոյ շնորհքով սրբացան:

Երկինքը անսահման է: Անիկա չէ՛ դրասանգուած միայն խորաններուն վրայ բարձրացած մեծ սուրբերով, այլ նաեւ անոնցմով, որոնք ապրեցան աստուածսիրութեամբ ու եղբայրսիրութեամբ: Իցի՜ւ թէ այս ճշմարտութիւնը մեզ յուսադրէ, երբ մտահոգուինք մեր անձնական կամ մեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն վախճանին համար:

-Երբե՛ք չյուսահատինք ի տես մեր մեղքերուն՝ որքան ալ ծանր ըլլան անոնք:

-Վերյիշենք անվարան Պօղոս առաքեալի սոյն խօսքերը. «Հո՛ն, ուր մեղքը բազմացաւ՝ այնտեղ Աստուծոյ շնորհքը աւելի առատացաւ» (Հռոմայեցիներուն 5, 20):

-Հետեւաբար, ո'չ ոք բացառուած է Աստուծոյ ողորմութենէն:

-Ո'չ ոք երբեք հեռու է Անոր հայրական անյիշաչար գթասրտութենէն: Մեր Տէրը հրաշքներու Աստուած է. առ այդ, ամէն ոք կրնայ սուրբ ըլլալ:

-Ուստի, մեզմէ իւրաքանչիւր ոք կրնայ վերոյիշեալ Առաքեալին նման ըսել. «Ամէն բանի կարող եմ շնորհիւ Անոր, որ զիս կը զօրացնէ» (Փիլիպեցիներուն 4, 13):

Գերազանց խօսքեր...ուր կը հանգուցուին անստուեր պատուիրանները Քրիստոսի Աւետարանին, նա՛մանաւանդ. «առանց ինծի ոչինչ կրնաք ընել» (Յովհաննէս 15, 5):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2024, 07:30