Որոնել

2024.11.18 In memoria del beato Gomidas Keumurdjian

Երանելի Տէր Կոմիտաս Քէօմիւրճեանի յիշատակին (1656 - 5 նոյեմբեր 1707)

Իսկապէ՛ս, երբ կը կարդանք Տէր Կոմիտասի սրբակեաց կենսագրութիւնը. իր մէջ կը գտնենք տիպար քահանայ մը, որ իր անձին մէջ ամբողջացուց հայ եկեղեցականի բոլոր յատկութիւնները, մանաւանդ՝ ճշմարտութեան Բանին քարոզչութիւնը, ինչպէս յորդորաբար երգեց սուրբ Ներսէս Շնորհալին:
Ունկնդրէ լուրը

Վաղուց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետ՝ Պիոս ԺԱ., 1929ին Երանելիներու կարգին դասեց բազմաչարչար Տէր Կոմիտաս Քհն. Քէօմիւրճեանը:

Ամէն տարի Նոյեմբեր ամսուն, իր նահատակութեան յիշատակելի օրը, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը տօնէ Պոլսահայ եկեղեցականի անմահ յիշատակը:

Իսկապէ՛ս, երբ կը կարդանք Տէր Կոմիտասի սրբակեաց կենսագրութիւնը. իր մէջ կը գտնենք տիպար քահանայ մը, որ իր անձին մէջ ամբողջացուց հայ եկեղեցականի բոլոր յատկութիւնները, մանաւանդ՝ ճշմարտութեան Բանին քարոզչութիւնը, ինչպէս յորդորաբար երգեց սուրբ Ներսէս Շնորհալին:

Հայրը՝ տէր Մարտիրոս, քահանայ էր, եղբայրը նոյնպէս քահանայ եղաւ, իսկ կրտսեր եղբայրը՝ Երմիա Չէլէպի Քէօմիւրճեան, դպրութեան փոքր կարգերը ստացած էր. վերջինս Հայ իրականութեան մէջ հանդիսացաւ գրող եւ երաժշտագէտ:

Տէր Կոմիտասը բարձր ուսման տիրացած էր, ինչպէս պատշաճ էր հայ հոգեւորականին:

Հայերէն քերականութեան տիրապետած ըլլալով՝ «Գործք Առաքելոցը» ոտանաւորի վերածած էր. «Ոտանաւորք բանք ի գործս առաքելոց», որ իւրայատուկ է հայ հոգեւոր գրականութեան մէջ:

Նոյնը կատարած էր Ժ. դարուն, Գրիգոր Մագիստրոսը, որ «Հազարտողեան»-ով, յանգաւոր ոտանաւորի վերածած էր ամբողջ Աւետարանը, արձակի կողքին:

Տէր Կոմիտասի քարոզները հոգելից էին. ճարտասանութիւն և աստուածաբանութիւն ուսած ըլլալով՝ այնպէս կը քարոզէր, որ բոլոր ժողովուրդը ուշադիր մտիկ կ'ընէր:

Ան փոքր տարիքէն ըմբոշխնած էր եկեղեցւոյ դպրութիւնը, իր գեղեցիկ ձայնով բոլոր կարգերը կատարեալ և անթերի կատարելով. սրբազան երգեցողութիւնը իր կատարողութեամբ ամէնուն զմայլանք կը պատճառէր:

Սուրբ Պատարագը ահով ու երկիւղով կը մատուցանէր, որուն կը մասնակցէին հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Ծիսական պաշտամունքը գերազանցօրէն կը կատարէր. Շարականներու եւ հոգեւոր տաղերու, գանձերու եւ ողբերու մեկնաբանութիւնը մեծ տպաւորութիւն կը թողուր:

Սակայն իր շրջապատէն ոմանց նախանձը շարժեցաւ ի տես այս գովելի յատկութիւններուն, այն աստիճանի, որ սկսան դաւեր լարել տարաբախտ Տէր Կոմիտասին դէմ:

Տէր Կոմիտասը առաջին հերթին, աղօթքի կը դիմէր, երկար ժամանակ կը տրամադրէր ժամասացութեան, ի հեճուկս իր առօրեայ հովուական կեանքին:

Աւագ քահանայ անուանուած ըլլալով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը կը մատուցանէր Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ:

Ժողովուրդը իր մէջ կը տեսնէր նուիրեալ եւ բարի հովիւը. որպէս ամուսնաւոր քահանայ՝ ունէր դուստրեր եւ որդիներ, սակայն ժողովուրդի հոգ հոգւոցը անխտի՛ր, ի ժամու եւ ի տարաժամու հարազատօրէն կը հոգար, մեծ զոհողութիւններ կրելով հանդերձ:

Այսպէս, մինչ մէկ կողմէն Տէր Կոմիտասը կ'արժանանար իր փոքրիկ ածուին յարգանքին եւ սիրոյն, միւս կողմէն՝ չհասկցուելով իր եղբայրակիցներէն, հալածանքներ կը կրէր. եւ ի վերջոյ ի սէր Քրիստոսի սուրբ Եկեղեցւոյն՝ նահատակութեան փառքով կը պսակուի:

Յիշատակութեան արժանի է թէ ան ժամանակակից եղած է Կարնեցի Խաչատուր Վրդ. Առաքելեանին եւ Սեբաստացի Մխիթար Աբբահօր. որոնց անունները ոսկեղէն տառերով արձանագրուած են Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատմութեան մէջ:

Դարեր անցան Երանելի Տէր կոմիտասի նահատակութեան, սակայն իր յիշատակը միշտ վառ մնաց հաւատացեալ ժողովուրդի սրտին մէջ:

3 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան, Սամաթիոյ «Սուրբ Աստուածածին» հայ կաթողիկէ եկեղեցիին մէջ սուրբ Պատարագ մատուցանեց հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեան։ Յաւարտ սուրբ Պատարագին, եկեղեցական դասը ուղղուեցաւ դէպի Երանելի Տէր Կոմիտասի խորանը, ուր զետեղուած է իր մեծկակ իւղանկարը: Տէր Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Մինասեան երգեց Երանելի նահատակին նուիրուած յատուկ շարականը. «Մարտիրոսաց դասուց խմբին, Դու ժառանգորդ գըտար արժան, հեղեր զարիւնդ ի սէր Փրկչին, յարքայութեան կեալ անբաժան. Երանելի Տէր Կոմիտաս լեր բարեխօս առ Տէր Աստուած»:

Այս շարականը մեծ յուզմունք պատճառեց բոլոր ներկաներուն:

Յիրաւի՝ Հայ Եկեղեցին հզօ՛ր է իր սուրբերով եւ նահատակներով, որոնք Երկինքի Աստուծոյ գահին առջեւ մէջ մշտական բարեխօսներ կը հանդիսանան մեզի:

Այս աշխարհի խիստ հողմերուն տակ՝ մեզի ապաւէն թող ըլլան, որով կը պարծենայ Մայր Եկեղեցին:

Հայր Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2024, 07:48