Որոնել

Հրեշտակապետեր Հրեշտակապետեր 

Եկեղեցական գիտելիքներ Խաչի Ը. Շաբաթ (3_10 Նոյեմբեր 2024)

Շաբաթ` 9 նոյեմբեր, տօնն է հրեշտակներու եւ երկնային բոլոր զօրքերուն ու գլխաւորապէս Միքայէլ հրեշտակապետին, Գաբրիէլ հրեշտակապետին եւ Ռափայէլի. Ասոնց հետ կը տօնուին նաեւ Սերովբէները եւ Քերովբէները։

Կիրակի 3  Նոյեմբեր, Սուրբ Խաչի 8-րդ  շաբաթն է.  օրուան աւետարանին մէջ, որ Ղուկասի Աւետարանի 8-րդ գլուխէն առնուած է, երեք պատգամ կայ.

Մին` թէ ամէն գաղտնիք պիտի ծանուցուի.

Երկրորդը թէ Քրիստոսի ընտանիքի անդամները միայն իր հարազատները չեն, այսինքն հայրը, մայրը, եղբայրներն ու քոյրերը, այլ բոլոր անոնք որոնք իր խօսքին մտիկ կ՛ընեն եւ զայն կը գործադրեն։ Ի վերջոյ` միջանկեալ այս երկու խօսքերուն` նաեւ երրորդ պատգամ մը, թէ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողէն ունեցածն անգամ պիտի առնուի։

Խորհրդածութիւնները այս խօսքերուն մասին մեզ կը տանին դէպի Քրիստոս մը որ կը զարմացնէ մեզ իր խիզախ ուսուցումովը եւ յաճախ մեր ապահով կարծուած ճշմարտութիւններուն հանդէպ կը կորսնցնենք մեր բացարձակ ապահովութիւնը։

Շաբթուայ ընթացքին` կը շարունակուի Ղուկասի Աւետարանի 8-րդ գլխուն ընթերցումը. Իսկ Ընթերցուածն ալ Եփեսացիներուն Թուղթէն է, առաջին եւ 2-րդ գլուխէն։

Երկուշաբթի 4 Նոյեմբերին՝ ըստ հայկական ծէսի, կը տօնենք Սուրբ Ստեփանոս, Հռոմի հայրապետը, կամ քահանայապետը 254 թուականէն մինչեւ 257։ Վաղերիոս կայսեր հալածանքներու զոհ գնաց ինք եւ իր կղերը ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ դարձած անձերէն շատեր, որովհետեւ կայսեր հրամանով` արգիլուեցաւ գետնադամբաններուն մէջ պաշտամունք կատարել, եւ այն շրջանի քրիստոնեաները ընդհանրապէս հոն կը հաւաքուէին աղօթելու համար։ Ստեփանոս նշանաւոր է իր պայքարով ընդդէմ Եկեղեցւոյ մէջ ծնունդ առած կարգ մը աղանդներու։

Երեքշաբթի 5 Նոյեմբերին` կը տօնենք Պարսկական հողի վրայ ծաղկող առաջին սուրբ նահատակները. Անոնք են Ակեփսիմաս եպիսկոպոսը, Հոնիթա քաղաքէն, իր քահանան` Յովսէփը եւ սարկաւագը` Այիթալաս։ Երեքն ալ նահատակուեցան Շապուհ Բ. Պարսից արքայի օրով, որովհետեւ չուզեցին պաշտամունք մատուցանել արեւին ու կրակին. Շուտով անոնց մեծարանքը տարածուեցաւ նաեւ նոր քրիստոնեայ դարձած Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հետագային` Բիւզանդիոնի մէջ։ Անոնց հետ կը տօնենք նաեւ Պղատոն անունով Անկիւրացի երիտասարդ նահատակը, որ 303 թուին, մարտիրոսացաւ յետ անհամար չարչարանքներու։

Հինգշաբթի օրը, տօնն է Կ.Պոլսոյ առաջին հայրապետներուն, որոնց անուններն են. Մետրոփանոս, որու հայրապետութեան ժամանակ գումարուեցաւ Նիկիոյ Տիեզերական առաջին սուրբ Ժողովը, 325 թուին. Ապա իրեն կը յաջորդէ Աղեքսանդրոս, որ կը հակառակի Արիոսականներուն եւ կը վախճանի խոր ծերութեան մէջ, 98 տարեկանին։ Երրորդն է Պօղոս Խոստովանող, որ կ՛ենթարկուի Արիոսականնրու հալածանքներուն, մանաւանդ որ Կոստանդ կայսրն ալ հերձուածին մէջ ինկած էր։ Իր հետ կը նահատակուին նաեւ իր երկու նօտարները, Մարկիանոս եւ Մարտիրոն։

Շաբաթ` 9 նոյեմբեր, տօնն է հրեշտակներու եւ երկնային բոլոր զօրքերուն ու գլխաւորապէս Միքայէլ հրեշտակապետին, Գաբրիէլ հրեշտակապետին եւ Ռափայէլի. Ասոնց հետ կը տօնուին նաեւ Սերովբէները եւ Քերովբէները։ 

Կիրակի 10 Նոյեմբերը Թ. կիրակին է զկնի Խաչի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2024, 08:00