Khor Virap Monastery | Монастырь Хор Вирап

Հայ եկեղեցւոյ Խորհրդոց մատեանի պատմական հոլովոյթը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (28)

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի հայաւանդ տարրերուն:

ԻԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ մեր հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Մաշտոցի հայաւանդ տարրերուն:

 

Պատմութեան էջերը լեցուն են Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի բարեխօսութեամբ կատարուած հրաշագործութիւններով ու սրբագործութիւններով, եւ ճի՛շդ այդ պատճառով՝ մեր հայրապետները իրենց աղօթքներուն մէջ յիշելէ ետք Ս. Աստուածածնի, Յովհաննէս Մկրտիչի, Ստեփանոս Նախավկայի, առաքեալներուն եւ մարգարէներուն բարեխօսութիւնը, որպէս բարեխօս կը յիշեն նաեւ «զՀայրապետն մեր զսուրբն Գրիգոր՝ լուսաւորիչն Հայաստանեայց աշխարհի»: Առ այս՝ պէտք է հաւատքը ունենալ, թէ Ս. Լուսաւորչի աղօթքներով կրնանք բժշկութիւն եւ աղօթքներու իրականացում ստանալ մեր Ամենակալ Հօր Աստուծմէն: Դարեր անց, Հայրապետներու աղօթքներու, շարականներու, հոգեւոր գրականութեան ու պատմութեան ճամբով մինչեւ մեր օրերը կը հասնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի լուսաւորութեան արդիւնքներն ու հետեւանքները՝ վերածուելով ազգային ու կրօնական տօնախմբութեան:

Հին ձեռագիր Մաշտոցներուն և տպագիրներուն մէջ կայ Կանոն օրհնութեան մատաղի․ Մատաղօրհնութիւնը բոլոր կրօններու համար յատուկ սովորութիւն էր: Մատաղն զուտ հեթանոսական ծագում ունի, քրիստոնէութիւնը հեթանոսութենէն առած է մատաղը, և յետոյ նուիրագործած քրիստոնէական կրօնի օծմամբ: Նոյնպէս հոգեհացը և այլ բազմաթիւ ու բազմազան նուիրագործուած ծիսակարգեր հայկական կեանքէն, անոնց տալով քրիստոնէական վարդապետութեան մեկնութիւն: Մաշտոցին մէջ կայ այսպիսի խորագիր Զատկին Կանոն գառն օրհնելոյ տաղաւարաց: Հայերը սովորութիւն ունէին նաեւ Զատկին օրը գառն օրհնելու և ուտելու:

Այս սովորոյթը հեթանոսական և եբրայական է. կար ատեն մը նաեւ արեւմուտք և քրիստոնէացած է: ԺԲ. դարուն գրուած ծիսական մէկ քանի կարգացոյցեր (Ordo) կը վկայեն թէ Զատկին գառն օրհնելու և ուտելու սովորութիւնը Շնորհալւոյն դարուն՝ լատիներէն Մաշտոցէն անցած է մեր Մաշտոցին: Այս հայաւանդ սովորութիւնը պահուած է մինչեւ այսօր: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը քրիստոնէական մատաղի համար հաստատեց աղօրհնէքը (կանոն աղ օրհնելոյ): Յայտնի կ'երեւի թէ բոլորովին իրարմէ տարբեր բաներ են Մատաղ, Ագապ, Մաս, վասն զի վերջին երկուքին ծագումը քրիստոնէութեան մէջ փնտռելու է:

Հին Մաշտոցներուն մէջ, յատուկ տեղ գրաւած էր «Անդաստան» կոչուած ծէսը, որ քահանայի գլխաւորութեամբ՝ սարկաւագի և դպիրներու միջեւ կատարուած երգեցողութիւնը, աղօթքը և քարոզը մէջ ընդ մէջ՝ կը ստեղծէ   հանդիսաւորութիւն մը: Ծիսական մեծ տօներուն, առաւօտեան եւ երեկոյեան ժամերգութիւններէն ետք, կը կատարուին անդաստանի թափօրն ու պաշտօնը, այսինքն աշխարհիս օրհնութիւնը Ս. Խաչով եւ Ս. Աւետարանով, յընթացս չորս կայաններու, ըստ երկրիս չորս կողմերուն: Անդաստանը ցոյց կու տայ թէ հակառակ քրիստոնէական վարդապետութեան հզօր ներգործութեան՝ հին պաշտամունքներու ծէսերը լրիւ արմատախիլ չեն եղած: Ըստ կարգ մը պատմաբաններու Անդաստանը հեթանոսական ժամանակաշրջանի պաշտամունքային աւանդոյթ է, եւ քուրմերու կողմէ կատարուած հնագոյն սրբազան պարերու արձագանգն է: Անդաստանը անցեալին եկեղեցիին մէջ տեղի կ'ունենար, ապա՝ եկեղեցւոյ շրջաբակը և երաշտի ժամանակ՝ դաշտերուն մէջ: Անդաստանը ԺԸ. ԺԹ. դարերուն, վերցուած է Մաշտոցէն և Ժամագիրքին մէջ տեղադրուած է:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 09:12