«Ողորմութեան Իմաստը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան
Ի՞նչ կը մտածենք, երբ լսենք սարկաւագը կամ քահանան «Տէր Ողորմեա» խնդրանքը աղօթէ: Արդեօ՞ք կը խորհինք ողորմութեան մասին: Ի՞նչ կը հասկանանք այս սուրբ աղաչանքէն՝ ողորմեա, որ յաճախ կը գործածուի եկեղեցւոյ բոլոր արարողութիւններուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ յատուկ աղօթքներու պահուն։
Աստուածաշունչի մէջ գործածուած «ողորմութիւն» (eleos = Ἔλεος) բառը կը նշանակէ Աստուծոյ հաստատ, անփոփոխ եւ ողորմած օգնութիւնը։ Ողորմութիւնը կու գայ Տիրոջ եւ Իր ժողովրդին միջեւ ուխտի փոխյարաբերութեան ծիրէն ներս: Ողորմութիւնը Աստուծոյ սիրոյ պարգեւն է եւ ոչ թէ մեր արժանիքը: Աստուած հաւատարիմ եւ ողորմած կ'ըլլայ անոնց հանդէպ, որոնք կը սիրեն զԻնք եւ կը վստահին Իրեն, առանց վերապահութեան կամ վարանումի: Հետեւաբար, երբ եկեղեցականը «Տէր Ողորմեա» աղօթքը ընէ, մենք պէտք է ստուգենք մեր հոգեւոր ընթացքը՝ արդեօ՞ք մենք հաւատք, վստահութիւն եւ սէր ունենք Աստուծոյ հանդէպ. որովհետեւ ինչպէս վերէ նշուեցաւ՝ ողորմութիւնը Տիրոջ եւ Իր ժողովրդին միջեւ ուխտի փոխյարաբերութեան ծիրէն ներս կ'ինայ: Եթէ թերի ենք Տիրոջ հանդէպ ունեցած մեր յանձնառութեան մէջ, « Տէր ողորմեա» աղօթքը ժամանակն է ողորմութիւն ընդունելու եւ Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութիւնը ուղղելու: Ինչպէ՞ս կարելի է մեր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ ուղղել... Խոստովանանքով: Խոստովանելով մեր մեղքերը կ'ազատագրուինք այն արգելքէն որ պատնէշ եղած էր մեր եւ Աստուծոյ միջեւ:
«Տէր Ողորմեա» աղօթքը ինչպէս որ ողորմութիւն խնդրելու աղաղակ է, նոյնպէս ալ ապաշխարութեան հրաւէր է հաւատացեալներուն: Ս. Օգոստինոս կ'ըսէ «Ողորմութիւնը մեղքերու թողութիւն է եւ շնորհքի պարգեւ»: Սիրող Աստուածը չի պարգեւեր շնորհք անոնց, որոնք կարող չեն զայն բարիին համար օգտագործելու: Մենք շնորհքի կարիքը ունինք, որպէսզի զանազանենք մեր հոգեւոր վիճակը. բան մը որ, միայն Աստուծոյ հոգին կրնայ տեսնել մեր մէջ եւ մեզ առաջնորդել զայն նկատելու:
Շնորհքը պտուղն է աստուածային ողորմութեան, եւ Աստուծոյ զօրութիւնն է որ աշխարհ կու գայ մեզ օրհնելու եւ մեր միջոցով՝ զայն աշխարհին բաժնելու: Շնորհքի պտուղն է՝ մեղքերու ներում եւ յաւիտենական կեանք: Ան, որ կը փափաքի Տիրոջ խոստացած յաւիտենական կեանքը ունենալ, պէտք ունի շնորհքի: Սակայն այս շնորհքը մեր անձերուն համար չէ միայն: Յիսուս կը պատմէ երեք ծառաներուն առակը, ուր օտար երկիր գացող մարդ մը կը կանչէ իր երեք ծառաները եւ իր ունեցածը անոնց կը յանձնէ, որպէսզի զայն տնտեսեն: Շատ ժամանակ յետոյ ծառաներուն տէրը կը վերադառնայ եւ անոնցմէ հաշիւ կը պահանջէ: Լաւապէս կը վարձատրէ անոնց, որոնք իրենց ստացածը բազմացուցած էին: Սակայն շատ խիստ կը գտնուի անոր հանդէպ, որ ունեցածը իր անձին պահեց:
Եկեղեցին յաճախելը մենք զմեզ լաւ զգալու համար չէ: Այլ աստուածային ողորմութիւնը ստանալով ապաշխարուելու. եւ ապաշխարութեան պտուղը եղող շնորհը առնելու եւ զայն աշխարհին բաժնելու: Եթէ մեր քրիստոնէական կեանքը ըլլայ եսակեդրոն, մեր պատիժը պիտի ըլլայ նման այն ծառային, որ իր ստացածը ինքնիրեն պահեց:
Աղօթենք « Տէր Ողորմեա», որպէսզի Աստուծմէ շնորհք ստանալով զայն աշխարհի սփռող անցքն ու միջոցը ըլլանք:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ