Որոնել

ՆԻքարակուա, եկեղեցի, աղօթք ՆԻքարակուա, եկեղեցի, աղօթք  (AFP or licensors)

Նիքարակուայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը աքսորուեցաւ Կուաթեմալա

Առաջին անգամ չէ որ Նիքարակուացին եպիկոպոսները կ՝աքսորուին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Գերպ. Էնրիք Հեռերա Կութիերէզ՝ Ժինոթէկա թեմի եպիսկոպոսը եւ Նիքարակուայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը աքսորուեցաւ Կուաթամալա՝ 13 նոյեմբերին, դառնալով Նիքարակուացի երրորդ եպիսկոպոսը որ կ՝արժանանայ այդ ճակատագրին։

Անորմէ առաջ աքսորուած են գերպ. Ռոլանտօ Խօսէ Ալվարէզ եւ Գերպ Իզիտորօ Տէլ Քարմէն Մորա Օրթէկա։

Գերպ Հեռերա հրապարակայնօրէն դատապարտեց տեղական կառավարութիւնը, քաղաքապետարանին կողմէ կազմակերպուած միջոցառումներուն պատճառով առաջացած անկարգութիւններուն համար, որոնք կ՝ընդհատէին կրօնական արարողութիւնները, քաղաքապետին գործողութիւնները անուանելով «սրբապղծութիւն»։

Գերպ Հեռերան աքսորուելէ առաջ անջատուած է թեմի Ֆայսպէքուեան էջը, որ օգտագործուած էր կրօնական միջոցառումները հեռարձակելու համար։ Կան նաեւ հաղորդումներ, որոնք կ՝արգիլեն քահանաները պետական հիւանդանոցներու մէջ հիւանդներուն հոգ տանելու ինչ որ անհանգստութիւն կը յառաջացնեն ընտանիքներուն եւ հիւանդներու միջեւ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Նիքարակուսայի եկեղեցւոյ, յորդորելով աղօթել երկրի բնակչութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2024, 07:14