Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
Gloria, RV 589, in Re maggiore, per soli, coro e orchestra
Ժամանակացոյց Փոտքասթ
2024.11.05 Preghiera ecumenica per i prigionieri armeni dell'Artsakh

Միջեկեղեցական Աղօթք՝ Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու համար

Աղօթքը նախատեսուած է Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանի պատկան Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի 10 Նոյեմբեր 2024ի կէսօրէն ետքը ժամը 5ին

2020 թ. Սեպտեմբեր-Հոկտեմբեր ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան դէմ իրականացուած ռազմական յարձակումը, որուն յաջորդեց 2023 թ. Սեպտեմբերին սկսած Լաչինի միջանցքի տասնամսեայ շրջափակումը, շուրջ 120,000 հայերու իրենց հայրենի հողերէն հարկադիր տեղահանումը, ինչպէս նաեւ հայկական շինութիւններու, կրօնական եւ պատմամշակութային յուշարձաններու ծրագրուած ոչնչացումն ու Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան անօրինական գերեվարումը՝ կը շարունակէ խոր մտահոգութիւն առաջացնել։

11-22 Նոյեմբեր 2024 թ. Պաքուի մէջ կայանալիք COP29 միջազգային համաժողովի նախօրէին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) կոչով հանդէս եկաւ «բոլոր բարի կամքի տէր մարդոց» միանալ Հայաստանին նուիրուած աղօթքի օրուան, որ համայն աշխարհի մէջ հայ եւ այլ համայնքներու կողմէ պիտի նշուի յատուկ աղօթքով՝ նուիրուած Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար ներկայիս պահուող հայ գերիներուն:

Նոյեմբերի 10-ին, Պաքուի մէջ նախատեսուած կլիմայական բանակցութիւններու (COP29) բացման նախօրէին, Հռոմի մէջ եւս պիտի կազմակերպուի համամիութենական աղօթք, որ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ` ժամը 17:00-ին, Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Վարժարանի եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ՝ «Վասն եղբարց մերոց գերելոց շնորհեայ ազատութիւն զՏէր աղաչեսցուք»» (Սուրբ Պատարագ, աղօթք առաքելու մեր Տիրոջ՝ գերեվարուած մեր եղբայրներու ազատութեան համար)։ Բոլոր բարի կամքի տէր մարդիկ, որոնք կը հաւատան ճշմարտութեան ու արդարութեան, հրաւիրուած են միանալու։

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք դիմել Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցչութեան․ pontificallegate@gmail.com

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2024, 09:13
Prev
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
Next
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930