Որոնել

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը  (Ufficio Media Patriarcato Armeno Cattolico)

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին շնորհաւորական ուղերձը Լիբանանի անկախութեան տօնին առթիւ

Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով յղած պատգամին մէջ Հոգեւոր Տէրը հրաւիրեց աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած Լիբանանի ամբողջական խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Այսօր կը տօնենք Լիբանանի անկախութիւնը՝ պատերազմին պատճառով ստեղծուած ծանր եւ ողբերգական պայմաններու մէջ, որոնց աղիտալի հետեւանքներուն ենթարկուած են մեր երկիրն ու ժողովուրդը: Այս պահուն, մենք պէտք ունինք վերահաստատելու մեր կամքն ու դիրքորոշումը, որպէսզի ցաւէն եւ աւերէն ետք վերականգնենք մեր հայրենիքը: Ապա, մեր բոլոր ջանքերը գործադրենք խաղաղութեան ու հաշտութեան առաքելութեան, որ, իր կարգին, մեզ կ'առաջնորդէ դէպի փայլուն ապագան:

Մենք որպէս քաղաքացիներ ու ղեկավարներ՝ պէտք է համախմբուինք ու միանանք այս ողբերգութեան դիմաց, որպէսզի վերջ տանք արիւնահոսութեան, ինչպէս նաեւ հաշտութեամբ ու միասնականութեան անվերապահ ոգիով ապաքինենք մեր հայրենիքին վէրքերը: Կարելի չէ իսկական անկախութիւն կերտել, եթէ պատերազմի ու բաժանումի սպառնալիքները շարունակուին մեր երկրին դէմ:

Մօտ անցեալին՝ «Նահատակաց» հրապարակը ականատես եղաւ այն պատմական հանդիպումին, ուր անխտիր հաւաքուեցան երկրին բոլոր ղեկավարները, ընդունելու համար Կարդինալ Աղաճանեանը, որ մեծ սիրով կոչ կ'ուղղէր լիբանանցիներուն միջեւ հաշտութեան ու միասնականութեան: Ան, իր նամակներուն եւ կեցուածքներուն մէջ, մարմնաւորեց երկխօսութեան ու միասնականութեան ոգին, գործեց ի նպաստ սրտերու մերձեցումին եւ ազգային գերագոյն շահերուն համար:

Հետեւաբար, այսօր աւելի քան երբեք, պէտք ունինք այս հոգեբանութեան ու առաքելութեան, որպէսզի ազգային միասնականութիւնը վերահաստատուի եւ յառաջ ընթանանք դէպի իրական հաշտութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահին բացակայութիւնը մեծ բաց վէրք մը կը ձգէ հայրենիքին սրտին մէջ, եւ մեծ խոչընդոտ մը կը ներկայացնէ կայուն ու բարգաւաճ յառաջընթացքին համար: Նախագահին ընտրութիւնը ոչ միայն սահմանադրական գործողութիւն է, այլ նաեւ ընդհանուր պատասխանատուութիւն է բոլոր անոնց համար, որոնք լաւ կը գիտակցին պետական հաստատութիւններու վերականգումին ու կայունութեան հաստատումին: Սահմանադրական կեանքը պետութեան ողնասիւնը կը կազմէ, եւ առանց անոր կարելի չէ երկիրը բարեփոխել ու վերականգնել:

Մեր հոգեւոր հանգամանքով՝ Մենք կոչ կ'ուղղենք բոլոր քաղաքական ոյժերուն, որ մէկդի դնեն իրենց հակասութիւնները եւ հաւատարմօրէն համագործակցին իրարու, որպէսզի ընտրեն այն նախագահը, որ կը մարմնաւորէ ազգային միասնականութիւնը եւ կը ջանայ կառավարել բոլոր լիբանանցիներուն բարիքին համար: Լիբանան կարիքն ունի ընդհանուր ազգային ղեկավարութեան մը, որ կը գործէ ներքին խաղաղութեան ու համերաշխութեան համար, ինչպէս նաեւ կը վերականգնէ պետական հաստատութիւնները եւ կը վերաշխուժացնէ անոնց դերը՝ ժողովուրդին բարօրութեան ու ծառայութեան համար:

Կարելի չէ Լիբանանի վերականգնումը առանց ազգային ոգիին, որ մեզի կը ներշնչէ ու մեզ կը մղէ ընդհանուր հաշտութեան՝ հեռու մնալով նեղ հաշիւներէն եւ անձնական շահերէն: Պէտք է սիրենք մեր երկիրը, բայց ո՛չ ժամանակաւոր կամ անձնական շահերու համար: Երբ բարձր դասենք Լիբանանի գերագոյն շահերը, այն ատեն կարելի է կերտել ապագան՝ նախկին սերունդներու զոհողութիւններուն ու յաջորդ սերունդներուն սպասումներուն համաձայն:

Այսօր աւելի քան երբեք, Լիբանան պէտք ունի այն ղեկավարներուն, որոնք մէկ սրտով ու մէկ հոգիով կ'աշխատին բոլորին բարիքին համար:

Տօնական այս վսեմ յիշատակին առիթով՝ կը վերյիշենք մեր մշակութային եւ ազգային խորհրդանիշ դէմքերը, ինչպէս Ֆէյրուզի, որ իր ձայնով մեզ միացուց բոլոր առիթներուն, ինչպէս նաեւ Պաալպէք քաղաքի, որ կը վկայէ այս հայրենիքին հնամեայ մշակոյթին ու գեղեցկութեան մասին:

Հետեւաբար, միասին գործե՛նք իբր լիբանանցիներ եւ միասնակամ ըլլա՛նք, որպէսզի կերտենք յուսալից ապագան, ինչպէս ալ մեր անկախութիւնը վերածենք ամէնօրեայ իրողութեան ու ապրումի մը, եւ ոչ միայն յիշատակ մը մնայ, զոր պարզապէս կը տօնենք ամէն տարի:

Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի սրտերն ու միտքերը միանան, եւ Լիբանան վերականգնէ իր փառքն ու ամբողջական անկախութիւնը, ինչպէս նաեւ հանդիսանայ խաղաղութեան հայրենիքը, ուր կը տիրէ արդարութիւնը եւ զայն կը հովուէ սէրը:

Շնորհաւոր ըլլա՛յ անկախութեան տօնը:

Կեցցէ՛ Լիբանան: Ապրի՛ մեր ժողովուրդը:

Տէրը պահէ՜ ու պահպանէ՜ մեր սիրելի երկիրը: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 10:39